Երէկ ծանր վիճակը շարունակուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ: Հըզպալլայի հրթիռային ուժերը ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քրիաթ Շմոնա բնակավայրը երեսուն հրթիռով ու ելեկտրական հոսանքը ընդհատուեցաւ ռմբակոծումէն ետք:
Իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Խիյամ գիւղը: Իսկ թնդանօթով ռմբակոծումի ենթարկուեցան Հուլա, Սլուքի, Ուատի Ալ Պայատ եւ Ալմա Ալ Շաապ: Ռմբակոծումի թիրախ դարձաւ բժշկական առաջին օգնութիւն ապահովող կեդրոն մը Հանին գիւղին մէջ ու զոհուեցան երկու ծառայողներ: