ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱԶԳԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՀԱՅՐª
ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ (1820-1907) – Ա. ՄԱՍ
Մկրտիչ Խրիմեան կը համարուի ԺԹ. դարու հայ իրականութեան ամենապայծառ դէմքերէն մէկը: Ժողովուրդին ուղղութիւն տուող հայրիկն էր ան: Հայ ժողովուրդը այնքան սիրեց եւ յարգեց զինք, որ իրեն տուաւ Հայրիկ տիտղոսը: Տիտղոս մը, որ քիչ մարդոց տրուած է մեր երախտագէտ ժողովուրդին կողմէ: Ան որպէս Վանի առաջնորդ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս, հասարակական-քաղաքական եւ հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող մեծ դեր ունեցաւ Հայ ժողովուրդի զարթօնքին մէջ:
Ծնած է Վանի մէջ եւ ուսումը ստացած է Վանայ Լիճի վրայ գտնուող Լիմ եւ Կտուց կղզիներու վանքերուն մէջ: Վարած է կրթական պաշտօններ Պոլիսի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Պոլիսի մէջ կը հրատարակէ ՙԱրծուի Վասպուրական՚ ամսագիրը: Ապա Պոլիսի պատրիարքի կոնդակով կը ստանձնէ Վասպուրական նշանաւոր Վարագայ վանքի վանահայրի պաշտօնը: Կը հիմնէ հոգեւոր ժառանգաւորաց վարժարան: 1860 թուականին կը մեկնի Երեւան, Թիֆլիս, Արցախ, Էջմիածին եւ Սիւնեաց աշխարհ: Ապա կը ստանձնէ Տարօնի առաջնորդի պաշտօնը: Կը կատարէ մեծ գործ նահանգին մէջ, հիմնելով հոգեւոր ժառանգաւորաց վարժարան եւ ՙԱրծուիկ Տարօնոյ՚ երկկշաբաթաթերթը, Գարեգին Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ:
Տեսնելով հայ գիւղացիին տառապանքը թուրք եւ քիւրտ անխիղճ աղաներու ձեռքին տակ, ան կը դիմէ ամէն միջոցիª թեթեւցնելու համար գիւղացիին բեռը, որ այնքան ծանր էր որ հազարաւորներ ձգելով ընտանիք եւ հող կը մեկնէին Պոլիսª դրամ շահելու, որպէսզի կարենան պետութեան կողմէ դրուած ծանր հարկը վճարել: Ընտանիքներ բաժնուած կը մնային երկար ժամանակ եւ այս մեծ աղէտ էր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Իր ՙՊապիկ եւ Թոռնիկ՚ երկը իրականութեան մէջ խիղճի ձայն մըն է անողոք եւ անողորմ մարդոց դէմ ուղղուած: Ան կը ներկայացնէ դժուար կեանքը գիւղացիին, որ կը ստիպուի ձգել ընտանիք եւ մեկնիլ Պոլիս կամ արտերկիրª աշխատելու համար: Ան նաեւ կանչ մըն է աչքի լոյսի պէս պահելու հողը հայրենի, որուն կորուստը ամենամեծ վտանգն էª ուղղուած հայուն: Այդ փաստուեցաւ, երբ դարձանք տարագիր Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Հողն է որ մեզի կու տայ աւիշը ապրելու եւ ծաղկելու որպէս հայ մեր պապենական հողին վրայ: Հայրենի հողին տուած աւիշը ուրիշ է:
Մկրտիչ Խրիմեանի նշանաւոր խօսքերէն է հետեւեալը, որ կ’ամփոփէ իր փիլիսոփայութիւնը. ՙԱյսպէս, Թոռնիկ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն. չթողուս որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշտակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս, երթաս ուրիշի դռներ վարձկան մշակ դառնաս:՚
ԱՍՏՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ՓԱՅԼԱԾՈՒ ՄՈԼՈՐԱԿԻՆ ԵՐԿԱԹԷ ՀԱՍՏ ՇԵՐՏԸ
ԱՄՆ-ի ՙՄերիլէնտ՚ համալսարանի խումբ մը հետազօտողներ նկատած են Փայլածու (Mercury) մոլորակի հաստ երկաթէ շերտը: Անոնք նկատած են, թէ Արեւուն մօտ ըլլալը իր ազդեցութիւնը ձգած է մոլորակի կազմին վրայ: Գիտնականները նկատած են, թէ Արեւու մագնիսկան դաշտը իր հզօր ազդեցութիւնը ունեցած է մոլորակին վրայ:
Մոլորակը որքան կը մօտենայ Արեւուն, ան այնքան աւելի կ’ազդուի մագնիսական դաշտէն եւ կ’ունենայ ներքին, մետաղէ հաստ շերտ: Որքան հեռանայ Արեւէն, այնքան աւելի թեթեւ ներքին մետաղէ շերտ կ’ունենայ:
Աղբիւրª ՙՍայընս Տէյլիs՚
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Ե.ՄԱՍ
Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որու մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Իսլամները իրենք զիրենք կը կոչեն ՙումմա՚ կամ համայնք: Այս համայնքը կը հետեւի Իսլամի օրէնքին ու ՙՔորան՚ի գրութեան: Իսլամիսթներու նպատակն է Իսլամի օրէնքը վերածել քաղաքականութեան ու Իսլամը փոխադրել կրօնքէն քաղաքական դաշտ, այսինքն կառավարել Իսլամի օրէնքով եւ ըստ ՙՔորան՚ի ցուցմունքին:
Իսլամ կրօնքը երեք ձեւ կ’որդեգրէ կրօնքի վարդապետութիւնը տարածելու եւ քաղաքական որոշումի մակարդակին հասցնելու համար: Առաջին ձեւն էª ՙԱլ հարաքա ալ սիյասիյյա՚ կամ քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ որդեգրել Իսլամը որպէս կենսաձեւ եւ ընտրութեամբ հասնիլ իշխանութեան: Երկրորդ ձեւն էª ՙԱլ տահուա՚ կամ կրօնքին միանալու հրաւէր: Այսինքն բարեսիրական միութիւններու աշխատանքին միջոցով եւ դասախօսութիւններով տարածել Իսլամի վարդապետութիւնը: Երրորդ ձեւն էª ՙԱլ ժիհատ՚ կամ կրօնքը տարածել գործածելով բռնութիւն ու կատարել ահաբեկչութիւն դէմ դնողներուն դէմ:
Այս ձեւերէն ամէն մէկը ունի իր հետեւորդները եւ աշխատանքի ձեւը: Այս պիտի ըլլայ մեր սերտողութեան նիւթը աւելի լաւ ճանչնալու համար Իսլամ կրօնքը:
ՙԻսլամականութիւն՚ կամ ՙislamisme՚ բառը առաջին ամգամ օգտագործուեցաւ ֆրանսերէնին մէջ ԺԸ. դարուն, ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ գրող Վոլթէրի կողմէ: Նոյն բառը օգտագործուեցաւ 1970-ական թուականներուն, երբ երեւցան առաջին քաղաքական իսլամի շարժումները: 1979 թուականին Իրանի մէջ շահին դէմ կազմակերպուած յեղափոխութիւնը առիթ էր որ ամերիկացիներ օգտագործեն ՙքաղաքական իսլամ՚ եզրը:
ՙGeopolitique Des Islamismes՚, Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
ՄԱԿԵՐԵՍԸ ԸՆԴԴԷՄ ԽՈՐՔԻ
Օրեր առաջ հանդիպեցայ մտաւորական բարեկամի մը, որ բաւական մեծ վերլուծող է: Խօսքի ընթացքին ան ինծի հաստատեց հետեւեալը.ՙՑաւ ի սիրտ կը յայտարարեմ, թէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեծամասնութիւնը դիւրութեամբ կը տարուի մակերեսային հարցերով եւ բնաւ չի մտածեր ուղեղ յոգնեցնել եւ հարցնել, թէ այդ դէպքը ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառով պատահեցաւ: Բնազանցական այսինքն առանց հարցումի իրականութիւնները ընդունիլ բաւական մտահոգիչ վարկած է: Մինչ տիալեքթիքան կամ քննարկումի միջոցով հարցերու լուծում գտնելը աւելի գիտական եւ հաստատ հիմերու վրայ կը դնէ հարցերու լուծումը:
Հայաստանի հանրապետութեան եւ արտերկրի մէջ կան խումբ մը հայեր, որոնք կը բաժնեն այն կարծիքը, թէ նոյնիսկ առանց թրքական չքմեղանքի կամ ներումի խնդրանքի, մենք պէտք է յարաբերութիւնները բնականոնացնենք Թուրքիոյ հետ: Բնազանցականօրէն ընդունի՞նք այս գաղափարը: Կարելի՞ է Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւն մշակել, երբ տակաւին չէ ընդունած իր գործած ոճիրը: Մինչեւ ե՞րբ պիտի կրենք այս ստորակայութեան բարդոյթը: Ժամը չէ հասա՞ծ, որ լրջօրէն քննարկենք մեր վիճակը որպէս հզօր ցեղի մը հպարտ զաւակները: Ժամը չէ հասա՞ծ որպէս արտերկրի հայեր արժանապատուօրէն ձեռնոց նետենք այն հարցերուն, որ կը դիմագրաւենք, մէկ առ մէկ: Մինչեւ ե՞րբ այն նիւթականէ եւ ՙգործնականութենէ՚ մղուած գործելաոճը: Հարցումներ, որոնց պատասխանը մենք պիտի տանք, երբ լրջօրէն եւ խմբովին քննարկենք մեր հարցերը եւ անոնց տանք ճշգրիտ պատասխաններ: Երբ ձերբազատուինք ստորակայութեան բարդոյթ կոչուած ախտէն, որ մեզի հետ բերած ենք օսմանեան պետութեան օրերէն: Կարծեմ ժամը հասած է կտրուկ քայլեր առնելու:
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ – Դ.ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Առաջին գաղթը դէպի Սուրիա տեղի ունեցաւ Ք.Ե. 539 թուականին, երբ պարսիկներու Խոսրով թագաւորը պատերազմեցաւ յոյներու դէմ: Ան գրաւեց Անտիոքը եւ Եդեսիան ու քրիստոնեայ գաղթականներ փոխադրեց իր գրաւած նոր սահմանները: Այս պատահեցաւ Քրիստափոր հայրապետին օրով: Շատ հաւանական է որ յունական բաժինին մէջ գտնուող հայեր, յոյն կառավարիչներու խստութենէն ձանձրացած, գաղթեցին պարսիկներու կողմը, այսպիսով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հաստատելով առաջին նկատառելի գաղթականութիւնը:
Երկրորդ գաղթի թուական կը յիշուի Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանինª 718-728 թուականներուն միջեւ: Ասորի պատմիչ մը կը գրէ, թէ այդ թուականներուն հայեր մտած են Սուրիա ու տիրացած են ասորիներու եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ գիւղերուն: Ասորիներու Մար Աթանաս Գ. պատրիարքը, որ սերտ կապեր ունէր Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսին հետ, կը նկատէ թէ եկող հայեր հայ եկեղեցականներու բացակայութեան կը միանան Քաղկեդոնական եկեղեցիին ու կաթողիկոսին նամակ կը գրէ, որպէսզի ուղարկէ հայ եկեղեցականներ այդ համայնքը հովուելու համար: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը երեք եպիսկոպոսներ կ’ուղարկէ Ասորիք եւ հիւսիսային Սուրիա այդ նպատակին համար: Ասորի պատրիարքը վանք մը յատկացուց հայ եւ ասորի աշակերտներու ուսում ջամբելու համար: Այդ աշակերտները ուսանեցան երկու լեզուները ու հայ ուսանողներ Ասորի եկեղեցւոյ հայրերու գիրքերը հայերէնի թարգմանեցին:
Աղբիւրª ՙՀայերը Լիբանանի Մէջ՚, Ս. Վարժապետեան, 1951
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ՍՏՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՈՒՂԵՂԻ ՔԱՐՏԷՍ
ԱՄՆ-ի ՙNIH/National Institute of Mental Health՚ գիտահետազօտական կեդրոնին մէջ խումբ մը մասնագէտներ կրցան, որպէս ստնաւոր անասուններու նմոյշ, գծել ուղեղի քարտէսը մուկի մը: Այս մէկը ամենամանրամասն քարտէսն է, որ պատրաստուած է ցարդ: Ան կը պարունակէ ուղեղի բջիջային համակարգին մաս կազմող 32 միլիոն բջիջներու մասին տեղեկութիւններ: Իւրաքանչիւրին դիրքը, պաշտօնը եւ յարաբերութիւնը ուրիշ բջիջներու համակարգին հետ:
Այս քարտէսը ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր բջիջներու համակարգի մէջ գտնուող ծիները, անոնց արտադրած բնասպիտը եւ այլ կարեւոր տեղեկութիւններ: Այս քարտէսը ապագային պիտի օգտագործուի մասնագէտներու կողմէ տարբեր ախտերու ախտաճանաչում եւ անոնց լուծում գտնելու համար: Ուրեմն, բաւական հսկայ քայլ մը ուղեղի համակարգի բացատրութեան համար:
Աղբիւրª https://www.sciencedaily.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Ե.ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը£ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը£
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւի, ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:
Պարի բովանդակութեան տեսակներն ենª 1) Առասպելական, 2) Դիւցազներգական, 3) Լիրիքական, 4) Պաշտամունքային, 5) Ճանապարհի, 6) Լարախաղացներու, 7) Աշխարհիկ, 8) Աշխատանքային, 9. Ռազմական, 10. Erishta, 11. Վերվերի, 12. Փափուռի, 13. Գորանի, 14. Շորոր (ճօճք), 15) Թամզարա (պար), 16) Աստուածածինի պար, 17) Լորքէ, 18) Ծաղկաձորի, 19) Թամուր աղա, 20) Էջմիածին, 21) Ֆնճան, 22) Թարս պար, 23) Լուտկի, 24) Երեք ոտք, 25) Շավալի, 26) Խոշ բիլազիգ, 27) Թռթռուկ, 28) Սրաբար, 29) Քոչարի, 30) Մըշու խըռ, 31) Քերծի, 32) Ռոստամ բազի, 33) Եարխուշտա, 34) Իշխանաց պար, 35) Ինը ոտք, 36) Տասներկու ոտք:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Հայրապետեան կը սերտէ ՙՈւզուն-դարա՚ ծիսական պարը: Հայկական պարարուեստի մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունին ծիսական պարերը: Հայկական ծիսական պարը կը կրէ Հայ ժողովուրդի արեապաշտական գաղափարախօսական ոգին: Պարը կը դառնայ միջոց, կը դառնայ լեզու եւ խօսք, որուն միջոցով ազգի սերունդին կը փոխանցուի հիմնական գաղափարը, իմաստութիւնը: Ծիսական պարերու միջոցով կապ կը հաստատուի հայոց արեւապաշտական գաղափարախօսական խորհրդանիշերու եւ զանոնք կրողին միջեւ:
Ուզուն Դարա պարը հայ ժողովրդական ծիսական պարերէն է, որու պարային երաժշտութիւնը վերականգնեց Ալեքսանտր Սպենդիարեանը: Պարի կատարման շարժումներու առանձնայատկութիւնները, արտայայտած գաղափարը, պարի պատմութիւնը կը տանի հայոց մշակոյթի նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջան: Ժամանակակից աւանդապատումներուն մէջ կը նշուի, որ Ուզուն Դարա պարը պահպանուած է Զանգեզուրի լեռնային աշխարհին մէջ: Ամենայն հաւանականութեամբ, պարի պահպանման վայրը կրնայ ըլլալ Սիւնեաց լեռնաշխարհը: Ըստ վիպասան Մուրացանի, ՙԽորհրդաւոր միանձնուհի՚ վիպակին, Ուզուն-Դարաª երկայն ձոր, լեռնաշղթան, կը ներկայացուի որպէս երկայնաձիգ լեռնաշղթայ, որ երբեմն ուղղաձիգ է, երբեմն աջ եւ ձախ խոտորուած:
(Շարունակելի)
Աղբիւրª ՙՈւիքիփետիա՚
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ՈՒԻՆՏՈԶԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Եթէ կ’ուզէք ծրագիրներ, որոնք կ’աշխատին առանց ՙinstall՚ ընելու, ուրեմն դուք պէտք ունիք այս ծրագիրներուն, որ կրնաք դնել ձեր տիսքին վրայ եւ աշխատցնել առանց ՙinstall՚ի, միայն վրան սեղմելով: Շարունակենք սերտել այդ ծրագիրները:
Այդ ծրագիրներէն մէկն է ՙBlender Portable՚ը, որ ձեւաւորումի (3D graphics software) լաւ ծրագիր է: Այս ծրագիրը բաւական յաջող է եւ մեզի կու տայ ձեւաւորումի ծրագրի մը բաւական կարեւոր յատկանիշերը:
Աղբիւրª ՙwww.makeuseof.com՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ