ՙԱրի Արարատ հուպ տուր…՚
Այս տղաքը պատանեկան տարիներուն իմ հերոսներէն էին: Վերջապէս, իւրաքանչիւր պատանի-երիտասարդ կ՛ուզէ ունենալ հերոսներ, որոնք կու տան ներշնչում` կեանքի մէջ մեծնալու ժամանակահատուածին մէջ: ՙԱրարատ 73՚-ի տղաքը, այս իմաստով, իմ հերոսներէն էին: Անոնք եթէ մէկ կողմէ հերոս էին իրենց ֆութպոլի խաղաոճի մեծ տաղանդի եւ կարողականութիւններուն համար, բայց նաեւ աւելին: Անոնք դարձած էին ինծի համար հերոսներ, որոնք սրսկեցին իմ պատանեկան տարիներուն Ազգայինի եւ անոր հասկացողութեան գիտակցութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ այդ բոլորին նկատմամբ Հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը հայուն, հայրենիքին եւ անոր մշակոյթին: Եթէ մէկ կողմէ կը քաջալերուէի երբ Պէյրութ կու գային, բայց նաեւ առիթը ունեցայ իրենց մրցումներուն ներկայ ըլլալ Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին մէջ: Եւ հոն, ես ալ հայրենի ժողովուրդին հետ կը միանայի քաջալերական բացագանչութիւններուն: ՙԱրի Արարատ հուպ տուր՚: Եւ այս տղաքը տարիներու վրայ երկարած ՙհուպ՚ տուին: Եթէ հուպերուն կը յաջորդէր կոլերը, բայց իւրաքանչիւր կոլին հետ անոնք իմ կեանքի մէջ կը դնէին եւ կ՛աւելցնէին մէկ նոր հունտ մը` ազգային ինքնութեան եւ անոր հպարտութեան մէջէն:
Այս հերոս` ՙլեգենդար՚ տղոցմէ մի քանիները արդէն մեկնեցան իրենց երկրային կեանքէն: Բայց լսելի է տակաւին իմ-մեր քաջալերական բացագանչութիւնները: ՙԱրի Արարատ հուպ տուր…՚: Եթէ ՙԱրարատ 73՚-ի այս հերոս տղաքը, այսօր, Հրազդանի եւ այլ մարզադաշտերու մէջ չեն, բայց անոնք կը յիշեցնեն մեզի, թէ ՙհուպ՚ տալէ չեն դադրած…: Բայց մանաւանդ կը յիշեցնեն, որ մենք բոլորս որպէս հայ ժողովուրդ պէտք է ՙհուպ՚ տանք: Հուպ տանք մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային ու հայրենի կեանքերուն մէջ նոր ՙկոլեր՚ նշանակելու համար: Հուպ տանք նոր ոստումի, նոր կամքի եւ նոր Յոյսի, իմա` նոր եւ նորոգուած ՙհուպերու՚: Հուպեր, որ պիտի նորոգեն եւ վերանորոգեն, շինեն ու վերաշինեն մեզ: Նոր Հայը…:
Քրիստոսի ծնունդը կ՛իմաստաւորուի ճիշդ այս իրականութեան մէջէն: Յիսուս աշխարհ եկաւ ՙՆոր Կեանք՚-ը պարգեւելու համար մարդկութեան եւ նաեւ հայուն: Ան աշխարհ եկաւ եւ իր ստեղծած նոր կեանքով նոր ՙհուպ՚ տուաւ եւ կը շարունակէ տալ մարդկութեան: Հուպ մը, որ կու տայ արժէք: Արժէքը կեանքի, հայրենիքի եւ մարդուն: Արժէքը հայուն եւ անոր ապրելու գրաւականին:
2023 տարին մեզի` հայուն համար եղաւ շատ ԴԺՈՒԱՐ: Տարի մը անցուցինք, ուր տեսանք զրկանք, մահ եւ կորսնցուցինք հայրենիքէն մաս մը ու արժէք: Վիրաւոր վիճակի մէջ ենք` հոգիով, սրտով, արժանապատուութեամբ, եւ մեր հպարտութիւնըª ճզմուած: Պիտի մնա՞նք այս ՙդժուար՚ վիճակին մէջ, թէ՞ պիտի ուզենք նոր ՙհուպ՚ տալ մեր կեանքերուն:
ՙԱրարատ 73՚-ի հերոս տղաքը մեզի սորվեցուցին, թէ արժէ հաւատալ հուպերուն եւ անոր ստեղծած արժէքներուն: Արժէ որ շարունակենք սորվիլ եւ հաւատալ, թէ կրնանք նոր ՙհուպ՚ տալ մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքերուն:
ՙԱրի Արարատ հուպ տուր՚
Բայց անպայմանօրէն…
ՙԱրի հայ ժողովուրդ հուպ տուր՚
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի եւ մեր բոլորին մեծ Աւետիս: Եւ Աւետիսը` Քրիստոսի նոր կեանքի շնորհած ՙհուպ՚ն է: Այն հուպը, որ մեզ բոլորս դուրս կրնայ հանել մեր դժուար օրերուն մէջէն:
Արի բոլորս` հայեր` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, հուպ տանք:
Եւ նոր ԿԵԱՆՔԸ շինենք: Հայուն Նոր Կեանքը…:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա