Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԵԱՆ ԸՆԾԱՆԵՐ

January 5, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ԵՐԿՐՊԱԳՈՒԹԵԱՆ ԸՆԾԱՆԵՐ

 

 

ՙՏունը մտնելով` տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր…՚ Մատթ. 2.11

 

Կեանքը կը ճանչցուի որպէս պարգեւ, շնորհուած Տէր Աստուծմէ: Այս վեհ ըմբռնումով, մարդկային կեանքին մէջ տեղ կը գտնեն նուիրաբերման հարուստ կեցուածքներն ու արարքները: Բոլոր տեսակի նուէրները, նուիրաբերումը եւ նուիրուածութիւնը, իրենց հոգեւոր պարունակին մէջ, կը ներկայացնեն վեհանձնութեան բարձրագոյն աստիճանը: Աստուծոյ արարչական ու փրկագործութեան շնորհն է բանալին այդ բոլորին, կեդրոնացած Յիսուս Քրիստոսի մէջ:

Տալն ու տրուիլը, եթէ ըլլան պարտադրուած, կը կորսնցնեն իրենց նուիրական իմաստը:  Նուէրներու փոխանակումը, եթէ պայմանաւորուած ըլլայ աշխարհիկ շահով կամ ականկալութեամբ, կ՛իմաստազրկուի: Ստանալու նոյնիսկ անմեղ փափաքը, առանց տալու եւ տրուելու կոչումին կը սնանկացնէ մարդու հոգին:

Տէր Յիսուսի ծննդեան առիթով կը պատմուի արեւելեան կողմերէն հասած մոգերու այցելութեան մասին, նամանաւանդ անոնց երկրպագող կեցուածքին մասին, ինչպէս կը կարդացուի Մատթէոսի Աւետարանին մէջ: Ամէն բարիք սկիզբ կ՛առնէ հոգիի ճիշդ կեցուածքէն: Երկրպագութեան հոգիին կը յաջորդէ մոգերու ունեցած գանձը բանալն ու Յիսուս Մանուկին երեք տեսակի ընծաներ ներկայացնելը:

Ոսկին կը խորհրդանշէ Քրիստոսի իշխանութիւնն ու թագաւորութիւնը մեր աշխարհին վրայ:  Քրիստոսի իշխանութիւնը իրական պիտի ըլլայ մեր կեանքի բոլոր ծալքերուն ու մարզերուն մէջ, անձնական, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ աւելին: Մենք պիտի խոնարհինք Անոր առջեւ մեր խօսքերով, կեցուածքներով, չափանիշերով եւ ունակութիւններով: Կնդրուկը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի աստուածութեան վեհութիւնը երկինքի մէջ: Փրկիչը որ կը ծնի համեստ պայմաններու մէջ, կը ստանայ աշխարհի բարձր ընծաները, որովհետեւ Անոր էութիւնը երկնային է, յաւիտենական է, եւ երկինք ու երկիր միաժամանակ պիտի երկրպագեն Անոր: Մենք, շնորհակալ սրտով, պիտի կանգնինք Անոր վեհութեան առջեւ խոր ակնածանքով ու անսահման հիացմունքով: Զմուռսը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի զոհաբերութիւնն ու մարմնական մահը: Երկնային թագաւորը չի մարմնանար ձեւակերպութեան կամ ցուցադրութեան սիրոյն, հապա խոնարհաբար կը մարմնանայ, կը մատնուի, կը չարչարուի, խաչը կը բարձրանայ, որպէսզի մարդը փրկէ իր մեղքի բնօրրանին մէջ, յուսահատը իր տան այցելութեան մէջ, հիւանդն ու տնանկը իրենց ցաւին մէջ, զրկուածը իր առանձնարանին մէջ, նոյնիսկ գոհունակը իր ժամանակաւոր ուրախութեան մէջ:

Մոգերուն ընծաները օրինակ պիտի ծառայեն մեզի եւս:

Մեր օրերուն մէջ, միտք կը բերենք բոլոր անոնք, որոնք բնականոն մարմնական ու ընկերային կեանքի, պատմական հողի, հայրենի պատիւի, հանգիստի, խաղաղութեան, ազատութեան, կամ արդար իրաւունքի զրկանքին մէջ կը նշեն Փրկիչ ու Ազատարար Յիսուսի ծնունդը, մինչ կը խլուի իրենցմէ իսկական ընծաներու ուրախութիւնը: Արցախի մեր հայրենակիցները զրկուած են իրենց պատմական հողէն եւ իրենց հոգիներու այնքան հարազատ կեանքէն: Հայ աշխարհը կարօտ կը մնայ ապագայի կայունութեան երաշխիքի, Պաղեստինն ու միջինարեւելեան ժողովուրդները հեռու կը մնան խաղաղութեան արդար պայմաններէն, իսկ Լիբանանը կը տենչայ գտնել իր հաւասարակշռութիւնը:

Ուստի մենք ունինք քրիստոնէական կոչում Փրկչին ծնունդը նշելու նուիրաբերութեան հոգիով ու գործերով: Ի՞նչ ընծաներ պիտի ուզենք վայելել, եւ ի՞նչ ընծաներ պիտի ուզենք սիրայօժար կերպով նուիրաբերել:

Տէր Յիսուսի ծնունդը երբ կը նշենք, եկէք քննենք թէ մեր նուիրաբերումը ո՞ւր կը կանգնի այսօր: Ի՞նչ ընծայ պիտի բերենք մեր Փրկչին, ի՞նչպիսի հաւատքով, աղօթքով կամ վկայութիւնով: Ի՞նչպիսի սիրոյ ընծաներ պիտի բաշխենք մեր հարազատներուն, ի՞նչպիսի համբերութեամբ, ներողամտութեամբ կամ ընկերակցութեամբ: Ի՞նչպիսի ընծաներ պիտի տանինք մեր հայրենիքին, ի՞նչ կերպով տէր պիտի կանգնինք մեր պատմութեան, հողին, պետականութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն: Եւ վերջապէս, ի՞նչպիսի նուիրուածութեամբ եւ յուսադրիչ ծրագրումով պիտի շարունակենք զարգացնել Սփիւռքի հնարաւորութիւնները, միաժամանակ տեղական մեր շրջանակներուն մէջ բարձր պահելով հայու պատիւն ու բարի անունը:

Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, նոյն Քրիստոսը որուն տունը կը մտնենք երկրպագութեամբ հոգեւոր ընծաներ մատուցանելու, Ի՛նք է իսկական պարգեւը, շնորհելով մեզի այն սէրը, որ կը բանայ յաւիտենական կեանքի դռները: Իսկ մեր բոլոր պարգեւները պիտի բխին Անկէ: Տանք ու տրուինք Իր սիրոյն:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ:

 

Վերապատուելի ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ

ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահի Տեղապահ

 

Share65Tweet41
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Next Post

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԲԱՑԻԿ

Next Post
ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԲԱՑԻԿ

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԲԱՑԻԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.