Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՏՕՆԱԿԱՆ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ՚ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

January 4, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՙՏՕՆԱԿԱՆ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ՚ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

 

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին հովանաւորութեամբ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերին Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ ՙԶմմառու Վերափոխեալ՚ մայրավանքին մեծաւոր Գերպծ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեանի նախագահութեամբ, եւ ՙՍուրբ Փրկիչ՚ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան ՙՍուրբ Ներսէս Լամբրոնացի՚ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբª Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2023, երեկոյեան ժամը 8-ին, ՙՍուրբ Փրկիչ՚ եկեղեցիին կառուցման 70-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ՙՏօնական Ղօղանջներ՚ խորագրով Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի համերգը, Պուրճ Համմուտի ՙՅովհաննէս Պօղոսեան՚ թատերասրահին մէջ:

Ներկայ էին ժողովրդապետըª Գերյ. Հ. Մեսրոպ Ծ.Վ. Թոփալեան, փոխժողովրդապետներըª Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան ու Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժի, ինչպէս նաեւ այլ հոգեւորականներ, անձնաւորութիւններ, կրթական, հասարակական ու միութենական պատասխանատուներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Մարալ Հարպոյեան, որ անդրադարձաւ մշակոյթին կարեւորութեանª զայն նկատելով կարեւոր զէնք մըª պահպանելու համար հայ ազգը եւ լեզուն: Ան նշեց մշակոյթին հիմնական գործօնները, որոնք անհրաժեշտ են մեր ժողովուրդին պահպանումին ու զարգացումին համար: Ապա, հակիրճ ներկայացում մը կատարեց ժողովրդապետ Հօր առաջնորդութեամբ նորակազմ ՙՍուրբ Ներսէս Լամբրոնացի՚ մշակութային միութեան առաքելութեան մասին:

Այնուհետեւ, տօնական մթնոլորտի մէջ, ոգեշնչող ներկայացումներ կատարեցին պատուոյ հիւր երգիչներըª Կասիա Շատարեւեան, սոփրանօ Գլարա Ալիխանեան, թենոր Ճոնի Կէօքճեան եւ Ղազար Քէօշկէրեան: Անոնց յաջորդեց ելոյթը Հ.Կ. Մեսրոպեան բարձրագոյն ձարժարանի ՙՇուշի՚ պարախումբինª պարուսոյց ունենալով Աւօ Գարաքէշիշեան:

Ապա, փարթամ յայտագիրով եւ Նշան Մարաշլեանի ղեկավարութեամբª ՙՍ. Փրկիչ՚ եկեղեցիին ՙԱրծիւեան՚ երգչախումբը փունջ մը տօնական ու հոգեւոր երգեր ներկայացուցª արժանանալով հանդիսականներուն գնահատական ծափողջոյններուն:

Գեղարուեստական ներկայացումներէն ետք, Հ. Սահակ Վրդ. Քէշիշեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ձեռնարկին մասնակցողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին անոր կազմակերպութեան: Ան նաեւ ծաղկեփունջեր նուիրեց Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանինª անոր 40- ամեայ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ հիւր երգիչներուն, արուեստագէտներուն եւ դաշնակահարներ Վերոնա Ռուսեալեանին, Անթոնի Ղազալին եւ Ժորժ Լեւոնեանին:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Գերպծ. Հ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան, որ բարձր արժեւորեց գեղարուեստական ներկայացումները եւ անդրադարձաւ Պուրճ Համմուտի հայաւանին մէջ ՙՍուրբ Փրկիչ՚ ժողովրդապետութեան 70-ամեայ յատուկ առաքելութեանª զայն համարելով այն համեստ քարայրը, որ միշտ լոյս սփռած է շրջանի հայ ժողովուրդին: Մեծաւոր Հայրը կոչ ուղղեց բծախնդիր եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ գործելու ժողովրդապետութենէն ներս: Իր խօսքին մէջ ան յիշեց ՙԱրծիւեան՚ երգչախումբին գործունէութիւնը աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին: Ապա, ան փակեց հանդիսութիւնը ՙՊահպանիչ՚-ով եւ ՙՀայր մեր՚-ի երգեցողութեամբ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ

Next Post

ԵՐԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀ

Next Post

ԵՐԵՐՈՒՆ ԱՇԽԱՐՀ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.