ԾԻՐԱՆԱՒՈՐ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ
ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարկառուն հոգեւորականներէն մին եղաւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը: Եւ ոչ միայն հայաշխարհին մէջ, այլեւ` միջազգային մակարդակներու վրայ բացառիկ հեղինակութիւն վայելեց ան:
2019-ին, Հայ Կաթողիկէ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. խնդրած էր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն մարմինին` Ծիրանաւոր Աղաճանեանը երանացնելու: Խնդրանքին ընդառաջումէն ետք գործընթացը սկսած էր, բայց ան կը վախճանէր իր նպատակին չհասած: Իր վախճանումէն ետք, այս խնդրանքը հետապնդեց զինք յաջորդած Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ը: 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, երանացման եւ ապա սրբադասման դատին բացման մեծաշուք արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ, ծիրանաւորներու, բարձրաստիճան կղերականներու, եպիսկոպոսներու, դեսպաններու ներկայութեան:
Այս ուշագրաւ իրադարձութիւնը, խթան հանդիսացած է, որ ազգային-հասարակական գործիչ, խմբագիր Սարգիս Նաճարեան հակիրճ կերպով հանրութեան ներկայացնէ Ծիրանաւոր Աղաճանեանի կեանքի եւ գործունէութեան ուղին, անոր վաստակն ու կշիռը` համաշխարհային առումով: 2023-ին լոյս տեսած գրքոյկը վերնագրուած է ՙՏանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Երանացման Ճանապարհին՚: Գրքոյկը կը բաղկանայ 64 էջերէ: Յառաջաբանին մէջ ան կը գրէ` ՙԱմենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ քաջալերանքով եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան աջակցութեամբ լոյս տեսնող այս գրքոյկը թող ըլլայ համեստ վկայութիւն մը Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատին՚: Ապա տրուած է աղօթք մը այս խորհրդաւոր իրադարձութեան նուիրուած: Ինչպիսի՛ նշանաբանով ապրած եւ գործած է Աղաճանեան, կը կարդանք` ՙՊատիւն ու փառքը` Աստուծոյ, մխիթարութիւնը` Ազգիս, իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միա՛յն խաչը` ինծի՚:
Այնուհետեւ, 21 գլուխներու ընդմէջէն, կարելի կþըլլայ ընդհանուր գիծերով ծանօթանալ Ծիրանաւոր Աղաճանեանին: Հեղինակը, ինն տարեկան դեռ մանուկ, տեսած է զինք եւ տպաւորուած անոր պատկառազդու հմայքէն եւ… ՙԱյսօր, եօթը տասնեակ տարիներ ետք կը զգամ այդ այնքան համակրելի ժպտադէմ ՙմեծ մարդուն՚, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պետին աջը համբուրելու եւ պատարագին սպասարկելու բախտաւորութեան ուրախութիւնը՚: Թէ ինչպիսի՛ ՙԱստուծոյ ծառայ՚ եւ ՙԽաղաղութեան առաքեալ՚ մը եղաւ Ծիրանաւորը եւ ինչպիսի՛ ազգային ոգիով տոգորուած էր ան` կը կարդանք յաջորդող էջերուն մէջ ՙԿարդինալ Աղաճանեան ինքզինքին եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ տեսաւ ՙբեկոր մը Հայաստանի՚՚: Ուշագրաւ են այն արագօրէն տրուած փաստերը, որոնք կը վերաբերին Աղաճանեանի դերին բովանդակ տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ, յատկապէս Պօղոս Զ. Պապէն մէջբերուած խօսքերը: Կենսագրական գիծերով կþիմանանք, թէ 18 Սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխայի մէջ ծնած փոքրիկն Ղազարոսի բարեպաշտ մայրը ի՞նչ խնդրած է Աստուծմէ: 1906-ին Հռոմ որպէս սան ուղարկուած այդ պատանին չորս տասնամեակներ ետք պիտի դառնար կաթողիկէ աշխարհի ամենափայլուն դէմքերէն մէկը: Կը ձեռնադրուի քահանայ` վերակոչուելով Ֆրանչիսկոս. հոգեւոր առաքելութեամբ կþուղարկուի Կովկաս: Անկէ ետք` Լեւոնեան ճեմարանի մեծաւոր, եւ ապա` Զմմառ: 1935-ին կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս: 26 Հոկտեմբեր 1937-ին կը վախճանէր Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ 30 Նոյեմբերին Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը իր առաջին նիստին եւ առաջին իսկ քուէարկութեամբ Աղաճանեան Գերապայծառը կþընտրէր Արփիարեանի յաջորդը եւ ան կը ստանար Գրիգոր Պետրոս անունը:
1938-ին բուռն իրադարձութիւններ կը պատահէին միջազգային եւ շրջանային առումներով: Սուրիապատկան Իսկէնտէրունի նահանգը (սանճաք), ֆրանսական գաղութարար իշխանութիւնները կը յանձնէին Թուրքիոյ: Ծիրանաւոր Աղաճանեան կը հասնի Փարիզ եւ ֆրանսական իշխանութիւններու հետ բանակցութիւններէ յետոյ կը յաջողի այդ շրջանի հայութեան Լիբանան եւ Սուրիա տեղափոխութիւնը ապահովել: Եւ մանաւանդ փրկել Քեսապը, որ ի վերջոյ պիտի մնար Սուրիոյ: Սա պատմական իրագործում մըն էր, որուն մասին կը գրէ նաեւ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Ճուրեան: Անկէ ետք շինարարական բեղուն աշխատանք, հոգեւոր եւ հովուապետական արգասաբեր ծառայութիւն, մամուլ, կրթական աշխատանք, յուշակոթողներ, այցելութիւն կաթողկէ թեմերու (Հալէպ, Ճեզիրէ, Երուսաղէմ, Ամման, Պաղտատ, Եգիպտոս, Թեհրան, Դամասկոս, Քեսապ, Պոլիս, Յունաստան): Ապա` 1946-ին կը նշանակուի Կարդինալ, որ լայն արձագանգ կը գտնէ միջազգային մամուլին մէջ: Սա աննախընթաց յաջողութիւն էր հայութեան համար: Հռոմի մէջ կը ստանձնէ բարձրագոյն պաշտօններ: Արդէն միջազգային հեղինակութեան կարգավիճակով կը շրջագայի բազմաթիւ երկիրներ, կը մասնակցի համաժողովներու, եկեղեցական բարձրամակարդակ հանդիպումներու, միջքրիստոնէական երկխօսութիւններու: Ամէնուրեք կþարժանանայ գերազանց դրուատիքներու: Այս գերծանրաբեռնուած իրողութեան ի տես հարկադրուած կը հրաժարի Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական աթոռէն: 1958-ին Պիոս ԺԲ. Պապին վախճանումէն ետք Հռոմի պապի նախընտրեալ թեկնածուն կը դառնայ Աղաճանեան: Աւելի ուշ, յաջորդ պապի ընտրութեան (19 Յունիս 1963), համարեա պապ ընտրուած էր Աղաճանեան եւ էջ 56-ին մէջ կը կարդանք` ՙԱշխարհ դեռ պատրաստ չէ ոչ-իտալացի Պապ ունենալու՚…: 8 Մայիս 1970-ին, տեղի կþունենայ պատմական դէպք մը` երբ Պօղոս Զ. Պապն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինը կը հանդիպին իրարու հետ, հոն է նաեւ Կարդինալ Աղաճանեանը: Ան կը վախճանի 16 Մայիս 1971-ին:
Գրքոյկի ետեւի կողքին վրայ կը կարդանք Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի մէկ վկայութիւնը, գրուած ՙԱւետիք՚ի մէջ, 1993-ին. ՙԿեանքին սրբութիւնը, նկարագրի քաղցրութիւնն ու գիտական բազմակողմանի հմտութիւնը, Հռոմի ժողովուրդին մօտ ստեղծեցին այն համոզումը թէ ան, 1963-ի քահանայապետական գաղտնի ընտրաժողովին, Պապ ընտրուած էր, բայց զայն մերժած էր, ինքզինք անարժան զգալով:
Լիբանանի Եկեղեցին եւ Քաղաքականութիւնը պիտի յիշեն անոր մատուցած բարձր ծառայութիւնները ի սպաս այս երկրին՚:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ