Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕԳՆԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

December 22, 2023
in Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕԳՆԵԼ ԵՐԵՒԱՆԻՆ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ ու քննարկեց երկկողմանի համագործակցութեան զանազան թղթածրարներ, պայմանաւորուածութիւններու իրականացումի ընթացքը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրները: Փաշինեան եւ Ռայիսի մասնաւորաբար արծարծեցին տարածաշրջանային ՙ3+3՚ ձեւաչափով հարթակի աշխատանքներըª ներառեալ Թեհրանի մէջ կայացած ժողովը, զայն համարելով դրական:

Հայաստանի վարչապետը ընդունեց Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորթ Էրոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ժողովականները քննարկեցին տարածաշրջանային իրավիճակին վերաբերող հարցերը, մանաւանդ տեւական խաղաղութեան հնարաւորութիւնները, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումի հոլովոյթն ու շրջանային վերջին զարգացումները: Փաշինեան ներկայացուց բանակցութիւններուն վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումներըª ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի սկզբունքները: Զրուցակիցները արծարծեցին Հայաստան բռնի տեղափոխուած արցախցիներուն վիճակը, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ անոնց տրամադրուող օգնութիւնները, եւ ընդգծեցին այս հարցով Երեւանին միջազգային աջակցութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:

Էրոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ եւ անկէ ծանօթացաւ Երեւանի ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախաձեռնութեան մանրամասնութիւններուն:

Միջազգային ճգնաժամային խումբի պատուիրակութիւնը սահմանը դիտարկող եւրոպացի դէտերուն ընկերակցութեամբ այցելեց Ատրպէյճանի հետ սահմանային գօտի: Քոմֆորթ Էրօ զարմանք յայտնեց, թէ սահմանային մարտական դիրքերը որքան մօտ են քաղաքացիական բնակավայրերուն: Ան երկու կողմերուն կոչ ուղղեց վերականգնելու խաղաղ բանակցութիւնները եւ քննարկելու սահմանազատումի թղթածրարը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒՄ

Next Post

ՙՊԱՔՈՒ ԽՕՍՔԵՐԷ ՊԷՏՔ Է ԱՆՑՆԻ ԳՈՐԾԻ՚

Next Post
ՙՊԱՔՈՒ ԽՕՍՔԵՐԷ ՊԷՏՔ Է ԱՆՑՆԻ ԳՈՐԾԻ՚

ՙՊԱՔՈՒ ԽՕՍՔԵՐԷ ՊԷՏՔ Է ԱՆՑՆԻ ԳՈՐԾԻ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.