Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԶԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱԳԼՑՈՒՄԻ ՄԻՋԵՒ

December 22, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԿԱԶԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱԳԼՑՈՒՄԻ ՄԻՋԵՒ

Մինչ Կազայի մէջ զէնքերը չեն լռած, այլ բախումներն ու ռմբակոծութիւնը նոյն ուժգնութեամբ կը շարունակուինª խլելով յաւելեալ կեանքեր եւ պատճառելով նիւթական ահաւոր վնաս, երէկ շշուկներ տարածուեցան հաւանական զինադադարի վերաբերեալ նախնական քննարկումներու մասին: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ապահովական կառավարութիւնը կը քննարկէ երկարատեւ զինադադար յայտարարելու հնարաւորութիւնըª որպէսզի Համաս առիթ ունենայ մէկտեղելու բոլոր գերիները: Բանակցային առումով կ’աշխուժանայ մանաւանդ Գահիրէն, որ կը հիւրընկալէ պաղեստինեան ուժերու ներկայացուցիչներըª բիւրեղացնելու համար զինադադարի առաջարկներն ու պայմանները: Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիա երէկ հասաւ Գահիրէª ՙեգիպտացիներուն հետ քննարկելու Կազայի դրութիւնը, պատերազմի զարգացումները, իսրայէլեան ոճիրները եւ շարք մը այլ թղթածրարներ՚, ինչպէս նշուեցաւ շարժումին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Միաժամանակ յայտարարուեցաւ, որ Եգիպտոս պիտի մեկնի նաեւ Ժիհատ շարժումէն պատուիրակութիւն մըª Կազայի պատերազմին վերջ տալու եւ գերիներու փոխանակումին պայմանները քննարկելու համար:

Զինադադարի սպասումով, սակայն, իսրայէլեան ծանր յարձակումները շարունակուեցան Կազայի զանազան շրջաններու մէջ, մինչ իսրայէլացի պաշտօնատարներ նշեցին, որ պիտի թիրախաւորեն Կազայի նորանոր շրջաններ:

Արաբական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի հարաւային Ռաֆահ շրջանին մէջ ռմբակոծած են մզկիթ մը, որ կը գտնուի քուէյթեան հիւանդանոցին մերձակայքըª պատճառելով վիրաւորներ եւ ծանր վնասներ: Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ շուրջ 70 զոհի մարմին գտնուած է Կազա քաղաքի Թելեթինի շրջանէնª իսրայէլեան ուժերու նահանջէն ետք:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ ընթացող մարտերուն ընթացքին մահացած է ՙՂաֆաաթի՚ գումարտակի բարձրաստիճան սպաներէն մէկը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ՍՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Next Post

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄ ՏՕՆԵՐԷՆ ԵՏՔ

Next Post
ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄ ՏՕՆԵՐԷՆ ԵՏՔ

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄ ՏՕՆԵՐԷՆ ԵՏՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.