Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ՍՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

December 22, 2023
in Գաղութային
0
ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ՍՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՙԱրմէն-Գարօ՚ի եւ ՙՀամազգային՚ի, Փարիզի ՙՀայ Մշակոյթի Տան՚ մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի երկրորդ երեկոյª կատարողութեամբ լիբանանահայ ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի:

Հայ բանաստեղծական ծաղկեփունջի ներկայացման երեկոյին ներկայ էին կուսակցական եւ միութենական ղեկավար եւ ականաւոր անձնաւորութիւններ: Ասմունքի ընթացքին, Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ներկայացուց արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծներու գոհարներէն, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին:

Կարգ մը ասմունքներու հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ վաստակաւոր եւ տաղանդաշատ դաշնակահարուհի Սոնա Գրիգորեանը իր հրաշալի կատարողութեամբ:

Երեկոյի աւարտին ներկաները իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը յայտնեցին տիկին Եփրեմեանին, շեշտելով օտար ափերուն մէջ հայաբոյր ու հայաշունչ միջոցառումներու ծարաւն ու անհրաժեշտութիւնը:

 

***

Փարիզ այցելութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 12 Դետեմբերին, Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան այցելեց նաեւ Դպրոցասէր վարժարանը, որ հիմնուած է 1879-ին, Պոլսոյ մէջ, նպատակ ունենալով հայ ուսուցչուհիներ պատրաստել: Այսօր վարժարանը կը գտնուի Փարիզի մէջ, ունի մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ դասարաններ, հոն կը յաճախեն մեծ թիւով հայ աշակերտներ: Դպրոցը ունի մասնագիտացած ուսուցչական կազմ, ղեկավարութեամբ տնօրէն Հայկ Սարգիսեանի: Դպրոցասէր վարժարանը իր այցելուներուն մօտ մեծ տպաւորութիւն կը թողու իր շրջափակին մէջ գտնուող հայկական երեք խաչքարերով:

Միջնակարգ դասարաններու հայոց լեզուի ուսուցչուհի Տիկ. Նորա Պարութճեան դիմաւորեց Անի Եփրեմեանը եւ առաջնորդեց Դպրոցասէր վարժարանէն ներս, ուր կարելի չէ չզգալ հայկական շունչն ու ոգին: Հայերէնի ուսուցչուհին ամէն ջանք կը թափէ, որ մեծամասնութեամբ Ֆրանսա ծնած այդ հայ աշակերտները հաղորդակցին հայոց լեզուին ու գրականութեան, մշակոյթին ու արուեստին հետ:

Տիկ. Եփրեմեան 8-րդ եւ 9-րդ կարգի աշակերտներուն ասմունքեց, այնուհետեւ խօսեցաւ բանաստեղծութիւններու մասին, բացատրեց բանաստեղծական ոճն ու անոր տպաւորիչ նրբութիւնները, բանաստեղծութիւնը հասկանալու եւ մեկնաբանելու, ինչպէս նաեւ ասմունքի ժամանակ զգացումներ հասցնելու ձեւերը: Ան նաեւ աշակերտներուն հետ խօսեցաւ հայկական արմատներու արժէքին մասին, հայկական ոգիին մասին, հրամայական համարելով հպարտ զգալ իրենց հայկականութեամբ, իրենց հայրենիքով, լեզուով ու մշակոյթով: Ան նաեւ խրախուսեց անոնց խօսելու հայերէնով, որ գլխաւոր երաշխիքն է մեր հայ մնալուն:

Աւարտին, դպրոցին տնօրէնը տիկին Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանին յանձնեց յուշանուէր մը:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post

ԿԱԶԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱԳԼՑՈՒՄԻ ՄԻՋԵՒ

Next Post
ԿԱԶԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱԳԼՑՈՒՄԻ ՄԻՋԵՒ

ԿԱԶԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱԳԼՑՈՒՄԻ ՄԻՋԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.