Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

December 14, 2023
in Հայաստան
0
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

 

 

Եւրոմիութեան 27 երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները Պրիւքսէլի մէջ համաժողով ունեցած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու, այդ շարքինª Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ£ Դատարկ էր միայն Պելառուսիոյ աթոռը, որու նախագահին դէմ միութիւնը պատժամիջոցներ սահմանած է£ Փոխարէնը յատուկ վերաբերմունք եղած է Հայաստանի հանդէպ£

Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով բարձրագոյն յանձնակատարը առանձինª ոչ-պաշտօնական նախաճաշ-հանդիպում ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի հետ£

ՙԱյսօրուան առաջին հանդիպումս Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ է£ Քանի որ այդ տարածաշրջանին մէջ շատ բան կը փոխուի, եւ շատ կարեւոր է ուշադրութեան կեդրոնին պահել, մասնաւորապէս, Հայաստանը, որ շատ բարդ իրավիճակի մէջ էր եւ կը շարունակէ ըլլալ£ Ուստի, ես իմ օրը կը սկսեմ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին հետ՚, հանդիպման մեկնարկին ըսած է Ժոզեփ Պորէլը:

Աւելի վաղ Եւրոմիութեան բարձրաստիճան դիւանագէտներէն մէկը ըսած էր, որ Պրիւքսէլը կ’ուզէ մանրամասնութիւններ լսել Միրզոյեանէնª տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն, Ատրպէյճանի հետ անցեալ շաբաթ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերեալ եւ ճշդածª ինչով կրնայ օգնել£

ՙՄենք պատրաստ ենք թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ քաղաքական օգնութիւն տրամադրելու՚, ըսած էր եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը, յաւելելովª կ’ակնկալեն Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարէն լսելª որոնք են առաջնահերթութիւնները£ ՙԻնծի համար պատիւ է եւ լաւ առիթª ներկայացնելու մերօրեայ Հայաստանը, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մեր հնարաւորութիւններն ու ձգտումները: Սա շատ լաւ հնարաւորութիւն է ներկայացնելու մեր պատկերացումները Եւրոմիութեան հետ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու, Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ իրականացուած աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ ընելիքներուն վերաբերեալ՚, ըսաւ Միրզոյեան£

Պաշտօնական Երեւանը վերջին ամիսներուն շարունակաբար կ’ընդգծէ, որ պատրաստ է եւ հաստատակամ խորացնելու յարաբերութիւնները Պրիւքսէլի հետ£ Այդ մասին նաեւ Վարչապետ Փաշինեան յայտնեց Եւրոխորհրդարանին մէջ երկու ամիս առաջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԵՄ ՉԻ ԴԻՏԱՐԿԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱՏԵՂ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՍԱԿԱՅՆ Կ’ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԷ ՙՈՉ-ՄԱՀԱԲԵՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ՚ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՚

Next Post

ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ՍՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Next Post
ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ՍՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ՍՓՐԵՄԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԵԿՈՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.