Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԵՄ ՉԻ ԴԻՏԱՐԿԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱՏԵՂ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՍԱԿԱՅՆ Կ’ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԷ ՙՈՉ-ՄԱՀԱԲԵՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ՚ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՚

December 14, 2023
in Հայաստան
0
ՙԵՄ ՉԻ ԴԻՏԱՐԿԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱՏԵՂ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆՑԸՆԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՍԱԿԱՅՆ Կ’ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԷ ՙՈՉ-ՄԱՀԱԲԵՐ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ՚ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՚

 

 

ԸՍԱԾ Է ՍԹԱՆՕ

Եւրոմիութիւնը չի դիտարկեր Հայաստանի հետ համատեղ զօրավարժութիւններ անցընելու հնարաւորութիւնը, ըսած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանօն£

Ընդգծելով, որ ԵՄ-ն ռազմական դաշինք չէ, այն ՙարժէքներու քաղաքական եւ տնտեսական համայնք է՚, Սթանօն պարզաբանած էª Եւրոմիութիւնը չի նախատեսեր հայ զինուորականները պատրաստել ԵՄ անդամ երկիրներու տարածքին մէջ£

Ան վերահաստատած էª Եւրոմիութիւնը կ’ուսումնասիրէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով հայկական բանակին ՙոչ-մահաբեր ձեւաչափով՚ աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը, միեւնոյն ժամանակ շեշտելովª յստակ որոշումներ դեռ չկան£

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոսը յայտնած էր, որ Եւրոմիութիւնը մտադիր է Հայաստանի զինուած ուժերուն աջակցութիւն տրամադրելու վերաբերեալ յստակ առաջարկներ մշակել եւ այդ նպատակով Պրիւքսէլը յառաջիկային գիտարուեստական առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Երեւան£

Ան ըսած էր, որ եւրոպական բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը արդէն յանձնառութիւն ստանձնած է, որ պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ եւ խոստացած է մանրամասնութիւններ ներկայացնել յառաջիկայ շաբաթներուն:

ՙԿը պատրաստուինք գիտարուեստական առաքելութեան այցինª այս տարուան վերջը կամ տարեսկիզբինª ոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութեան ոլորտին մէջ յստակ առաջարկներու մշակման համար՚, նշած էր Մարակոսըª չյստակացնելով, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ՙոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւնը՚ եւ արդեօք այդ պաշտպանական զինատեսակներու տրամադրում կ’ենթադրէ£

Աւելի վաղ ալ Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը յայտարարած էր, թէ Եւրոպական Միութիւնը յաւելեալ պիտի ուսումնասիրէ եւրոպական խաղաղութեան շրջանակին միջոցով Հայաստանի զինուած ուժերուն ՙոչ-մահաբեր ձեւաչափի՚ աջակցութիւնը£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Next Post
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.