Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՆՈՅՆՊԷՍ ՈՒՆԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ՚.

December 14, 2023
in Հայաստան
0
ՙՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՆՈՅՆՊԷՍ ՈՒՆԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ՚.

ԸՍԱԾ Է ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸª ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

 

Հայաստանը յստակ որոշում կայացուցած է ընտրել ժողովրդավարացման եւ բարեփոխումներու անշրջելի ուղին, Պրիւքսէլի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան նախարարական հանդիպման ընթացքին, յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Չնայած վերջին տարիներուն Հայաստանի առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներունª ժողովրդավարացման գործընթացը եւ բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգի իրականացումը Հայաստանի մէջ որեւէ վայրկեան կանգ չէ առած, ըսած է Միրզոյեանª շեշտելով, որ Հայաստանը վճռական է շարունակելու այս ուղին Եւրոպական միութեան զգալի աջակցութեամբ:

ՙՄեր վճռականութեան վերջին դրսեւորումը Հայաստանի մէջ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումն էր: Միանալով Արդարադատութեան միջազգային դատարանինª Հայաստանն իր ներդրումը ունեցած է միջազգային իրաւակարգի ամրապնդմանª միեւնոյն ժամանակ վերահաստատելով սեփական ազգային շահերէն բխող որոշումներ կայացնելու ինքնիշխան իրաւունքը՚, ըսած է Միրզոյեան:

Երեւանը կ’ողջունէ Եւրոպական Յանձնաժողովի որոշումըª առաջարկել Եւրոպական Խորհուրդին սկսիլ անդամակցութեան բանակցութիւններ Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ հետ եւ Վրաստանին շնորհել թեկնածուի կարգավիճակ, յայտնած է արտաքին գործերու նախարարըª ընդգծելով, որ Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս ունի եւրոպական ձգտումներ:

ՙՄենք յանձնառու ենք ոչ միայն շարունակելու այս ճանապարհը, այլեւ այնքան մօտենալ Եւրոպական միութեան, որքանով Եւրոպական միութիւնը այդ հնարաւոր կը համարէ՚, ըսած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

 

ՙՀայաստանն ունի տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կառուցելու քաղաքական կամք՚

 

Հայաստանի կառավարութիւնը ունի տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կառուցելու քաղաքական կամք, ըսած է Միրզոյեանª ընդգծելով, որ Երեւանը պատրաստ է յառաջ շարժելու այս ուղղութեամբª հիմնուելով Կրանատայի մէջ ընդունուած սկզբունքներուն վրայª տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում, սահմաններու փոխադարձ ճանաչում, հաղորդակցութիւններու, ճանապարհային ենթակառուցուածքներու բացում£

ՙԲազմաթիւ առիթներով մենք ցոյց տուած ենք մեր պատրաստակամութիւնն ու վճռականութիւնը մեր հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման միջոցով տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ, ուր բոլոր երկիրները կ’ապրին բաց սահմաններով եւ կապուած կ՛ըլլան աշխոյժ տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կապերով՚, ըսած է Միրզոյեանª նշելով Հայաստանի ապագայի տեսլականըª ՙԽաղաղութեան խաչմերուկ՚ նախագիծըª որպէս խաղաղութեան օրակարգի մաս:

ՙԱյս ծրագրի հիմքին ինկած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացումըª ճանապարհներու, երկաթուղիներու, խողովակաշարերու, մալուխներու եւ ելեկտրական գիծերու վերանորոգման, կառուցման եւ շահագործման միջոցով: Աւելին, Ատրպէյճանի հետ վերջերս ընդունուած համատեղ յայտարարութիւնը գերիներու եւ պահուող անձերու փոխանակման եւ COP29 համաժողովի վերաբերեալ Հայաստանի համաձայնութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու մեր վճռականութեան եւս մէկ դրսեւորում է՚, ըսած է Միրզոյեանª յոյս յայտնելով, որ այս դրական ազդակէն յետոյ Ատրպէյճանը հաւատարիմ կը մնայ խաղաղութեան գործընթացին£

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Next Post

ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է 2,2 ՄԻԼԻՈՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Next Post
ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է 2,2 ՄԻԼԻՈՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

ՅՈՒՆՈՒԱՐ-ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ Է 2,2 ՄԻԼԻՈՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.