Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾՆԱԾ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ` ԱՌԱՆՑ ԴԻՄՈՒՄԻ

December 6, 2023
in Հայաստան
0
ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾՆԱԾ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ` ԱՌԱՆՑ ԴԻՄՈՒՄԻ

 

Հայաստանի մէջ ծնած` քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու երեխաները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունք պիտի ստանան` առանց դիմումի:

ՙՀայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին՚ օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ներկայացուց Ներքին գործերու նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը:

Նախագիծի առաջարկներէն մէկը քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու եւ ապաքաղաքացիութեան դէմ պայքարի տրամաբանութեան մէջ է: Այս պահին կը քննարկուի Քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու մասին առանձին օրէնքի ներկայացումը: Մինչեւ այդ կառավարութիւնը ներկայացուած նախագծով առաջարկ ըրած է:

ՙՔաղաքացիութիւն չունեցող անձերու երեխաներու հետ կապուած դրոյթ ունինք, որ անոնց մեխանիկօրէն կու տանք ՀՀ քաղաքացիութիւն: Կայ դիմումի պահ, կ՛առաջարկենք դիմումի պահանջը հանել, որ օրէնքի ուժով այդ երեխաները ճանչնանք ՀՀ քաղաքացի եւ անով նաեւ կատարենք 1954 թուականի ապաքաղաքացիութեան դէմ պայքարի պայմանադրութեամբ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները՚, ըսաւ Ղազարեան:

Նախագծով նաեւ յստակացում կը կատարուի օրէնքին մէջ, որ ծնողներէն մէկուն քաղաքացիութեան դադարեցման պարագային միայն կրնայ անչափահասի քաղաքացիութեան դադարեցման վարոյթ մեկնարկել:

ՙՔաղաքացիական պայմանագիր՚ խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեան հետաքրքրուեցաւ, թէ այն դէպքերու մասով, երբ անձեր մինչեւ զինուորական հաշուառումը կը հրաժարին ՀՀ քաղաքացիութենէն, ի՞նչ աշխատանք կը տարուի: Ղազարեան պատասխանեց, որ այդ հարցը իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է, այս առաջարկն ալ միտուած է պատգամաւորի մատնանշած խնդիրի լուծման:

Նախագիծը հաւանութիւն ստացաւ եւ դրական եզրակացութեամբ պիտի ընդգրկուի Ազգային ժողովի լիագումար նիստերու օրակարգ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԱՐԿԾ ԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՙCAESAR՚ ՀՐԵՏԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԱՐԿԾ ԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՙCAESAR՚ ՀՐԵՏԱՆՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԱՐԿԾ ԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՙCAESAR՚ ՀՐԵՏԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵԼՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՀՀ-Ն ԵՒ ՌԴ-Ն ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԵՌԱՀԱՂՈՐԴԱԿՑՄԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԻՋՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Next Post
ՀՀ-Ն ԵՒ ՌԴ-Ն ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԵՌԱՀԱՂՈՐԴԱԿՑՄԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԻՋՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

ՀՀ-Ն ԵՒ ՌԴ-Ն ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԵՌԱՀԱՂՈՐԴԱԿՑՄԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԻՋՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.