Արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Իսրայէլ եւրոպացի միջնորդներով շարք մը նամակներ յղած է Լիբանանին` արծարծելով հարաւի սահմանային գօտիին վրայ տիրող իրավիճակը: Իսրայէլ պահանջած է ՙյանձնառու ըլլալ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ Հըզպալլայի ուժերը հեռացնել Լիթանի գետի հարաւային շրջանէն, որովհետեւ, ըստ բանաձեւին, Հըզպալլա պէտք է դիրքաւորուի Լիթանիէն հիւսիս՚: