ՙԱՒԵՏԵԱՑ ԵՐԿՐԻ ՏԵՍԻԼՔՈՎ՚
(ՀԵՂԻՆԱԿ` ԲԱԳՐԱՏ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱԼՍՏԱՆԵԱՆ)
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, ճակատներու վրայ գտնուող շարք մը հոգեւորականներու մէջէն ուշագրաւ էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերշ. Բագրատ Սրբազանի աշխուժութիւնը: Անոր, Շուշիի Սբ. Ամենափրկիչ ռմբահարուած եկեղեցւոյ մէջ ներկայութիւնը` պահապան մարտիկի նման, լայնօրէն տարածուեցաւ համացանցով` իր տպաւորիչ խորհուրդով: Ան եղաւ վերջիններէն, որ աղօթք մրմնջաց այդ պատմական ուխտավայրին մէջ:
Բնիկ գիւմրեցի (նախկին Լենինական) Բագրատ Սրբազան Մայր Աթոռի միաբաններուն մէջէն աչքի կը զարնէ իր յաճախակի հրապարակային ելոյթներով, հարցազրոյցներով, քարոզներով եւ ժողովուրդին հետ լայն շփումներով: Հեղինակ է նաեւ գիրքերու: Վարած է առաջնորդական եւ հովուական, ինչպէս նաեւ քարոզչական պաշտօններ: 2003-2013 թ. ձեռնահասօրէն վարած է Գանատայի թեմին առաջնորդական պաշտօնը: Մոնթրէալի մէջ հետեւած է համալսարանական ուսման` աստուածաբանութեան ճիւղին: 2015-էն առաջնորդն է Տաւուշի թեմին: 2017-էն անդամ է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին: Առ ի գնահատանք իր ծառայութեանց, ստացած է շքանշաններ եւ մետալներ: Կը դասախօսէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն ներս եւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ: Ան յայտնի է իր համարձակախօս զրոյցներով:
2023-ին, ՙԱրմաւ՚ հրատարակչութիւնը հրապարակեց Բագրատ Սրբազանի հերթական գիրքը, ուր մէկտեղուած են անոր զրոյցներն ու հրապարակախօսական կարգ մը գրութիւնները: Բնականաբար, անոնք կը շօշափեն ազգային-ընկերային-բարոյագիտական-հոգեւոր նիւթեր` ժամանակակից երեւոյթներու պրիսմակէն դիտուած: Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Գրողներու Միութեան դահլիճին մէջ: Գիրքը հրատարակուած է Ռաֆֆի եւ Արմինէ Քէօհնէլեաններու ու իրենց զաւակներուն մեկենասութեամբ: Սրբազանը գիրքին Երկու Խօսքը վերնագրած է ՙՅոյսի՜ Հայրենիք, Լոյսի՜ Հայրենիք՚: Ան նորատիպին միտք բանին կը ներկայացնէ այսպէս` ՙանկեղծ երկխօսութիւն թէ՛ մեր անցած ճանապարհի եւ թէ՛ մեր անելիքների մասին` հիմնուած Աստուածաշնչի կենդանի ապրող պատգամի եւ մեր ժառանգութեան վերլուծութեան վրայ: Այն պարզապէս մի փորձ է` ուրուագծելու մեր իսկատիպ նկարագիրը, բացառիկ ինքնութիւնը եւ մղելու մեզ ապրել մեր Աւետեաց Երկիրը կառուցելու տեսիլքով, որը բոլորիս երազանքն ու ձգտումն է՚: Հոն կը կարդանք 16 զրոյցներ, որոնք սփռուած են Լրատուական Ռատիոյով, 2021 թուականին, գործունեայ լրագրող Լիլիթ Յարութիւնեանի հետ: Ի հարկէ, զրոյցները սղագրուած, սրբագրուած եւ դասակարգուած են պատշաճ եղանակով, որ կատարած է Լիտիա Մանթաշեանը:
Բագրատ Սրբազան զուգահեռ մը կատարելով հրեայ եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ, աստուածաշնչեան դրուագներով կը ներկայացնէ հայոց դարաւոր գոյամարտը, հայոց Աւետեաց Երկրին տեսիլքը, ինչպէս որ Մովսէս մարգարէ հաղորդած էր հրեաներուն` Աստուծոյ փոխանցած պատուիրաններուն համաձայն: Ան կը խօսի եկեղեցւոյ, հայրենիքի, պետականութեան մասին` որպէս անուրանալի արժէքներ հայոց կենսագրութեան համար: Ան 44-օրեայ պատերազմին անդրադառնալով կը շեշտէ` ՙՄենք չկարողացանք աւարտել պատերազմը՚ եւ… ՙմենք դեռ աւարտելու ենք՚ եւ ՙաւարտելու ենք մեր փառահեղ յաղթանակներով՚, բայց պէտք է կարողանանք վերականգնիլ` հրաժարելով` ՙչարչիութիւնից, առեւտրապաշտութիւնից՚: Ան կը յիշեցնէ նաեւ հոգեւորականներու կարեւոր դերը` օրինակ բերելով Գարեգին Արք. Յովսէփեանցի եւ ուրիշ կղերականներու սխրանքը` Սարդարապատի հերոսամարտի օրերուն: Յաջորդական զրոյցներով, ան կը խօսի ազատութեան, ստրկութեան, առաջնորդութեան մասին` ներկայացնելով Մովսէս մարգարէի եւ իր եղբօր Ահարոնի դերերուն բաշխումը, հոգեւոր ու մարմնաւոր բաժանումով, հրեաներու ազատագրութեան շրջանին: Անցնելով հրատապ հարցերու` տնտեսութեան կարեւորութիւնը` բայց զայն պաշտամունքի չվերածելու նախապայմանով: Թէ ինչպէս մեր գործողութիւնները պէտք է բղխին գերագոյն արժէքներէ: Արցախի հարցով դիպուկ է իր հեգնախառն զայրոյթը միջազգային երկդիմութեան, գրելով` ՙԱրցախը իրաւունք չունի իրաւունք ունենալու, մինչդեռ աշխարհում նմանատիպ շատ հակամարտութիւններ կան, որտեղ որոշակիօրէն գործել է իրաւունք ունենալու իրաւունքը՚: Ապա` տաճարը պիտի յաղթէ փողոցին, հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան եւ այլն: Չորրորդ զրոյցը կը վերաբերի քրիստոնէութեան ունեցած կենսական նշանակութեան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ առ այսօր: Մեր ինքնութեան եւ ազգային-հոգեւոր կեանքին մէջ ինչպէ՛ս արմատաւորուած եւ լուսաւորած է ան մեզի` դարերու ընթացքին: Հեղինակը կը յորդորէ վերադառնալ քրիստոնէական արժէքներուն, հոգեփոխուիլ էա՛պէս ու բարոյա՛պէս` դիմակալելու համար մերօրեայ մարտահրաւէրները: Հինգերորդ զրոյցը շարունակութիւնն է նախորդին` պատմական տուեալներով` Մեծն Տրդատի, Գրիգոր Լուսաւորչի, Մեծն Ներսէսի, Մեսրոպ Մաշտոցի, հինգերորդ դարու հոգեմտաւոր արժէքներուն` հաստատելով թէ այդ շրջանին է որ ամրապինդ հիմքերը դրուեցան հայոց ինքնութեան` մնալով անսասան` հակառակ բազում փորձութեանց: Ան կ՛ըսէ` քրիստոնէութիւնը առաքինութեան կրօնն է: Շարունակելով յաջորդ զրոյցը Բագրատ Սրբազան կ՛անդրադառնայ հայոց ծագումնաբանութեան` գրելով` ՙՄենք ընտրուած ազգ ենք՚` սկսելով Նոյ նահապետի սերունդէն` Յաբէթ, Գամեր, Թիրաս, Թորգոմ եւ ապա Հայկ նահապետ: Աստուածաշունչի եւ Մովսէս Խորենացիի տուեալներով կը հաստատէ հայոց արմատներուն տեսութիւնը եւ ապա Խորենացիի դիտարկումները վերհանելով` կ՛ընդգծէ մեր թերութիւնները, ներքին հարցերը եւ այն վիշտը որ կրած է հայոց պատմահայրը: Կ՛անդրադառնայ գիտութեան կարեւորութեան, Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի դրուագին, հայոց իւրայատկութեան եւ խաչքարերու արուեստին, աւանդական ընտանիքի եւ քրիստոնէական ընտանիքի արժէքներուն, հայրենիքը լքելու ախտին եւ այնուհետեւ կը պնդէ` մարդը արժէք չունի առանց Աստուծոյ եւ հայրենիքի…:
Ի հարկէ, հեղինակին պիտի յուզէր նաեւ Հայաստանի կրթական վիճակը, որ, իրօք, խիստ այժմէական հարց է ամէնուրեք: Ան կը գրէ` ՙԿրթութիւնը հանրային կեանքի առողջութեան հիմքն է: Շատ կարեւոր է, որ ՙկրթութիւն՚ ասելով հասկանանք նաեւ ամբողջական դաստիարակութիւն՚. ՙկրթութիւնը առաքինի մարդ կերտելու արուեստն է՚: Ան կը հաստատէ, որ հինգերորդ դարուն ստեղծուած հայկական կրթական ենթակառոյցը հիմք հանդիսացաւ ազգային նկարագրի կազմաւորման: Ան կը փառաբանէ Ոսկեդարու մեր հայրերը` իրենց առաքելութեամբ եւ առաքինութեամբ: ՙԱյսօր էլ մեր մեծագոյն խնդիրները բխում են կրթութեան բացակայութիւնից կամ թերութիւնից կամ ոչ պատշաճ աստիճանով մատուցելուց՚: Շարունակելով իր խոհերը, հեղինակը ուշադրութիւն դարձուցած է Վարդանանց պատերազմի ազգային-հոգեւոր բովանդակութեան եւ խստօրէն կը դատապարտէ Վարդանանց նահատակներուն գաղափարականը հեգնելու ու ծաղրելու փորձերը, որոնց հետեւանքները կը կրենք այսօր: Ան Եղիշէ պատմիչի պատգամներով խորհրդածելով` կը շեշտէ արժանապատիւ գոյութեան իրաւունքը եւ մերժելով ՙբարոյական յաղթանակ՚ տարածուած եզրը` կը յիշեցնէ Նուարսակի դաշնագիրին կարեւորութիւնը, որ ձեռք բերուեցաւ երկարատեւ ու յամառ պայքարներէ ետք:
Այնուհետեւ ցեղասպանութեան նիւթն է եւ… ՙԾիծեռնակաբերդը ուժ է ստանում Եռաբլուրից… Զոհի ինքնութիւնից` յաղթողի ինքնութիւն՚: Ըստ հեղինակին, ցեղասպանութեան բովանդակ երեւոյթը, ընկալումն ու իւրացումը պէտք է ըլլայ համակարգ եւ ոչ թէ մէկ օրուան յիշատակում` ՙնոր ծնուող երեխայից` որպէս կենսակերպ, վարքագիծ, մտածողութիւն, գործողութիւններ՚: Ան կը բարձրաձայնէ` ՙՑեղասպանուած լինելու հանգամանքը մեզ համար երբեք համակարգ չդարձաւ, այն երբեք մտածողութիւն չդարձրինք: Այն դարձաւ զգացմունքային կէտ, ոմանց համար դարձաւ ՙփող աշխատելու՚ միջոց՚: Ըստ իս, կարգ մը պահեր Բագրատ Սրբազան ունեցած է յախուռն արտայայտութիւններ` ՙեթէ պէտք է մենք ատոմային ռումբ ստեղծենք, ուրեմն պէտք է ստեղծենք: Եթէ պէտք է քարուքանդ անենք աշխարհը, ուրեմն պէտք է անենք: Եթէ պէտք չէ, ուրեմն պիտի չանենք՚: ՙՈրովհետեւ մենք ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք եւ իրաւունք չունենք սովորական լինելու՚: ՙԱյո, ցեղասպանութիւնը մեր ամէնօրեայ խօսակցութեան թեման պէտք է լինի՚: Ան կը նշէ` ՙՙՄոռացուած Ազգ՚ լինելու հայեցակարգով պէտք է հասնենք ՙՅաղթանակած Ազգ՚ լինելու տեսիլքի իրականացմանը…՚: Շատ բնական է, որ զրոյցներու կղերական հեղինակին աչքերէն չվրիպէր աղանդներու եւ հոգէորսութեան զգայուն հարցը եւ ըսէր` ՙԱղանդները երբեք չդիտարկուեցին որպէս սպառնալիք ազգային անվտանգութեանը՚. ան թուելով աղանդաւորականներու հասցուցած վնասները, կ՛անդրադառնայ անոնց պատճառներուն, այն միջոցներուն որ ունին օտարամուտ կրօնական հոսանքները, այն խոցելի եւ զգայուն խաւերը որոնք թիրախ կը դառնան օտար ուժերու գործունէութեան եւ այլն: Ան, այս հարցով, եկեղեցւոյ կողքին կը մեղադրէ պետութեան անփութութիւնը, պետութիւն-եկեղեցի ոչ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը. կը կարդանք` ՙհոգեւոր իմաստով ներսից քայքայող որդն անընդհատ գործում է եւ գործելու է, քանի դեռ պետութիւնն ազգային նկարագիր ունենալու խնդիր ունի՚:
Հեղինակը սրտի մղկտումով կ՛անդրադառնայ Շուշիի կորուստին, սակայն` Շուշին ՙԱւետեաց Երկրի Տեսիլքից անբաժան է, որ մենք, այո՛, վերադառնալու ենք Արցախ, վերադառնալու ենք այն իմաստով, թէ ինչպիսին կար Արցախը մինչեւ 2020-ը, եւ, յուսամ` աւելին: Եւ մենք մեր վերջնական տօնախմբութիւնն ենք ունենալու նաեւ մեր Շուշիում՚. կը խօսի Արցախի հարցին, հայկական հարցին շուրջ եւ դիպուկ է իր գնահատականը այսօրուան իրավիճակին` ՙմեր կեանքում ամենաորոշակի երեւոյթն անորոշութիւնն է՚: Ան կը նշէ` ՙԱստուած Ինքն է վրէժխնդիր, նաեւ Աստուած Ինքն է վրէժխնդրութեան տէրը՚: Սրբազանը կը շարունակէ իր հայրենական-ազգային եւ հոգեւորական մտորումները` ինչպէս ղեկավարի կարեւորութեան, մարդու արժէքին, հայրենի հողին, մեղաւորութեան, Տիրոջ կամքին ու հաւատքին, նահատակութեան եւ նահատակներու, արժանապատիւ խաղաղութեան, նոր Սարդարապատներու, Մայր Աթոռի դերին, Տաւուշի թեմին, ՙհոգեւոր Հայաստան՚ին, եւ շատ յատկանշականօրէն` բազմազաւակութեան, երեխաներով շատնալու եւ ընտանեկան սրբութեանց մասին: Ան կը պնդէ` թէ ազգը սերունդներով պէտք է բազմանայ` քանի զաւակը Աստուծոյ պարգեւն է եւ կը պատկանի հայրենիքին, ազգին: Ան խիստ ոճով կը ձաղկէ վիժումներու տարածուած երեւոյթը` մանաւանդ սեռով պայմանաւորուած: Թէ ինչ է ընտանեկան բռնութիւնը, երեխայի իրաւունքները, ընտանեկան առողջ միջավայրը, Սրբազան Հայրը կու տայ իր հոգեւորականի կարծիքները:
Վերջին զրոյցը ունի քաղաքական բնոյթ: ՙԸնտրութիւն մի՛ կատարէք իբրեւ ամբոխ, այդ դէպքում կ՛ընտրուի իմաստութիւնը…՚. ՙՔրիստոնէական արժէքները քաղաքականութեան մէջ՚, ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ գաղափարի շուրջ եւ ոչ թէ անհատի: Ան կը խօսի ժողովուրդի քուէին եւ կողմնորոշման շուրջ. ՙՄենք չենք լսում, թէ դիմացինը ինչ է ասում: Մենք մտածում ենք` ով ինչ է ասում, փոխանակ մտածելու, թէ ինչ է ասում՚:
16 զրոյցներէ ետք (էջ 7-148) կու գայ զեկոյցներու բաժինը (էջ 149-201): Բագրատ Սրբազան տարիներով ըլլալով Տաւուշի թեմի առաջնորդ, անշուշտ մանրամասնօրէն տեղեակ է այդ սահմանամերձ մարզին խնդիրներուն: Այս բաժինը կարդալով յստակ պատկերացում կը կազմենք Տաւուշի ընկերային-տնտեսական, կրթական, անվտանգային, առողջապահական, ժողովրդագրական, մշակութային իրավիճակին: Սրբազանը ոչ միայն առարկայականօրէն կը պարզէ այն` ինչ որ կայ, այլ ունի կառուցողակն ու գործնական լուծումներ, խնդիրները տրամաբանականօրէն լուծելու գործնական առաջարկներ: Հետաքրքրական է իմանալ այս տարածքին կեանքը իր բոլոր երեսակներով, վիճակագրական տուեալներով, հեռանկարներով եւ մարտահրաւէրներով: Տաւուշի մարզի ցաւերուն, մտահոգութիւններուն հարազատ ու անկեղծ թարգմանն է Բագրատ Արքեպիսկոպոս: Ուրեմն` թեմը ունի իր արժանաւոր ու քաջ հովիւը:
Արդարեւ, հետաքրքրական եւ բազմաթիւ մտորումներու մղող նորատիպ մը` ՙԱւետեաց Երկրի Տեսիլքով՚:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ