Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէ գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Դեսպանը Պըրրիին յանձնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի շնորհաւորական նամակը` Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ: Պըրրի եւ Աթաբէկեան ապա քննարկեցին լիբանանեան եւ կովկասեան ու միջինարեւելեան տարածաշրջաններու ընդհանուր զարգացումները: