Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էվանկելոս Թուրնաքիսը եւ պաշտպանութեան հարցերով նորանշանակ կցորդ, գնդապետ Խրիսթոս Արսենյուն:
Պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորած է գնդապետ Խրիսթոս Արսենյուն Հայաստանի մէջ առաքելութիւնը սկսելու առիթով եւ մաղթած է յաջողութիւններ գործունէութեան ընթացքին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-յունական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: