Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆª ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

October 21, 2023
in Գաղութային
0
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆª ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

 

 

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսը, Արցախեան հայրենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100.000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մըª Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն£ Այս յանձնախումբի անդամներն են գերաշնորհ Տէր Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), գերաշնորհ Տէր Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին), մեթր Ժիրայր Հապիպեանը (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Ու Շրջակայից թեմին) եւ տիար Յակոբ Լուսարարեանը (անդամ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան)£

Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յիշեալ յանձնախումբը եռօրեայ այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Հայաստանª գործնական քայլերու դիմելու նպատակաւ£

Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, անոր փոխանցեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները եւ Վեհափառ Հայրապետին ու Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն£ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, իր կարգին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նուիրապետական զոյգ Աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգիին մասին, զայն որակելով ցցուն ապացոյց հայ եկեղեցւոյ ներքին միութեան ու զօրութեան, միաժամանակ անդրադարձաւ թեմակալ առաջնորդներու հետ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն£

Յիշեալ հանդիպումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրերը, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, այցելեցին Երեւանի, Պռոշեանի եւ Կոտայքի մէջ ապաստանած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք ու յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներէն ամենաշուտ ժամանակին դուրս գալու վճռականութեամբ£ Յանձնախումբը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սերկէյ Մովսիսեանի հետ£

Յայտնենք, որ յանձնախումբը իր այցելութեան ընթացքին կատարեց նիւթական յատկացումներ տեղահանուած ընտանիքներուն£

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՊԻԿՅԵԱՆՆ ՈՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹՅԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post
ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՊԻԿՅԵԱՆՆ ՈՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹՅԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

ՍՈՒՐԷՆ ՊԱՊԻԿՅԵԱՆՆ ՈՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹՅԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.