Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

October 21, 2023
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ԱՂԷՏԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ

Կառավարական աղբիւր մը զարմացաւ, թէ որոշ մարդիկ կը վարուին այնպէսª կարծես շրջանին մէջ պատերազմ չկայ: Իրենց յայտարարութեամբ կառավարութիւնը կը պաշարեն փոխանակ օժանդակելու աղէտի կառավարման համակարգ մը հաստատելուª Իսրայէլի հետ որեւէ բախումի պարագային: Նոյն աղբիւրը յայտարարեց, թէ կառավարութեան ամավարկը հազիւ կը փակէ ծախքը, ուր մնաց եթէ տեղի ունենայ ռմբակոծում եւ ենթակառոյցի կործանում:

Ան աւելցուց, որ Աղէտներու կառավարման մարմինը անցեալ Հինգշաբթի օրէն սկսեալ հինգ ժողով գումարած է հաստատելու համար աղէտի կառավարման ծրագիր: Երկրին առողջապահութեան ամավարկը կամ պիւտճէն հազիւ 35 միլիոն ԱՄՆ տոլար է: Այս պարագային, երկիրը պիտի դիմագրաւէ աղէտ մը որեւէ պատերազմի պարագային, մանաւանդ առողջապահութեան մարզին մէջ:

Լիբանանի Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամի տնօրէն տոքթոր Մոհամմատ Քարաքի հաստատեց, որ 12 Հոկտեմբերէն սկսեալ հիմնադրամին անդամագրուած բոլոր պաշտօնեաները պիտի օգտուին օժանդակութեան յաւելումէն: Այսինքն, իւրաքանչիւր ընկալագիր, որ կը ներկայացուի հիմնադրամին, պիտի ստանայ օժանդակութեան աւելի բարձր համեմատութիւն:

 

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԱՐՑԱԽՑԻՆ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ – Բ. ՄԱՍ

Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներու տառապանքը թեթեւցնելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է առնել կարգ մը քայլեր: Տնտեսութեան նախարարը գումարած է ժողով մը, որուն մասնակցած են Փոքր եւ Միջին չափի ընկերութիւններու յանձնախումբի անդամներ: Նպատակը յստակ էª արցախցի մեր քոյր ու եղբայրներուն ապահովել պայմաններ իրենց կեանքը շարունակելու համար Հայաստանի մէջ: Այս պէտք է ըլլայ Հայաստանի կառավարութեան նշանաբանը: Ոչ մէկ արցախցի ինքզինք ընկճուած պէտք է զգայ: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Սփիւռքը միասին աշխատելու պարագային, արցախցին կրնան պահել Հայաստանի մէջ:

Արցախցին Հայաստանի մէջ պահելու ամենադիւրին ձեւն է քննել իւրաքանչիւր Արցախի քաղաքացիին արհեստը: Բանալ հաշիւ մը անոր անունով եւ ստանալ օժանդակութիւն այդ ծրագրին համար: Ձեւով մը փոքր գործատեղիի հաստատում, հողագործական, ծառայութեան, առեւտուրի կամ արտադրութեան մարզերուն մէջ: Այս գործին հսկելու համար հաստատել պետական գրաենեակ մը, որ շրջաններուն մէջ նաեւ կը զբաղի իւրաքիւնչիւր տեղահանուածի պարագայով: Կարեւորը այն է, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը չզգան որ լքուած են իրենց ճակատագրին: Այդ պարագային կը գաղթեն երկրէն:

 

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Իսրայէլի իշխանութիւնները 2007 թուականէն սկսեալ Կազայի հատուածին շուրջ պաշարումի օղակ մը հաստատեցին: Իսրայէլ իր ձեռքերուն մէջ պահեց հատուածին տնտեսական լծակները: Թոյլ տուաւ սնունդի, վառելանիւթի եւ դրամական հոսքի նուազագոյն չափ մը հատուածը աղքատութեան ճիրաններուն մէջ պահելով: ՙՀամաս՚ շարժումը օգտուեցաւ կիսանկախ վիճակէն եւ սկսաւ զինուիլ Իրանի օժանդակութեամբ: Իսրայէլի մէջ ծայրայեղ կառավարութեան մը կազմուիլը, անոր թոյլ տալըª գաղութարարներուն սանձարձակ գործել, եւ խաղաղութեան որեւէ յոյսի բացակայութիւնը ուղղակի պատճառներն էին պաղեստինեան պոռթկումին: Ապագան մութ է եւ երկու պետութեան հաստատումը միակ լուծումն է այս հարցին: Հակառակ պարագային, շրջանը պիտի մնայ արիւնահեղութեան շրջանակի մը մէջ անորոշ ապագայով:

Կազայի մէջ բռնկած պատերազմը սկսած է իր ժխտական հետեւանքները ունենալ շրջանի պետութիւններուն վրայ: Անապահովութեան զգացումը եւ պատերազմի մը բռնկումին վախը կը մղեն գործարարներ նոր գործ չսկսելու, այլ մնալու ձեռնպահ նոր գնումէ կամ նոր գործ մը սկսելէ: Իսրայէլի տնտեսութիւնը կրեց մեծ վնասª քաղաքներու, նաւահանգիստի եւ օդակայանի փակումին պատճառով: Շատ մը Իսրայէլի քաղաքացիներ, որոնք կը կրեն նաեւ օտար երկրի մը անցագիրը, սկսած են մեկնիլ երկրէն: Հակառակ գաղթը արդէն իրականութիւն է, որ պիտի աւելնայ պատերազմի երկար ժամանակ տեւելու պարագային: Պաղեստինցին, լիբանանցին եւ սուրիացին վարժուած են զրկանքին, որուն պատճառը Իսրայէլ կոչուած ցեղապաշտական պետութիւնն է, սակայն իսրայէլացի քաղաքացին վարժուած չէ: Այս է տարբերութիւնը:

 

 

ԱՍԻԱ

ԱՆՇԱՐԺ ԳՈՅՔԻ ԱՆԿԱՅՈՒՆ ՇՈՒԿԱՆ

Չինաստանի անշարժ գոյքի շուկան, որ ատեն մը երկրի տնտեսութեան շարժիչներէն մէկն էր, ներկայիս կը դիմագրաւէ դժուար վիճակ: Այս ընկերութիւնները յարկաբաժին գնողներէն կը գանձէին արժէքին կէսը, շինելու չսկսած: Գնողներու թիւը երբ սկսաւ նուազիլ, ընկերութիւններուն վիճակը սկսաւ դժուարանալ: Կանխիկ գումարը սկսաւ նուազիլ ու ընկերութիւնները չկրցան վճարել իրենց պարտքին տոկոսը եւ սնանկացում յայտարարեցին: Ըստ մասնագէտներու, այս մարզը բաւական պիտի յոգնեցնէ Չինաստանի ղեկավարութիւնը ու անոր վերակենդանացումը պիտի պահանջէ մեծ ճիգ ու վարչական բարդ աշխատանք:

 

 

ԵՒՐՈՊԱ

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊԸ

Եւրոպական միութեան երկիրներ, որոնք ունին ճարտարարուեստի վրայ հիմնուած տնտեսութիւն, պէտք ունին աժան գործաւորի: Գաղթականները ընդհանրապէս կը փակեն այդ բացը: Սակայն, ապօրինի գաղթականներու հոսքը Միջին Արեւելքի եւ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմի պատճառով եւ Ափրիկէի մէջ աղքատութեան պատճառով սկսած է գլխացաւ պատճառել Եւրոպական միութեան համար: Սահմանային երկիրներ, ինչպէս Իտալիա եւ Յունաստան, կը գանգատին որ Եւրոպական միութեան մնացեալ անդամները չեն օժանդակեր իրենց գաղթականներ ընդունելու հոլովոյթին եւ զիրենք կը ձգեն առանձին այս հարցին դիմաց: Այս պատճառով, Եւրոպական միութիւնը կը փորձէ գտնել միջին լուծում մըª գոհացնելու համար սահմանային պետութիւնները եւ կեդրոնական ու արեւմտեան Եւրոպայի երկիրները: Հունգարիա եւ Լեհաստան դէմ քուէարկեցին նոր համաձայնագրին: Նոր համաձայնագրին մէջ յիշուած է, որ գաղթականները հաւասար համեմատութեամբ պիտի բաժնուին անդամ երկիրներու միջեւ: Լեհաստան եւ Հունգարիա իրենց տնտեսութեան կառուցուածքին համեմատ պէտք չունին գաղթականներու: Այս հարցը կ’երեւի բաւական բարդ վիճակ պիտի ստեղծէ Միութեան մէջ:

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանի ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ իշխող ՙՕրէնքի իշխանութիւն՚ ամբոխավարական աջակողմեան կուսակցութիւնը ետքայլ կատարեց եւ ստացաւ քուէին 36,8 առ հարիւրը, նախկին 43,6 առ հարիւրին դիմաց: Կեդրոնի եւրոպամէտ ՙՔաղաքացիական Դաշինք՚ կուսակցութիւնը  շահեցաւ քուէին 31.6 առ հարիւրը: Ան կրնայ միացեալ կառավարութիւն կազմել երրորդ ուժի մը հետ: Քուէարկութիւնը ցոյց տուաւ, որ լեհ ժողովուրդը կողմնակից է հաւասարակշռուած կառավարութեան մը, որ իրեն կը տրամադրէ բարձր մակարդակի ծառայութիւն: Վերջին տարիներուն սղաճը սկսաւ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ մարդոց կենսամակարդակին վրայ:

 

 

ԱՄՆ

ԱՆՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ

Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հանրապետական կուսակցութիւնը ունի մեծամասնութիւնը: Այս գործօնն է, որ կը խանգարէ Դեմոկրատական վարչակազմին հեզասահ կերպով քաղաքականութիւն վարել, մանաւանդ դրամական բաժինին մէջ: Պիւտճէի շուրջ անհամաձայնութեան պատճառով Հանրապետական նախագահ Մաքարթնի սուղ գին վճարեց կուսակցութեան կարծր թեւին ու պաշտօնազրկուեցաւ: Ներկայիս անհաւասարակշռութեան վիճակ մը կը տիրէ գոնկրէսին մէջ: Համաձայնութեան հասնելու փոքր առիթներ մնացած են: Այս վիճակը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երկիրի կառավարումին մէջ:

ԱՄՆ-ի պետական պարտքը, ընտանիքներու պարտքը եւ ընկերութիւններու պարտքը սկսած են դառնալ անկառավարելի: Պետական պարտքը սկսած է աւելնալ մրցանշային համեմատութեամբ: Ներկայիս ԱՄՆ-ի տարեկան եկամուտը 25 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլար է: Իսկ պետական պարտքը հասած է 33 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Դրամատուները սկսած են դիմագրաւել պարտքեր փակելու ուշացումի եւ անկարողութեան պարագաներ: Եկամուտի նուազումին պատճառով շատ մը ընտանիքներ սկսած են ուշանալ պարտքի տոկոսը վճարելու: Ըստ վերջին տուեալներու, ԱՄՆ-ի ընտանիքներու 11,8 տոկոսը եկամուտի անկում ունեցած է անցեալ ամսուան 10,7 տոկոսին դիմաց: Ուրեմն, ընտանիքներու եկամուտի նուազումը սկսած է աւելնալ: Այս իրականութիւնը սկսած է աւելնալ ու ապագային դրամատուներու սնանկացումի պատճառներէն մէկը կրնայ դառնալ: Ընկերութիւններն ալ սկսած են կրել պարտքի տոկոսի յաւելումին ժխտական հետեւանքները: Նոր պարտքի դրամ վերցնելու դժուարութիւնը եւ տոկոսի յաւելումը շատ մը տկարացած ընկերութիւններ պիտի մղեն սնանկացում յայտարարելու:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ՄԵՏԱՔՍԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ

Չինաստան 2013 թուականին սկսաւ գործադրել իր ՙՄէկ գօտի, մէկ ճանապարհ՚ ծրագիրը: Այս ծրագիրը կ’ընդգրկէ ցամաքային եւ ծովային անցքեր օգտագործել Չինաստանէն արտադրուած ապրանքը հասցնելու համար Եւրոպա: Ճամբան հին Մետաքսի ճանապարհն էր, որ գալով Չինաստանէն կ’անցնէր Կեդրոնական Ասիայէն, Հայաստանէն ու կը հասնէր Եւրոպա: Չինաստան հսկայ ներդրում կատարած է այդ երկիրներուն մէջ, որոնց մեծ մասը Ասիայէն ու Ափրիկէէն է: Անշուշտ Արեւմուտքը, ԱՄՆ-ի առաջնորդութեամբ, դիւրութեամբ պիտի չզիջի: Ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պայքարին մէկ մասին պատճառը փնտռել այս հարցին մէջ: Երբ ԱՄՆ կը հարուածէ Սուրիա, Լիբանան եւ Պաղեստին տարբեր ձեւերով, պատճառը փնտռեցէք Արեւելք-Արեւմուտք պայքարին մէջ:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՍՏ ՊԱՀԱՆՋԱՐԿԻ (Just-in-time manufacturing)

Արտադրութեան այս ձեւը կ’արտադրէ պահանջուած ապրանք ըստ պահանջարկի: Այսինքն, արտադրողը կը ստանայ ապսպրանք եւ կ’արտադրէ ըստ այդ ապսպրանքին, առանց աւելորդ ապրանք արտադրելու: Այս ձեւով ան կը խնայէ ծախք ու կը ծախսէ երբ պիտի արտադրէ որ վաճառէ:

 

 

Աղբիւրներª ՙՏը Էքոնոմիսթ՚, ՙՌաշա Թուտէյ՚, ՙԱռաւօտ՚ եւ ՙԱլ Տիյար՚

 

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share97Tweet61
Previous Post

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Next Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆª ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆª ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆª ԱՐՑԱԽԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.