Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը շարունակած է եւ կը շարունակէ ստանալ ուժեղ հարուածներ£
ՙԺողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ շարունակած է եւ կը շարունակէ ստանալ ուժեղ հարուածներ, որոնք կը գործեն գրեթէ ճշգրտօրէն կրկնուող սենարով. արտաքին յարձակում, ապա անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի դաշնակիցներու անգործութիւն, ապա պատերազմական կամ մարդասիրական իրավիճակը կամ արտաքին անվտանգային սպառնալիքը Հայաստանի ժողովրդավարութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը տապալելու նպատակով օգտագործելու փորձեր, որ կ՛արտայայտուի հիպրիտային արհեստագիտութիւններով ներքին անկայունութիւն հրահրելովª ուղղորդուած արտաքին ուժերու կողմէ՚, ըսաւ Փաշինեան£
Վարչապետը յիշեցուց, որ նման իրադրութիւններ 2020 թուականէն ի վեր Հայաստանը քանի մը անգամ ունեցած է, որոնցմէ մեծագոյնը Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումն էր Հայաստանի վրայª 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-ին, որուն հետեւանքով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւում տեղի ունեցաւ:
ՙՆմանօրինակ ամենաթարմ եւ ամենաողբերգական դէպքերը տեղի ունեցան բոլորովին վերջերս, երբ Ատրպէյճանը, ի կատարումն ցեղային զտումներու իր երկարամյայ քաղաքականութեան, լայնածաւալ յարձակում իրագործեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ: Այն ժամանակ, երբ հարիւր հազար հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն կը փախչէին Հայաստանի Հանրապետութիւն, անվտանգային ոլորտի մեր դաշնակիցները մեզի ոչ միայն չէին օգներ, այլեւ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն ընելու, ժողովրդավարական իշխանութիւնը տապալելու հրապարակային կոչեր կը հնչեցնէին:
Բայց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը համախմբուեցաւ յանուն սեփական անկախութեան, ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան, եւ մեր պետութեան դէմ նիւթուած հերթական դաւադրութիւնը ձախողեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ու ժողովուրդը համախմբուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներու զոհ դարձած աւելի քան 100 հազար հայեր ընդունելու, ապաստան տալու խնդիրի լուծման շուրջ, եւ պէտք է արձանագրեմ, որ մենք այդ գործը պատուով կատարեցինք՚, եզրափակեց Փաշինեան£