Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԵՐ

October 18, 2023
in Հայաստան
0
ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԵՐ

 

Երեւանեան միջազգային թատերական փառատօնը Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալէ այնպիսի հռչակաւոր թատրոններ, ինչպիսիք են ՙԵւրոպայի թատրոն՚ կոչումը կրող փարիզեան Օտէոնը, Փեթերսպուրկի Ալեքսանտրինեան թատրոնը: Փառատօնին պիտի մասնակցին թատերախումբեր ԱՄՆ-էն, Լեհաստանէն, Վրաստանէն, Հայաստանէն£

Երեւանեան միջազգային թատերական փառատօնը, որ կազմակերպուած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ 17 Հոկտեմբերէն 18 Նոյեմբեր: Փառատօնը կը մեկնարկէ ՙՄոխրոտը՚ ներկայացմամբ, յատուկ Արցախէն բռնի տեղահանուած մանուկներուն համար£

Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն, փառատօնի հիմնադիր-նախագահ Վարդան Մկրտչեան ըսաւ, որ աշխարհի մէջ կան հրաշալի քաղաքներ, որոնք իրենց անուններով փառատօներ ունին, որոնք լաւագոյններն ենª Ավինիոն, Էտինպուրկ եւ այլն: ՙՄտածեցիքª ինչո՞ւ չունենալ Երեւանեան միջազգային փառատօն: Սա պարզ մրցակցութիւն չէ. առաջին պետական թատրոնը իր մէկդարեայ պատմութեան մէջ ունեցած է միջազգային մակարդակի տասնեակ արուեստագէտներ, եւ մենք պէտք է շարունակենք անոնց գործը եւ այդ արուեստագէտներուն միջազգային գործունէութիւնը 21-րդ դարի շունչով տարածենք եւ մեծցնենք՚, նշեց ան:

Մկրտչեանի խօսքովª փառատօնը թատերական աշխարհին փոփոխութիւն, նոր շունչ հաղորդելու նախագիծ է:

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան շնորհաւորեց թատերասէրները փառատօնի մեկնարկին առթիւ: ՙՇատ կարեւոր է, որ արուեստի բոլոր ոլորտներուն մէջ որակական բարձր նշաձողը պահենք ու զարգացնենք: Միջազգային համագործակցութիւնը այն ուղիղ ճանապարհներէն մէկն է, որով հնարաւոր է հասնիլ այդ նշաձողին, ուստի շատ կը կարեւորեմ, որ Երեւանի անունը կրող փառատօնը դառնայ մեր մշակութային կեանքի անբաժան մասը: Յոյս ունիմ, որ ամէն տարի կ՛արձանագրենք փառատօնի նոր յաջողութիւններ՚, ընդգծեց նախարարը:

Անդրէասեան յատկապէս հիմա կը կարեւորէ նման փառատօներու կայացումը, քանի որ մշակոյթը մարտահրաւէրներուն դիմակայելու ամենակարեւոր բաղադրիչներէն է:

Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչ Գօշ Սարգսեանի հաւաստիացմամբª Երեւանը ունի լուրջ թատերական աւանդոյթներ, Երեւանի մէջ աշխատած են ու կը շարունակեն աշխատիլ թատերական ոլորտի մեծագոյն գործիչներ, որոնք չեն զիջիր ոլորտի համաշխարհային արուեստագէտներուն: ՙԵրեւանի քաղաքապետարանը վերջին ժամանակներուն մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ թատերական ոլորտին: Յառաջիկային հիմնովին նորոգուած ու վերազինուած շահագործման պիտի յանձնուի ՙՄհեր Մկրտչեան՚ թատրոնը, 2024-ին հիմնովին պիտի վերանորոգուի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնը՚, տեղեկացուց Սարգսեան ու յաւելեց, որ 2024-ին կը նախաձեռնեն ՙԹատերական Երեւան՚ ծրագիրը գրականութեան ոլորտին մէջ, որու ծիրին մէջ պիտի համագործակցին հրատարակիչներու հետ, որոնց աջակցութեամբ պիտի թարգմանուին ժամանակակից կտորները:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Կիյոմ Նարժոլեն յիշեցուց, որ վաղուց կը համագործակցին Սունդուկեանի անուան թատրոնին հետ, յոյս ունինª համագործակցութիւնը շարունակական կ՛ըլլայ: ՙՄէկ տարի առաջ հանդիպեցանք Օտէոնի  եւ Սունդուկեանի անուան թատրոններու տնօրէններուն հետ եւ որոշեցինք Օտէոնի թատրոնը հրաւիրել Հայաստան: Յաջողեցանք: Օտէոնի թատրոնի տնօրէնը մէկ տարի առաջ մասնակցած է Հայաստանի մէջ կազմակերպուած դրամատիկական արուեստանոցին, որ Սերժ Աւետիքեանը նախաձեռնած էր՚, պատմեց Նարժոլեն: Ան շեշտեց, որ այսօր շատ կարեւոր է մշակոյթի միջոցով ամրապնդել հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու նպաստել անոնց զարգացման:

Փառատօնը տեղի կ՛ունենայ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին հովանաւորութեամբ, Օտէոն թատրոնի մասնակցութեան աջակցած են Ֆրանսական հիմնարկը, Ֆրանսայի դեսպանատունը Հայաստանի մէջ եւ ՙԱկբա՚ դրամատունը£ ՙԱրմենիա Վայն՚ ընկերութիւնը, որ փառատօնի աջակիցներէն է, ստեղծած է փառատօնին անունը կրող յատուկ գինի£

Share61Tweet38
Previous Post

5000 ԴԻՐՔ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒԱԾ

Next Post

ՙԵՐԲ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ԼՔԷԻՆ ԼՂ-Ն, ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԵՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐ Կ՛ԸՆԷԻՆ՚

Next Post
ՙԵՐԲ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ԼՔԷԻՆ ԼՂ-Ն, ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԵՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐ Կ՛ԸՆԷԻՆ՚

ՙԵՐԲ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ԼՔԷԻՆ ԼՂ-Ն, ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ՄԵՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՕԳՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԵՐ Կ՛ԸՆԷԻՆ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.