Եւրոխորհրդրանին մէջ իր ելոյթին ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցին£
Վարչապետը վկայակոչած է Կրանատայի մէջ ստորագրուած յայտարարութիւնը, որուն համաձայնª Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ու յարաբերութիւններու կարգաւորման այդ կարեւոր սկզբունքը պէտք է հիմնուած ըլլայ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան լիակատար յարգման, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան վրայ£
Փաշինեան ընդգծած է, որ վերոյիշեալ սկզբունքը արտացոլուած է Յուլիս 15-ին Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ խորհուրդի նախագահին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ ՀՀ վարչապետին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման բերումով ԵՄ խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի յայտարարութեան մէջ:
ՙԱտրպէյճանը շարունակաբար կը պնդէ, որ Հայաստանը պարտաւոր է սեփական տարածքով միջանցք տալ Ատրպէյճանին: Միջազգային առօրեայ խօսոյթին մէջ ձեզի ծանօթ բառապաշարով միջանցք ըսելով կը հասկնան պարզապէս միջպետական ճանապարհներ: Բայց մեր տարածաշրջանի պարագային կայ առանձնայատկութիւն մը: 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ միջանցք բառը կ՛օգտագործուի միայն Լաչինի միջանցքի պարագային, որ պէտք է ապահովէր Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի կապը: Առանձնայատկութիւնը այն է, որ ըստ այդ փաստաթուղթինª Լաչինի միջանցքը ոչ միայն ճանապարհ է, այլեւ հինգ քիլոմեթր լայնութեամբ տարածքային շերտ, որ պէտք է ըլլար Ատրպէյճանի վերահսկողութենէն դուրս, խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքոյ: Հետեւաբար, այս առումով, միջանցք բառը ունի արտատարածքային շերտի իմաստ՚, պարզաբանեց Փաշինեան:
Անոր պնդմամբª Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք, որեւէ տեղ, իր որեւէ տարածքին նկատմամբ իր ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրությեան որեւէ սահմանափակման չէ համաձայնած, նման խոստում չէ տուած, հետեւաբար ի՞նչ կը նշանակէ վերը մէջբերուած սկզբունքը:
ՙԿը նշանակէ պարզ բան մը. Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը իրենց ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան հիման վրայ, առանց վերոյիշեալ միջանցքային խօսակցութիւններու միմեանց համար պէտք է բանան իրենց ճանապարհները: Այդ ճանապարհներու անցագրային կէտերուն մէջ պէտք է գործեն սահմանային եւ այլ վերաբերելի հսկողական ծառայութիւններ` երկիրներու իրաւազօրութեան, ինքնիշխանութեան, օրէնսդրութեան հիման վրայ: Սա պէտք է կատարուի փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքով, եւ մենք պատրաստ ենք օր առաջ երթալու այդպիսի լուծումներու, պատրաստ ենք վերականգնելու Մեղրիի երկաթուղին, որ Հայաստանի հարաւով պիտի կապէ ոչ միայն Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը, այլեւ Հայաստանի հարաւային շրջանները հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն հետ, Ատրպէյճանի հարաւարեւմտեան շրջանները` Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ, հետագայ շարունակութեամբ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ, Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հետ, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, Հայաստանըª Իրանի հետ, արեւելքը-արեւմուտքի հետª Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական, հիւսիսը-հարաւի հետª Ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով: Հայաստանի մէջ այս նախագիծը կ՛անուանենք Հայկական Խաչմերուկ՚, ըսաւ ՀՀ վարչապետը:
Փաշինեանի դիտարկմամբª այդ նախագիծը աւելի տարածաշրջանացնելու, ռիպրենտինկի ենթարկելու եւ Եւրոպական խորհրդարանի բարձր ամպիոնէն Խաղաղութեան խաչմերուկ անուանելու ժամանակն է, եւ այդ անունը նոյնքան կարեւոր եւ ընդունելի է հայկական կողմին համար: Նոյն տրամաբանութեամբ Հայաստանը պատրաստ է ճանապարհներու բացման նոյնպէս: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է իր տարածքին մէջ ապահովելու բեռներու, ոխադրամիջոցներու, մարդոց, խողովակաշարերու, ելեկտրական գիծերու անվտանգութիւնը, որովհետեւ խաղաղութեան խաչմերուկը կ՛ենթադրէ այդ շարքին խողովակաշարերու եւ ելեկտրագիծերու անցում:
ՙՆման լուծումները շատ կարեւոր են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ մեր երկիրը արդէն 30 տարիէ շրջափակման մէջ է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ: Ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստանը տարածաշրջանի ճանապարհային հաղորդակցութիւններու բացման խոչընդոտելու մէջ մեղադրելու որեւէ հիմք չկայ եւ կան վերլուծութիւններ, որ պաշտօնական Պաքուն միջանցքային խօսոյթը կը նենգափոխէ` տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմ հրահրելու, Հայաստանի նորանոր տարածքներ բռնագրաւելու, կամ Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելու համար: Նման բան թոյլ տալ կարելի չէ՚, ըսաւ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը հաւաստիացուց, որ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու մասով, ներառեալ փոխադարձութեան սկզբունքի պահպանմամբ, Հայաստանը պատրաստ է երթալու ընթացակարգերու պարզեցումներու, պատրաստ է ապահովելու ատրպէյճանական բեռներու եւ ատրպէյճանցիներու անցման անվտանգութիւնը ՀՀ տարածքով` յոյս ունենալով նաեւ փոխադարձութեան£ Հայկական կողմը պատրաստ է նաեւ զօրքերու հայելային ետքաշմանª 1991 թուականի սահմաններու գիծէն, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանը Հայաստանի որեւէ տարածքի մէջ զօրք պիտի չունենայ, Հայաստանն ալ Ատրպէյճանի: Փաշինեանի խօսքովª Հայաստանը պատրաստ է փոխադարձութեան սկզբունքով հասցէագրելու նաեւ այսպէս կոչուած ներգաւառներու հարցը£