ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՄԵԾ ԼՐԱԳՐՈՂ
ՃՆՇՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՁԱՅՆª
ԹԱԼԱԼ ՍԱԼՄԱՆ (1938-2023)
Թալալ Սալման ճնշուած մարդուն ձայնը աշխարհին հասցնող լրագրողն էր: Երկու դատ հետապնդեց Սալման իր կեանքի ընթացքին: Առաջինը արաբական աշխարհի ժողովրդավարացման հոլովոյթն էր, որ մեծ տեղ գրաւեց լրագրողի կեանքին մէջ: Երկրորդը պաղեստինի ճնշուած ու իր հողէն բռնի հեռացուած ժողովուրդին դատն էր, որ կազմեց Թալալ Սալմանի կեանքին մեծ մասը: Ան միշտ մնաց պատասխանատու լրագրողը, որ բնաւ չընկճուեցաւ, այլ միշտ մնաց պատնէշի վրայ:
Ծնած է հիւսիսային Պեքաայի Շըմսթար գիւղաքաղաքին մէջ: Այդ գիւղաքաղաքաը տուած է մեծեր Լիբանանին: Այդ մեծերէն մէկն էր խորհրդարանի նախկին նախագահ Հըսէյն Հըսէյնին, որ միշտ մնաց համեստ ու երկրի հարցերով տառապող քաղաքական գործիչը:
Թալալ Սալմանի կեանքի պատմութեան մէջ ՙԱլ Սաֆիր՚ օրաթերթը գրաւեց մեծ տեղ ու համբաւ բերաւ լրագրողին 1974 թուականէն սկսեալ: ՙԱլ Սաֆիր՚ օրաթերթը եղաւ ճնշուած խաւերու եւ դատերու խօսնակը: Իր թերթի լոզունգն էր ՙՁայնը անոնցª որ ձայն չունին՚: Ուր որ ճնշուած մարդ կար, ճնշուած դատ կար, հոն էր Թալալ Սալման իր գրիչով: Կը կշտամբէր, կը պախարակէր յոռի սովորութիւններ, միապետական քաղաքական վարքագիծ: Արաբականութեան եւ ժողովրդավարացման դրօշակակիրն էր Սալման: Առաջին մտաւորականներէն էր, որ պահանջեց Լիբանանի ապահամայնքային, դեմոկրատական վարչաձեւի հաստատումը:
Արաբ ազգայնականութեան դրօշակակիրն էր Սալման: Միշտ պաշտպանեց արաբ ժողովուրդներու դատը: Այս պատճառով ան քանի անգամ ենթարկուեցաւ մահափորձի: Խիզախ գրիչ էր որ ընկրկիլ չէր գիտեր: Օրաթերթին տպարանը պայթումի ենթարկուեցաւ: Պաղեստինցի ժողովուրդին արդար դատը որդեգրեց Սալման: Իր օրաթերթը դարձաւ պաղեստինցի ժողովուրդին արդար դատը ներկայացնողը իր բոլոր երեսներով: Քամալ Ժոմպլաթ եւ Ժամալ Ապտըլնասէր երկու քաղաքական դէմքեր էին, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցան երիտասարդ Թալալի քաղաքական եւ ընկերային փիլիսոփայութեան զարգացումին մէջ: Ժոմպլաթէն սորվեցաւ ընկերային արդարութեան գաղափարախօսութիւնը, իսկ Ապտըլնասըրէնª արաբ ազգայնական փիլիսոփայութիւնը:
2017 թուականի Յունուարին, տնտեսական պատճառներով Թալալ Սալման փակեց իր սիրած ՙԱլ Սաֆիր՚ը, որ 43 տարի շարունակ դարձաւ խօսափողը աղքատին, ճնշուածին, հալածեալին: Դարձաւ դպրոց, որմէ աւարտեցին մեծ լրագրողներ: Լրագրողներ, որոնք շատ բան տուին արաբական աշխարհին, ժողովրդավարացման եւ ճնշուածներու դատի ներկայացումին մէջ: Իր թերթը ամպիոն էր ազատ, պատասխանատու խօսքի: Խօսք որուն նպատակն է կրթել, դաստիարակել, զարգացնել, փոխել դէպի լաւը, դէպի բարին: ՙԱլ Սաֆիր՚ օրաթերթը փարոս էր ազատ, պատասխանատու խօսքի: Ուղենիշն էր ընկերային զարգացումի: Տարբեր երկիրներէ արաբ լրագրողներ յօդուած կը ստորագրէին ՙԱլ Սաֆիր՚ին մէջ, զայն դարձնելով արաբական ազատ խօսքի հարթակ: Լիբանան միշտ յարգանքով պիտի յիշէ իր մեծ լրագրող զաւակըª Թալալ Սալմանը: Ազնիւ եւ ազատ խօսքը խրախուսողը, լրագրութեան մեծ դպրոցի հիմնադիրը:
ԲՆԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՏԱՔՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԸ ԱՆՏԱՆԵԼԻ
ԱՄՆ-ի ՙPenn State College of Health and Human Development՚ համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներ սկսած են կատարել հետազօտութիւն մըª ճշդելու համար այն ջերմաստիճանի չափը, որ տանելի է մարդոց համար: Ըստ այս հետազօտութեան, ամէն տարի եթէ ջերմաստիճանը բարձրանայ մէկուկէս աստիճանով, Երկիր մոլորակին վրայ շատ մը շրջաններ պիտի դառնան անբնակելի մարդոց համար: Ջերմային հարուածը (heat stroke) եւ սիրտի տագնապը պիտի դառնան ամենամեծ սպառնալիքը մարդոց կեանքին:
Ըստ այս հետազօտութեան, երիտասարդ տարիքի մարդոց համար 31 աստիճան տաքութիւնը 100 առ հարիւր համեմատութեամբ խոնաւութեան պարագային տանելի է: Փաքիստանի եւ Հնդկաստանի Հինտուս գետի հովիտը, արեւելեան Չինաստանը եւ Սահարա անապատի հարաւային շրջաններու բնակիչները պիտի դառնան ամենաազդուող համայնքները կենսոլորտային տաքացումէն:
ՙՍայընս Տէյլի՚
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Ա. ՄԱՍ
Վերջերս կարդացի շատ հետաքրքրական գիրք մը, որուն հեղինակն է ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոք: Ֆրանսացի մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ, թէ ինչպէս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Իսլամը երրորդ միաստուածեան կրօնքն է: Ան երեւան եկաւ Մոհամմատ մարգարէի վարդապետութեան միջոցով, Ք.Ե. 7-րդ դարուն: Իսլամի երեւումով հաստատուեցաւ արաբական-իսլամական մշակոյթը: ՙՏար Ալ իսլամ՚ կը կոչուի այն շրջանը, ուր իսլամի հետեւորդներ մեծամասնութիւն կը կազմեն ու իշխող տարրն են: Իսլամի տարածումը օժանդակեց արաբական մշակոյթի եւ արաբերէնի տարածումին:
ՙԻսլամ՚ բառը արաբերէն կը նշանակէ յանձնուած: Աստուծոյ կամքին յանձնուած մարդը իսլամն է: Արաբերէնին մէջ ՙսալլամա՚ կը նշանակէ յանձնեց: Իսլամ բառը կու գայ այդ արմատէն: Ըստ Իսլամի վարդապետութեան, Աստուած որ Ալլահն է, Մոհամմատ մարգարէին յանձնեց ՙԱլ Քորան՚ գիրքին ՙսուրա՚ները կամ մասերը:
ՙGeopolitique Des Islamismes՚, Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ո՞Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ
Շատ անգամ մենք մեզի կը հարցնենք, թէ ո՞վ ենք մենք, ինչո՞ւ եկած ենք այս աշխարհ, ի՞նչ ընելու: Յոյն փիլիսոփայ Սոկրատ Ք.Ա. 5-րդ դարուն այս հարցումին պատասխանը փորձեց գտնել, ամէն մարդու կոչ ուղղելովª ՙԾանիր զքեզ՚: Ինքզինք երբ ճանչնաս, արդէն ճամբուն կէսը կտրած կ’ըլլաս ինքնաճանաչումի: Ըստ սերպ գիտնական Թեսլայի, ամէն էակ ուժանիւթի եւ թրթռացումներու համադրութիւն (combination) մըն է: Մարդ էակը մնայուն գոյութիւն մըն է այս տիեզերքին մէջ: Գիտակցութիւնը (consciousness) գոյութեան ամեանաբարձր մակարդակն է: Բոլորս ալ գիտակից ենք, որ կ’ապրինք այս տիեզերքին մէջ, ունինք խիղճ, որ կու գայ աւելի բարձր գոյէ մը, որ կը կոչուի Աստուած: Մարդը աստուածային եւ յաւիտենական տիեզերական էակ մըն է:
Պատճառը որ մենք կը գտնուինք Երկիր մոլորակին վրայ, երեք խորքով բնութեան մէջ, այն է որ մենք սխալ ձեւով օգտագործած ենք Աստուծոյ տուած ամենամեծ եւ ամենագեղեցիկ յատկութիւնըª ազատ կամքը: Ազատ կամքը մարդուն տրուած է տիեզերքի ստեղծիչին կողմէ, բարի գործ կատարելու համար ու դրականը զարգացնելու համար: Մինչ Մարդը այդ իրաւունքը օգտագործած է չարին ու ժխտականին մօտենալու համար, ուզելով ազատ կամքը շահագործել: Մեր ժխտական մտածումով ու ժխտական գործով մենք հեռացած ենք դրական ուժերու ազդեցութենէն: Այս պատճառով եւ սորվելու համար ճիշդ ապրելու ճամբան, Աստուած մարդը հեռացուցած է իր արքայութենէն ու ղրկած է վայր մը, ուր կայ ժամանակ, տեղ եւ նիւթ:
(Շարունակելի)
Աղբիւրª Hans Wilhelm, Youtube
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Արեւմտեան Հայաստանի հարցին վերաբերող դիւանագիտական ծալքերը Ռուսիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներու հիմնական կողմնակիցը Ռուսիան էր: Նոյն քաղաքականութիւնը ան վարած էր յոյներուն եւ պալքանեան թերակզիի իր սլաւ ցեղակիցներուն հանդէպ: Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան եւ Աւստրօ-Հունգարիան որեւէ նպատակ չունէին օգնելու հայերուն: Իրենց վարած քաղաքականութիւնը այդ մէկը կը փաստէր:
Մեծն Բրիտանիան ՙսթաթուս քօ՚ն պահելու պատրուակին տակ ուզեց պահել Օսմանեան պետութեան ամբողջականութիւնը, հոգ չէ թէ քրիստոնեայ ժողովուրդներու շահին ի վնաս: 1840-1841 թուականներուն, անգլիական կառավարութիւնը Լոնտոնի մէջ գումարուած գերտէրութիւններու ժողովներուն անգամ մը եւս փակեց Պոսֆոր եւ Տարտանէլ նեղուցները միջազգային նաւատորմիղներու առջեւ: Այս ՙսթաթուս քօ՚ի զէնքը շատ լաւ գիտցան օգտագործել օսմանցի սուլթանները, ճնշուած պահելու համար քրիստոնեայ ժողովուրդները:
ՙԱրեւելեան հարց՚ի առաջին փուլը տեւեց 1822-էն 1853, երբ բռնկեցաւ Խրիմի պատերազմը: Խրիմի պատերազմը փոխեց այս հարցին ընթացքը ի վնաս Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն:
Աղբիւրª ՙՀայաստանը Միջազգային Դիւանագիտութեան եւ Սովետական Արտաքին Քաղաքականութեան Փաստաթղթերում՚, Ճ. Կիրակոսեան, 1972
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ԿԱՊԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ՃՆՇՈՒՄԻ ՈՒ ԱԼԶՀԱՅՄԸՐԻ ՄԻՋԵՒ
Շուէտի ՙKarolinska Institutet՚ բժշկական գիտահետազօտական կեդրոնին մէջ խումբ մը մասնագէտներ սկսան հետազօտութիւն մըª սերտելու համար կապը մնայուն ճնշումի ու Ալզհայմըրի միջեւ: Սերտողութեան մասնակցած են 18-65 տարեկան անձեր: Շուէտի մէջ ներկայիս 160 հազար անձեր կը տառապին մտային հիւանդութենէ մը, Ալզհայմըրը ըլլալով ամենայայտնին: Այս սերտողութեան նպատակն էր գտնել կապը մարդու կեանքի ընթացքին մնայուն ճնշումի ու Ալզհայմըրի միջեւ:
Այս հետազօտութիւնը տուեալներով փաստեց այն կապը, որ կայ մնայուն ճնշումի եւ Ալզհայմըրի միջեւ: Ըստ այս հետազօտութեան, ապագային Ալզհայմըրէ կրնան տառապիլ մնայուն ճնշումէ տառապող անձեր երկու անգամ աւելի քան ճնշումէ չտառապող մարդիկ: Ճնշումէ ու ընկճախտէ տառապող մարդիկ չորս անգամ աւելի հաւանականութիւն ունին տառապելու Ալզհայմըրէ:
Աղբիւրª https://www.sciencedaily.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Ա.ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը£ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը£
Սերունդէ սերունդ փոխանցուելէ եւ որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք, ան պահպանած է իր հիմքին մէջ գտնուող եւ միայն իրեն յատուկ շարժական, կառուցուածքային ու երաժշտական առանձնայատկութիւնները£
Պատմութիւն
20-րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան Հայաստանէն Արեւելեան Հայաստան կը գաղթեն բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք իրենց հետ կը բերեն երգեր, պարեր եւ իրենց բնորոշ տարազներ£ Բնականաբար, տեղի կ’ունենայ ազգային մշակոյթի երկու տարբեր ճիւղերու խաչասերում, որուն որպէս արդիւնք կը ձեւաւորուի նորª աւելի հարստացած տարբերակը£
Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք հայկական պարի կրթութիւնը կառավարութիւնը կը ստանձնէ£ Կը հիմնուին պարային դպրոցներ, որոնք կը նպաստեն հետագային ազգային պարէն առանձնացուող ժողովրդական պարի ստեղծումին:
Ներկայիս հայկական ազգային պարը կը բաժնուի երկու խումբիª ազգագրական եւ ժողովրդական£
(Շարունակելի)
Աղբիւրª ՙՈւիքիփետիա՚
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԷՆՏՐՈՅՏ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎՏԱՆԳ – Բ. ՄԱՍ
Բջիջային հեռախօսի ՙԷնտրոյտ՚ համակարգը իր մէջ կը պարունակէ շատ մը կէտեր, որոնք կրնան դիւրութեամբ շրջանցուիլ ու վտանգել օգտագործողին տեղեկութիւնները:
Ապահովութեան ամենակարեւոր պայմաններէն մէկն է չօգտագորել անթել ցանցեր առանց գիտնալու աղբիւրը: Այսինքն երբ կը գտնուինք սրճարանի մը մէջ եւ ան ունի անլթել ցանց, որ կրնաք օգտագործել, պէտք է ուշադիր ըլլաք, որ ձեզ չուղղեն վտանգաւոր կայքէջեր:
Աղբիւրª ՙwww.makeuseof.com՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ