ԼԻԲԱՆԱՆ
ԱՐՏԱԾՈՒՄԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ ՓՐԿԻՉ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ
Լիբանանի տնտեսական տագնապի ամենամեծ պատճառներէն մէկն է երկրի առեւտրական բացը: Այսինքն երկիրը կը ներածէ աւելի ապրանք քան կ’արտածէ: Ըստ տնտեսական ցուցանիշի մը, Լիբանան կ’արտածէ 1179 տեսակ ապրանք: Արտածումին գումարը կը հասնի 3 միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Կառավարութեան տնտեսական սխալ քաղաքականութեան պատճառով նոյնպիսի ապրանք կը ներածուի տարեկան 5,4 միլիառ ԱՄՆ տոլար արժէքով: Կառավարութիւնը եթէ այդ ներածուող ապրանքին վրայ մաքս դնէ, այդ ապրանքին ներածումը կը նուազի: Փոխարէնը լիբանանեան ճարտարարուեսը կը զարգանայ, արտածումը կ’աւելնայ ու երկրին տնտեսութիւնը կը սկսի բռնել վերականգնումի ճամբան: Սակայն, լիբանանեան բոլոր կառավարութիւնները 1992 թուականէն սկսեալ վարեցին նոյն սխալ, դուրսէն պարտադրուած քաղաքականութիւն, մաքս չդնելով ներածուող ապրանքին վրայ ու վնաս հասցնելով երկրի ճարտարարուեստին: Կրնա՞յ ըլլալ որ փոխուի այդ քաղաքականութիւնը ի նպաստ ճարտարարուեստին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԱՐՑԱԽՑԻՆ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներու տառապանքը թեթեւցնելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է առնել կարգ մը քայլեր: Տնտեսութեան նախարարը գումարած է ժողով մը, որուն մասնակցած են Փոքր եւ Միջին չափի ընկերութիւններու յանձնախումբի անդամներ: Նպատակը յստակ էª արցախցի մեր քոյր ու եղբայրներուն ապահովել պայմաններ իրենց կեանքը շարունակելու համար Հայաստանի մէջ: Այս պէտք է ըլլայ Հայաստանի կառավարութեան նշանաբանը: Ոչ մէկ արցախցի պէտք է զգայ ինքզինք ընկճուած: Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Սփիւռքը միասին աշխատելու պարագային, արցախցին կրնան պահել Հայաստանի մէջ:
Ըստ Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան վերջին տուեալներուն, Արցախէն տեղահանուած 11 հազար 238 երեխայ ընդունուած են Հայաստանի հանրապետութեան վարժարաններուն մէջ:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ՊԱՂԵՍՏԻՆ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ
Իսրայէլի իշխանութիւնները 2007 թուականէն սկսեալ Կազայի հատուածին շուրջ պաշարումի օղակ մը հաստատեցին: Իսրայէլ իր ձեռքերուն մէջ պահեց հատուածին տնտեսական լծակները: Թոյլ տուաւ սնունդի, վառելանիւթի եւ դրամական հոսքի նուազագոյն չափ մը հատուածը աղքատութեան ճիրաններուն մէջ պահելով: ՙՀամաս՚ շարժումը օգտուեցաւ կիսանկախ վիճակէն եւ սկսաւ զինուիլ Իրանի օժանդակութեամբ: Իսրայէլի մէջ ծայրայեղ կառավարութեան մը կազմուիլը, անոր թոյլ տալը գաղութարարներուն սանձարձակ գործելիւ եւ խաղաղութեան որեւէ յոյսի բացակայութիւնը, ուղղակի պատճառներն էին պաղեստինեան պոռթկումին: Ապագան մութ է եւ երկու պետութեան հաստատումը միակ լուծումն է այս հարցին: Հակառակ պարագային, շրջանը պիտի մնայ արիւնահեղութեան շրջանակի մը մէջ անորոշ ապագայով:
Հակառակ թրքական կառավարութեան առած բոլոր քայլերուն, պարտքի տոկոսի բարձրացնելով, թրքական լիրան շարունակեց իր փոխարժէքի անկումը: Տարուան սկիզբէն ի վեր թրքական լիրան կորսնցուցած է իր փոխարժէքին 50 առ հարիւրը: Այս շաբաթ անոր փոխարժէքը հասաւ 28 լիրայի մէկ ԱՄՆ տոլարի փոխարէն: Կեդրոնական դրամատունը պարտքի տոկոսը բարձրացուց 30 առ հարիւրի որպէսզի կարենայ թեթեւցնել ճնշումը թրքական լիրային վրայէն ու սանձէ սղաճը: 18 ամսուան ընթացքին, Կեդրոնական դրամատունը շուկայ մտցուց 200 միլիառ ԱՄՆ տոլար զապելու համար անկումը, սակայն ապարդիւն: Սղաճն ալ մնաց անզսպելի, հասնելով 61,5 առ հարիւրի:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
ԶԷՆՔԻ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ
Ըստ մասնագէտներու, Մեքսիքայի մէջ գործող կազմակերպուած յանցագործութեան խումբերու կամ մաֆիաներու զէնքի հիմնական աղբիւրը ԱՄՆ-ն է: Այս է պատճառը որ Մեքսիքայի կառավարութիւնը կը պատրաստուի դատ բանալու ԱՄՆ-ի մէջ զէնքի վաճառականներու դէմ, որոնք ապօրինի զէնք կը վաճառեն Մեքսիքայի մէջ գործող կազմակերպուած յանցագործութեան խումբերու: Նոյնն է պարագան Քարիպեան ծովուն մէջ գտնուող կղզիներուն: Հոն ալ գործող կազմակերպուած յանցագործութեան խումբերու զէնքին հիմնական աղբիւրը ԱՄՆ-ն է:
ԵՒՐՈՊԱ
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊԸ
Եւրոպական միութեան երկիրներ, որոնք ունին ճարտարարուեստի վրայ հիմնուած տնտեսութիւն, պէտք ունին աժան գործաւորի: Գաղթականները ընդհանրապէս կը փակեն այդ բացը: Սակայն, ապօրինի գաղթականներու հոսքը, Միջին Արեւելքի եւ Աֆղանիստանի մէջ պատերազմի պատճառով եւ Ափրիկէի մէջ աղքատութեան պատճառով, սկսած է գլխացաւ պատճառել Եւրոպական միութեան համար: Սահմանային երկիրներ, ինչպէս Իտալիա եւ Յունաստան, կը գանգատին թէ Եւրոպական միութեան մնացեալ անդամները չեն օժանդակեր իրենց գաղթականներ ընդունելու հոլովոյթին եւ զիրենք կը ձգեն առանձին այս հարցին դիմաց:
Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ տասը տարի առաջ հիմնուած Alternative for Germany կամ AfD ծայրագոյն աջ կուսակցութիւնը սկսած է հող շահիլ: Կուսակցութիւնը օգտուեցաւ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք Գերմանիոյ տնտեսութեան ծանր վիճակէն եւ գաղթականներու հոսքը սահմանափակել ուզող քաղաքացիներու պահանջէն: Կուսակցութիւնը շահեցաւ արեւմտեան Հէս նահանգի քուէներուն 18,4 առ հարիւրը եւ Պավարիա նահանգի քուէներուն 14,6 առ հարիւրը: Միւս կողմէ ճարտարարուեստի արտադրութիւնը նուազեցաւ 0,2 առ հարիւր համեմատութեամբ: Արտաքին շուկայէն պահանջարկի անկումը, արհեստավարժ գործաւորներու պակասը, պարտքի բարձր տոկոսը եւ ուժանիւթի բարձր գինը հիմնական պատճառներն են այդ անկումին:
ԱՄՆ
ՊԱՐՏՔԸ ՍԿՍԱՒ ԴԱՌՆԱԼ ԱՆԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ
Միացեալ Նահանգներու պետական պարտքը, ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու պարտքերը սկսած են դառնալ անկառավարելի: Պետական պարտքը սկսած է աւելնալ մրցանիշային համեմատութեամբ: Իրերայաջորդ կառավարութիւններու պետական եւ առեւտուրի հսկայ բացերով աշխատիլը, առանց բացը նուազեցնելու յստակ քաղաքականութեան, երկիրը պիտի հասցնէ տեղ մը, ուր պարտքը պիտի դառնայ անկառավարելի: Ներկայիս ԱՄՆ-ի տարեկան եկամուտը 25 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլար է: Իսկ պետական պարտքը հասած է 33 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլարի: Դրամատուները սկսած են դիմագրաւել պարտքեր փակելու ուշացումի եւ անկարողութեան պարագաներ: Եկամուտի նուազումին պատճառով շատ մը ընտանիքներ սկսած են ուշանալ պարտքի տոկոսը վճարելու: Ըստ վերջին տուեալներու, ԱՄՆ-ի ընտանիքներուն 11,8 տոկոսը եկամուտի անկում ունեցած է անցեալ ամսուան 10,7 տոկոսին դիմաց: Ուրեմն, ընտանիքներու եկամուտին նուազումը սկսած է աւելնալ: Այս իրականութիւնը սկսած է աւելնալ ու ապագային դրամատուներու սնանկացումի պատճառներէն մէկը կրնայ դառնալ: Ընկերութիւններն ալ սկսած են կրել պարտքի տոկոսի յաւելումին ժխտական հետեւանքները: Նոր պարտքի դրամ վերցնելու դժուարութիւնը եւ տոկոսի յաւելումը շատ մը տկարացած ընկերութիւններ պիտի մղեն սնանկացում յայտարարելու:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՏՈԼԱՐԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
ՙՏոլարէն հեռանալը պէտք է դառնայ պետական քաղաքականութիւն՚: Այս խօսքը ըսած է Չինաստանի Շանկհայի Ռազմավարական եւ Միջազգային Վերլուծումի կեդրոնի տնօրէն Նելսըն Ուոնկ: Տոլարէն հեռանալը, ըստ մասնագէտին, պարտադրուեցաւ Չինաստանին, Ռուսիային եւ ԱՄՆ-ի միահեծան տնտեսական համակարգէն տարբեր ուղղութեան հաւատացող բոլոր պետութիւններուն: Ուքրանիոյ մէջ սկսած պատերազմը առիթ էր փաստելու ԱՄՆ-ի կողմէ տոլարը որպէս զէնք գործածելու քաղաքականութեան հետեւիլը: Այս քայլը շատ մը երկիրներ մղեց հեռանալու ԱՄՆ տոլարէն որպէս առեւտուրի համակարգ: Ձեւով մը, ԱՄՆ-ի տոլարը որպէս զէնք գործածելը դարձաւ իր դէմ ու այսօր շատ մը երկիրներ սկսած են իրարու հետ առեւտուր կատարել իրենց երկիրներու դրամանիշով: Այս հոլովոյթը շարունակուելու պարագային, իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ԱՄՆ-ի տոլարի փոխարժէքին վրայ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՈՉ-ԻՐԱՑՈՒԵԼԻ ԳՈՅՔԵՐ (Illiquid assets)
Ոչ-իրացուելի գոյքերը գոյքի այն դասակարգն են, որոնք կը պահուին դրամատուներու կողմէ: Այդ դասակարգին կը պատկանին երկար ժամանակամիջոցի պարտքերը: Այս պարտքերը կը համարուին ամենավտանգաւոր գոյքերը դրամատան մը համար, որովհետեւ տնտեսական որեւէ տագնապի պարագային, երբ դրամատան յաճախորդները պահանջեն իրենց ի պահ դրած գումարը, դրամատունը պէտք է ունենայ կանխիկ գումար այդ վճարումը կատարելու համար: Այս պարտքին եկամուտը մեծ է դրամատան համար, սակայն անոր դիմաց դրամատուն մը պէտք է պահէ կանխիկ գումարª որեւէ տագնապի պարագային կարենալ վերադարձնելու համար յաճախորդներուն դրած գումարը:
Աղբիւրներª ՙՏը Էքոնոմիսթ՚, ՙՌաշա Թուտէյ՚, ՙԱռաւօտ՚ եւ ՙԱլ Տիյար՚
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ