Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՕՐԸ

October 14, 2023
in Միջազգային
0
ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՕՐԸ

 

Պաղեստինեան գործողութեան եօթներորդ օրը յատկանշուեցաւ Արեւմտեան Ափին մէջ գործողութիւններու սկսելով: ՙԺիհատ Իսլամի՚ պաղեստինեան կազմակերպութեան ՙՍարայա Ալ Քուտս՚ գումարտակը յարձակեցաւ Ժընին քաղաքի մօտակայ իսրայէլեան գաղութավայրերուն վրայ:

ՙՀամաս՚ պաղեստինեան շարժումի ՙԱլ Քասսամ՚ գումարտակը առաջին անգամ ըլլաով ռմբակոծեց հիւսիսային Իսարէյլի Գալիլիա շրջանին մէջ գտնուող Սաֆատ քաղաքին մէջ հիւսիսային շրջանի բանակի կեդրոնը: Գործածուեցաւ ՙԱյյաշ 250՚ մակնիշի հրթիռ մը: Այս գումարտակը ռմբակոծեց Թէլ Աւիւի մէջ գտնուող ՙՊէն Կուրիոն՚ օդակայանը եւ Ստիրոթ քաղաքը 50 հրթիռով: Իսրայէլեան բանակի կեդրոնացումներ թիրախ դարձան ՙԱլ Քասսամ՚ի հրթիռներուն եւ ՙԱլ Զաուարի՚ մակնիշի յարձակողական անօդաչու թռչող սարքերուն:  ՙՀացրիմ՚ օդային խարիսխը թիրախ դարձաւ ՙԱլ Քասսամ՚ի հրթիռներուն:

Կազայի կառավարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծած են գաղթականներու շարասիւն մը Կազայի մէջ: 70 հոգի զոհուած է եւ 200 հոգի վիրաւորուած է:

ՙՀամաս՚ շարժումի ՙԱլ Քասսամ՚ գումարտակին անունով խօսնակ Ապու Օպէյտա յայտարարեց, թէ թշնամին տկար է ու վախկոտ եւ չի կրնար տեղահանել Կազայի բնակիչները: Ան աւելցուց, որ տեղահանութիւն չկայ իրենց բառարանին մէջ: Իրենք պիտի շարժին մէկ ուղղութեամբª վերադառնալու համար իրենց ծննդավայրը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՉՍՐԲԱԳՐՈՒԱԾ ՍԽԱԼԸ

Next Post

ԱՄՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ

Next Post
ԱՄՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ

ԱՄՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.