ՈՒԽՏ ՄԱՇՏՈՑԻ
Թարգմանչաց շարժումը հոգեմտաւոր յեղափոխութեան տարողութիւն ստացաւ մեր պատմութեան մէջ: Ազգային վտանգուած ինքնութիւնն ու տարտամօրէն թաւալող հայկական ինքնուրոյնութիւնը փրկուեցան յաւերժօրէն: Քաղաքական իմաստուն եւ հեռատես քայլ էր այբուբենի միջոցաւ ազգային դիմագիծ ու նկարագիր պահպանելու լուսաւոր անկիւնադարձը` որ ցայսօր երախտապարտ կը թողու թարգմանչաց սերունդին շառաւիղներուն շառաւիղները եւ ծոռներուն ծոռները:
Մտաբերելով հինգերորդ դարը, երբ Հայաստան բաժնուած էր երկու համայնակուլ կայսրութիւններու միջեւ, հայոց պետական կրօնքն ու եկեղեցին թիրախ էին հալածանքներու, երբ գիրի չգոյութեան պատճառով ուծացման խորշակը կրնար կուլ տալ ազգին մեծամասնութիւնը, երբ հաղորդակցութեան համար չկար միասնական ամուր շաղախ, Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարեղ նախաձեռնութիւնն ու տեսիլքը ազգը փրկեցին անհետացման ստոյգ սպառնալիքէ: Համատարած խաւարին ընդմէջէն` ճառագայթեց լոյսն ու յոյսը:
Ժողովուրդի մը գոյատեւման նախապայմանները եթէ անոր հողն ու հայրենիքն են, եթէ բանակն ու տնտեսութիւնն են, եթէ հաւատքն ու ընտանիքներն են, ապա նոյնքան կարեւոր գործօն է մշակոյթն ու գիր-գրականութիւնը իրենց բոլոր ստորոգելիներով: Մշակութային ու հոգեմտաւոր աւիշը կը նմանի այն շաղախին` որ կրնայ միացնել ազգին բոլոր ուժերը, սերունդները, տարտղնուած բեկորները, ցանցնուած հատուածները: Եւ ահա հինգերորդ դարուն, մեր մռայլ երկնակամարին վրայ երեւցաւ մի այր` Մաշտոց անունով:
Ուշագրաւ եւ ուսանելի հանգամանք մը նկատելի է գիրերու գիւտին եւ թարգմանչաց շարժման պարագային: Խոշոր իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենան տարբեր ազդեցիկ ուժերու մէկտեղումով եւ համակարգուած աշխատանքով: Այս պարագային` հոգեւոր (Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս), պետական-քաղաքական (Վռամշապուհ արքայ) եւ մտաւոր (Մեսրոպ Մաշտոց) ոլորտներու պարագլուխներուն նպատակասլաց գործունէութիւնն ու սքանչելի գործակցութիւնը արդիւնաւորեցին այն` ինչ որ համազօր է հրաշալի փրկութեան:
Թարգմանչաց շարժման ոգիէն բղխած է այն գաղափարը` թէ Հոկտեմբերը պէտք է հանրահռչակել հայոց Մշակոյթի ամիս: Իրաւացի մատնանշում մը արդարեւ, որովհետեւ այդ շարժումէն սկսաւ թարգմանական յոյժ էական աշխատանքը, գրականութեան ու իմաստասիրութեան ծաղկումը, պատմութեան արձանագրումը եւ արուեստներու վերելքը` երաժշտութեան, ճարտարապետութեան, գրչութեան, մանրանկարչութեան, խաչքարագործութեան եւ այլ արուեստի ճիւղերու գերազանց դրսեւորումով:
Արտաքինով մշակութային, բայց իր էութեամբ քաղաքական ինքնուրոյնութեան ձգտող այս մարտավարութիւնը ուրիշ ընդգծելի շեշտադրում մը եւս ունի: Հոն պիտի որոնել ազգային անկախութեան տարրերը: Եթէ անկախ պետականութիւնը յստակ սահմաններ ունի, ապա մշակութային անկախութիւնը հեռու է սահմաններէ եւ սահմանափակումներէ: Սա անկողոպտելի հարստութիւն է: Երբ դարերու ընթացքին զրկուած էինք պետական կարգ ու սարքէ, սակայն անկախ էինք մեր մշակութային բնորոշ գիծերով, լեզուով եւ հաւատքով: Մաշտոցն էր որ մեզի օժտած էր այնպիսի անկախութեամբ` որ չկրցան խլել կամ եղծանել տարբեր վայրագ ժողովուրդներ, մոնկոլեան սմբակներ թէ յունական դարանակալ խարդաւանքներ, թուրք-պարսկական եաթաղաններ կամ ռուսական բիրտ հրահանգներ: Մշակոյթը աներեւոյթ պատուարի նման կուրծք տուաւ ամէն տեսակի վտանգի եւ ահաբեկիչ սադրանքներու դէմ: Ուրեմն, ինչո՞ւ վարանիլ յայտարարելու` թէ նաեւ ազգային անկախութեան ռահվիրաները դարձան թարգմանչաց շարժման նախակարապետները: Անոնք տեսան հեռուները եւ շա՜տ հեռուները` դարեր ամբողջ, քանզի այսօր եւս կը նշենք իրենց փրկարար եւ շրջահայեաց սխրանքին մեծ իրադարձութիւնը:
Այսօր ուխտի օր է. Մաշտոցին նուիրուած ուխտ: Մեր մտասեւեռումները կ՛ուղղուին հոն` Օշական, ուր յաւիտենապէս ննջած է հայոց մեծագոյն այրերէն մին: Մոմ ու աղօ՞թք միայն, խունկ ու խոնարհո՞ւմ լոկ: Բնա՛ւ:
Ուխտը կը պարտաւորեցնէ ըլլալ հաւատարիմ մեր հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան. նորայայտ վտանգները յաղթահարել մեր մշակոյթին զէնք ու զրահով: Մեզի կտակուած բոլոր կառոյցներն ու մտաւոր հարստութիւնները խիստ կարիքն ունին արթուն պահապաններու, խնամող ու գուրգուրոտ ձեռքերու: Ինչու չէ, չտատամսիլ լումայ մը ներդնելու մեր մշակութային գանձարանին, որպէսզի թարգմանչաց սերունդին կերտած պերճաշուք ապարանքը փայլք ստանայ առաւել եւս:
Անհնար է դողդոջ մատներով եւ արիւնոտ սիրտով, այս ուխտի օրուան առթիւ, չյիշել եւ չհեկեկալ այն կորուստին դիմաց, որ անմիջականօրէն կը վերաբերի Մաշտոցին ու թարգմանչաց շարժման: Դեռ վերջերս, հայոց սրբավայրերէն մին բռնախլուեցաւ մեզմէ: Ամարաս… ուր Մաշտոց բացած էր առաջին հայկական դպրոցը: Խորհրդանիշ մըն էր ան հայոց դպրութեան. միտքի ու հոգիի վառ օճախ մը` որ այսօր մնաց անտէր ու որբ: Ամարաս ու Օշական… անբաժանելի անուններ կը թուէին ըլլալ` հայոց տառերու գիւտին, գիր ու գրականութեան հետ անքակտելիօրէն առնչուած: Սակայն… Վիրաւոր է այսօր Ամարասը ու գերեվարուած:
Թարգմանչաց շարժման օրուան այս պայծառ տօնին, ազգովին կ՛երդնունք` անշեղօրէն հետեւիլ Մաշտոցի ուխտին: