Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔ

October 7, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔ

 

Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7£00-ին, Ալֆորվիլի ՙԲոք՚ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան զօրակցութեան նուիրուած հաւաք մը£

Հաւաքը կազմակերպուած էր Ալֆորվիլի Քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ: Ներկայ էին Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս, ծերակուտականներ Լորանս Ռոսինիոլ, Փիեռ Ուզուլիաս, Աքլի Մելլուլի, երԵսփոխան Իզապէլ Սանթիակօ, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչներ, Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներª Տեպորա Զապունեան, Մարօ Գապայեան, Սարօ Մարտիրեան, Կարօ Խաչիկեան, Գրիգոր Քոսթիքեան, CCAF-ի նախագահ Մուրատ Փափազեան, ինչպէս նաեւ սրահը լեցուցած հայ եւ օտար ներկաներ£

Առաջին հերթին սփռուեցաւ քաղաքապետարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէր վերջին տասնամեակներուն Ալֆորվիլի հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ յատկապէս Արցախի հետ գործակցութեան տարբեր փուլերը£

Խօսք առաւ Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունասը, որ անդրադարձաւ Արցախի եւ արցախահայութեան ներկայ ողբերգական վիճակին եւ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները մտահոգիչ նախընթաց են, եւ անոնց  անուղղակիօրէն մասնակից են մեծ թիւով եւրոպացիներ, որոնք լուր կը մնան եւ չեն սաստեր եւրոպական չափանիշերուն հակադրուող այս արարքները£ Ապա, զգուշացուց, որ եթէ առաջքը չառնուիª նոյնպիսի գործողութիւններ կրնան ուղղուիլ Հայաստանի դէմ£

Կոչ ուղղելով ֆրանսական իշխանութիւններունª Քարվունաս ըսաւ, որ Ֆրանսան պէտք է անմիջապէս միջազգային ահազանգ հնչեցնէ£

Իր խօսքին մէջ Լիւք Քարվունաս կոչ ուղղեց մեծ թիւերով մասնակցելու Հոկտեմբեր 1-ի Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք համաեւրոպական ցոյցին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի մէջ ընդունելու արցախահայ ընտանիքներ£

Ապա, խօսք առաւ Արցախի ներկայացիւցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքը կազմակերպողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Արցախի կողքին են թէ՛ ուրախ, թէ՛ տխուր օրերուն£

Խօսք առաւ Իզապէլ Սանթիակօն ու դատապարտեց Ատրպէյճանի անընդունելի զինուորական գործողութիւնները Արցախի բնակչութեան հանդէպ, կոչ ուղղելով չլռելու ի տես այս ցեղասպանութեան, եւ չընդունելու, որ ատրպէյճանական կազը աւելի արժէ, քան հայ մանուկներուն սիրտերը, խոստանալով ֆրանսական եւ եւրոպական խորհրդարաններէն ներս լսելի դարձնել արցախահայութեան ձայնը£

Իր կարգին, Լորանս Ռոսինիոլ ըսաւ. ՙՇտ կ?ուզէի ձեր հետ առաջին հանդիպումս ըլլար աւելի լաւ ուրախ եւ նպաստաւոր պայմաններու մէջ, սակայն այսօր կը գտնուինք շատ դժուարին կացութեան մը առջեւ, գիտակցելով այն դժուարութիւնները, որոնց կրնայ հանդիպիլ տեղահանուած ժողովուրդ մը: Պիտի աշխատիմ ամէն գնով մարդասիրական եւ նիւթական օժանդակութիւններ ուղարկելու ծրագիրներ յաջողցնել՚£

Աքլի Մելլուլի ըսաւ, որ ամէն ճիգ պէտք է թափել հայ ժողովուրդին վիրաւորուած արժանապատուութիւնը վերկանգնելու համար£

Փիեռ Ուզուլիաս, իր կարգին, արտայայտեց դատապարտող իր կեցուածքը եւ յայտնեց, որ ամօթ կը զգայ կատարուածին դիմաց եւ աւելցուց, որ կ?ուզէ կրել Արցախի հպատակութիւնը£

Ապա, խօսք առին Ալֆորվիլի Քաղաքապետական խորհուրդի հայ անդամները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիւք Քարվունասի այս նախաձեռնութեան եւ քաաքապետարանի լիագումար նիստինª Արցախի հարցին շուրջ քուէարկուած մեղադրանքներու միաձայնութեամբ որդեգրումին£ Մուրատ Փափազեան, իր կարգին, դատապարտեց Ատրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութինը եւ բոորին ուշադրութեան յանձնեց, որ պէտք է ամէն տեսակ օժանդակութիւն  հասցնել Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան£

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ Ռոստոմ Խաչիկեան տուտուկով եւ խմբավար Սոնա Գրիգորեանի հետ  բեմ բարձրացան ՙՍուրբ Մեսրոպ-Արապեան՚ վարժարանի աշակերտները, որոնք յաջորդաբար երգեցին ՙՀիմի էլ լռենք՚-ը, Հայաստանի, Արցախի եւ Ֆրանսայի քայլերգները£

 

 

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԼՂ-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԻՔ ՏՈՒԱԾ ԵՆ՚

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Next Post
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.