Հաճնոյ 1920-ի իննամսեայ դիւցազնամարտը, հայոց պատմութեան հերոսական դրուագներուն մէկ սխրալի էջը կը կազմէ անտարակոյս. անհաւասար գուպարի մը մէկ օրինակը, որուն նշումը ու անոր նահատակներուն ոգեկոչումը արարողակարգէ աւելի առիթ մըն է ուխտի վերանորոգման:
Կիլիկիոյ լեռներուն ծուարած շուրջ վեց հազար հաճընցիներ, մինչեւ վերջին շունչ ու արեան կաթիլ, կառչած մնացին իրենց բնօրրանին` յոյսի ու հաւատքի անկոտրում ոգիով: Արծիւներու այս չքնաղ բոյնը, որ թիրախն էր շրջակայ թուրք խաժամուժին եւ թրքական կանոնաւոր բանակին, զէնքը վար չդրաւ ոսոխին առջեւ: Մերժելով ճաշակել նուաստացման դառնութիւնը, նախադասեց հերոսանալ կանգնած` կաղնիի նման. իյնալ արծիւներու վայել խրոխտութեամբ, բարձր ճակատով ու թեւաբաց սաւառնումով:
Հաճնոյ բուռ մը հայութեան գոյամարտը դասական մէկ օրինակն է կեանքի ու մահուան կատաղի ճակատումին. նաեւ` փոքր ժողովուրդներու ազատութեան եւ իշխող պետութեանց դաւադրական խաղերուն, որոնց գինը իրենց արեամբ ծանրօրէն կը վճարեն անպաշտպան հաւաքականութիւնները: Անկաշկանդ կեանքի ջատագով, համեստ ու հեզ լեռնականներ ի՞նչ իմանան թէ ինչպիսի՜ դաւեր հիւսուած են Փարիզի կամ Լոնտոնի մէջ, կամ այս օրերուն` Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի թէ Մոսկուայի մէջ: Այս ծիրէն ներս` ինչքա՜ն հայրենիքներ, անմեղ քաղաքացիներ, վտարանդի հայրենահաններ, արմատախիլ կարաւաններ կը դրուին զոհասեղանին, կը դառնան պատրուճակներ` անգութ եւ արնածարաւ դահիճներու: Հաճընցիք եւս իրենց կարգին զոհերը դարձան այս դաժան օրինաչափութեան: Անոնք` 1915-ի Կիլիկիոյ ջարդէն եւ տարագրութենէն ետք` վերադարձած էին ծննդավայր` վերաշինելու եւ վերականգնելու իրենց մոխրացած բոյները, հանգած օճախները: Յուսալի էջը բացած էին գաղութարար ֆրանսացիք` իրենց սին խոստումներով: Խաղաղ ու շէն ապագայի մը հեռանկարով Արծուեբոյնին զաւակները լծուած էին ինքնամոռաց աշխատանքի` կառուցելու եւ բազմանալու վարդագոյն լաւատեսութեամբ:
Սակայն, ափսո՜ս, շատ կարճ տեւեց խանդավառութեան այդ օրերը: Թուրք-ֆրանսական մռայլ ու մուգ ամպերը պարուրեցին Հաճնոյ ջինջ երկինքը: Դամոկլեան Սուրը հետզհետէ դարձաւ սպառնալից եւ յարատեւօրէն կախուած Հաճնոյ այգաբացին:
15 Հոկտեմբեր 1920-ին, Կիլիկիոյ մամուլը կը գուժէր` ՙՀԱՃԸՆ` ՈՉ ԵՒՍ Է՚: Արդարեւ, սեւ վարագոյր իջած էր Արծուեբոյնին վրայ, աւանը կը մխար աւերակներու մէջ, նահատակներ դիզուած էին աջ ու ահեակ` կիներ, երէցներ ու մանուկներ: Մինչ մարտնչող տարրեր, ճեղքելով պաշարման օղակը, հմտօրէն կարողացան խոյս տալ լեռներու կածաններէն ու կիրճերէն` ականատեսները մնալու իրենց հարազատներուն ոչնչացման ողբերգութեան: Զէն ի ձեռին էին անոնք` մահուան ուրուականը ոտնակոխած: Լուռ էր ֆրանսական զօրքը եւ մեղսակից ջարդարարին, սպասուած օդանաւը եկաւ` թուրքերուն համար, Ատանա հաւաքուած հայրենակիցներ չկրցած հասնիլ օգնութեան, ֆրանսական արգելքներուն եւ քաղաքականութեան պատճառով: Ինկաւ Արծուեբոյնը` հերոսաբար եւ միաժամանակ` ողբալիօրէն: Պատմութիւնը ծանր դատաստան վերապահած էր Հաճնոյ որդիներուն….:
Արծուեբոյնը դարձաւ սեւազգեստ, սակայն` անոր յետնորդները շարունակեցին ապրելու եւ արարելու իրենց պատմական առաքելութիւնը: Անոր շառաւիղները` ցաք ու ցրիւ, աշխարհով մէկ կերտեցին նոր Հաճըններու խորհրդանիշներ, պահպանեցին աւանդութիւնները, վերապրեցան անցեալի փառապանծ էջերով ու դրուագներով` մատաղօրհնութիւններու, նոր կառոյցներու եւ կեանքի տրոփիւններու ընդմէջէն: Եղան նաեւ նոր Հաճըններ: Եկան նորանոր որդիներ` ՙկանգուն է միայն Հաճընը սիրուն՚ երգելով:
Այսօր, երբ կþոգեկոչենք Հաճնոյ նահատակներուն յիշատակը եւ կը խոնարհինք այդ հերոսապատումի քաջերուն ընդառաջ, Հաճնոյ գոյամարտը կրնանք նմանցնել բանաստեղծին (Պարոյր Սեւակ) դիպուկ արտայայտութեամբ` Ողբամ Մեռելոց, Բեկանեմ Շանթեր, Գոչեմ Ապրողաց: Այսինքն` ողբը յաւերժօրէն սրբացած նահատակներն են` իրենց արնաթաթախ փշէ պսակներով, շանթերը` հերոսական ճակատումէ ետք փրկուած եւ վերապրած բազուկներն են եւ ապրողները` մերօրեայ հայորդիքն են եւ մանաւանդ հաճընցիք` որոնք կեանքին ու լոյսին փարած, անընկճելի կամքով ու անսասան ոգիով կը պահպանեն այն` ինչ որ կտակուած է խիզախ Արծուեբոյնէն: Այսօր` ապրողներուն եւ լաւատեսներուն համար է կեանքի կշռոյթն ու անսպառ հեւքը:
Հաճնոյ հերոսապատումին եւ ճակատագիրին յար ու նման եղաւ մեր աչքերուն առջեւ եւ 21-րդ դարուն` բայց աւելի լայն ու ծանր առումով Արցախի պարագան: Շուրջ տաս ամիս շրջափակում` սովահար ու լքեալ ժողովուրդով, հայրենակիցներու օգնութիւնը անհնար ռազմական օղակումի հետեւանքով, միջազգային դաւադրութիւնն ու մեղսակցութիւնը բացայայտ` բոլորին մասնակցութեամբ եւ Քրեմլինի հովանաւորութեամբ, շրթնային կարեկցանքներ, քիչ մը մեղրաթաթախ խօսքեր ու ապա` քծինք Պաքուի հասցէին: Շահադիտական եւ հեռահար գձուձ հաշիւներ` որուն համար զոհասեղանին դրուած էր Արցախի աւելի քան հարիւր հազար հայութիւնը: Հաճընը երէկ էր` 103 տարի առաջ: Արցախն այսօր է` իր ողջ ողբերգութեամբ, վիշտով եւ անասելի ափսոսանքով: Հաճընը աւան մըն էր` արծիւներու օրրան, մինչ Արցախը` շքեղ ու մեծ հայրենիքի մէկ մասը` իր անգին հարստութեամբ եւ յուշարձաններով, պետական ու ռազմաքաղաքական կառոյցներով, քաղաքներով, աւաններով, յուշերով ու յիշատակներով: Արեամբ նուաճուած դարաւոր հայրենիք` որ հայաթափուած է այսօր` հերոսական անցեալէ ետք ու միջազգային խարդաւանքներէ յետոյ:
Հաճնոյ հերոսամարտին յիշատակման առիթով, կը կրկնենք` ողբամ մեռելոց` Արցախի մէջ ինկած անմեղ զոհերուն համար, բեկանեմ շանթեր` անոնց` որոնք պիտի մղեն նոր գուպարներ հայրենիքի վերատիրացման համար, պիտի չլքեն զէնքն ու վրէժը եւ ապա` գոչեմ ապրողաց` որոնք տապարի այս ծանր հարուածէն ետք` պիտի ապրին ու վերականգնին` միշտ ի մտի ունենալով Հաճնոյ օրինակը եւ մտասեւեռում ունենալով` բռնախլեալ Արցախը:
Խունկ ու աղօթք` Հաճնոյ նահատակներու անթառամ յիշատակին:
Գոչեմ ապրողա՛ց` մերօրեայ ու վաղուան սերունդներուն: ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ԳՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ
Հաճնոյ 1920-ի իննամսեայ դիւցազնամարտը, հայոց պատմութեան հերոսական դրուագներուն մէկ սխրալի էջը կը կազմէ անտարակոյս. անհաւասար գուպարի մը մէկ օրինակը, որուն նշումը ու անոր նահատակներուն ոգեկոչումը արարողակարգէ աւելի առիթ մըն է ուխտի վերանորոգման:
Կիլիկիոյ լեռներուն ծուարած շուրջ վեց հազար հաճընցիներ, մինչեւ վերջին շունչ ու արեան կաթիլ, կառչած մնացին իրենց բնօրրանին` յոյսի ու հաւատքի անկոտրում ոգիով: Արծիւներու այս չքնաղ բոյնը, որ թիրախն էր շրջակայ թուրք խաժամուժին եւ թրքական կանոնաւոր բանակին, զէնքը վար չդրաւ ոսոխին առջեւ: Մերժելով ճաշակել նուաստացման դառնութիւնը, նախադասեց հերոսանալ կանգնած` կաղնիի նման. իյնալ արծիւներու վայել խրոխտութեամբ, բարձր ճակատով ու թեւաբաց սաւառնումով:
Հաճնոյ բուռ մը հայութեան գոյամարտը դասական մէկ օրինակն է կեանքի ու մահուան կատաղի ճակատումին. նաեւ` փոքր ժողովուրդներու ազատութեան եւ իշխող պետութեանց դաւադրական խաղերուն, որոնց գինը իրենց արեամբ ծանրօրէն կը վճարեն անպաշտպան հաւաքականութիւնները: Անկաշկանդ կեանքի ջատագով, համեստ ու հեզ լեռնականներ ի՞նչ իմանան թէ ինչպիսի՜ դաւեր հիւսուած են Փարիզի կամ Լոնտոնի մէջ, կամ այս օրերուն` Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի թէ Մոսկուայի մէջ: Այս ծիրէն ներս` ինչքա՜ն հայրենիքներ, անմեղ քաղաքացիներ, վտարանդի հայրենահաններ, արմատախիլ կարաւաններ կը դրուին զոհասեղանին, կը դառնան պատրուճակներ` անգութ եւ արնածարաւ դահիճներու: Հաճընցիք եւս իրենց կարգին զոհերը դարձան այս դաժան օրինաչափութեան: Անոնք` 1915-ի Կիլիկիոյ ջարդէն եւ տարագրութենէն ետք` վերադարձած էին ծննդավայր` վերաշինելու եւ վերականգնելու իրենց մոխրացած բոյները, հանգած օճախները: Յուսալի էջը բացած էին գաղութարար ֆրանսացիք` իրենց սին խոստումներով: Խաղաղ ու շէն ապագայի մը հեռանկարով Արծուեբոյնին զաւակները լծուած էին ինքնամոռաց աշխատանքի` կառուցելու եւ բազմանալու վարդագոյն լաւատեսութեամբ:
Սակայն, ափսո՜ս, շատ կարճ տեւեց խանդավառութեան այդ օրերը: Թուրք-ֆրանսական մռայլ ու մուգ ամպերը պարուրեցին Հաճնոյ ջինջ երկինքը: Դամոկլեան Սուրը հետզհետէ դարձաւ սպառնալից եւ յարատեւօրէն կախուած Հաճնոյ այգաբացին:
15 Հոկտեմբեր 1920-ին, Կիլիկիոյ մամուլը կը գուժէր` ՙՀԱՃԸՆ` ՈՉ ԵՒՍ Է՚: Արդարեւ, սեւ վարագոյր իջած էր Արծուեբոյնին վրայ, աւանը կը մխար աւերակներու մէջ, նահատակներ դիզուած էին աջ ու ահեակ` կիներ, երէցներ ու մանուկներ: Մինչ մարտնչող տարրեր, ճեղքելով պաշարման օղակը, հմտօրէն կարողացան խոյս տալ լեռներու կածաններէն ու կիրճերէն` ականատեսները մնալու իրենց հարազատներուն ոչնչացման ողբերգութեան: Զէն ի ձեռին էին անոնք` մահուան ուրուականը ոտնակոխած: Լուռ էր ֆրանսական զօրքը եւ մեղսակից ջարդարարին, սպասուած օդանաւը եկաւ` թուրքերուն համար, Ատանա հաւաքուած հայրենակիցներ չկրցած հասնիլ օգնութեան, ֆրանսական արգելքներուն եւ քաղաքականութեան պատճառով: Ինկաւ Արծուեբոյնը` հերոսաբար եւ միաժամանակ` ողբալիօրէն: Պատմութիւնը ծանր դատաստան վերապահած էր Հաճնոյ որդիներուն….:
Արծուեբոյնը դարձաւ սեւազգեստ, սակայն` անոր յետնորդները շարունակեցին ապրելու եւ արարելու իրենց պատմական առաքելութիւնը: Անոր շառաւիղները` ցաք ու ցրիւ, աշխարհով մէկ կերտեցին նոր Հաճըններու խորհրդանիշներ, պահպանեցին աւանդութիւնները, վերապրեցան անցեալի փառապանծ էջերով ու դրուագներով` մատաղօրհնութիւններու, նոր կառոյցներու եւ կեանքի տրոփիւններու ընդմէջէն: Եղան նաեւ նոր Հաճըններ: Եկան նորանոր որդիներ` ՙկանգուն է միայն Հաճընը սիրուն՚ երգելով:
Այսօր, երբ կþոգեկոչենք Հաճնոյ նահատակներուն յիշատակը եւ կը խոնարհինք այդ հերոսապատումի քաջերուն ընդառաջ, Հաճնոյ գոյամարտը կրնանք նմանցնել բանաստեղծին (Պարոյր Սեւակ) դիպուկ արտայայտութեամբ` Ողբամ Մեռելոց, Բեկանեմ Շանթեր, Գոչեմ Ապրողաց: Այսինքն` ողբը յաւերժօրէն սրբացած նահատակներն են` իրենց արնաթաթախ փշէ պսակներով, շանթերը` հերոսական ճակատումէ ետք փրկուած եւ վերապրած բազուկներն են եւ ապրողները` մերօրեայ հայորդիքն են եւ մանաւանդ հաճընցիք` որոնք կեանքին ու լոյսին փարած, անընկճելի կամքով ու անսասան ոգիով կը պահպանեն այն` ինչ որ կտակուած է խիզախ Արծուեբոյնէն: Այսօր` ապրողներուն եւ լաւատեսներուն համար է կեանքի կշռոյթն ու անսպառ հեւքը:
Հաճնոյ հերոսապատումին եւ ճակատագիրին յար ու նման եղաւ մեր աչքերուն առջեւ եւ 21-րդ դարուն` բայց աւելի լայն ու ծանր առումով Արցախի պարագան: Շուրջ տաս ամիս շրջափակում` սովահար ու լքեալ ժողովուրդով, հայրենակիցներու օգնութիւնը անհնար ռազմական օղակումի հետեւանքով, միջազգային դաւադրութիւնն ու մեղսակցութիւնը բացայայտ` բոլորին մասնակցութեամբ եւ Քրեմլինի հովանաւորութեամբ, շրթնային կարեկցանքներ, քիչ մը մեղրաթաթախ խօսքեր ու ապա` քծինք Պաքուի հասցէին: Շահադիտական եւ հեռահար գձուձ հաշիւներ` որուն համար զոհասեղանին դրուած էր Արցախի աւելի քան հարիւր հազար հայութիւնը: Հաճընը երէկ էր` 103 տարի առաջ: Արցախն այսօր է` իր ողջ ողբերգութեամբ, վիշտով եւ անասելի ափսոսանքով: Հաճընը աւան մըն էր` արծիւներու օրրան, մինչ Արցախը` շքեղ ու մեծ հայրենիքի մէկ մասը` իր անգին հարստութեամբ եւ յուշարձաններով, պետական ու ռազմաքաղաքական կառոյցներով, քաղաքներով, աւաններով, յուշերով ու յիշատակներով: Արեամբ նուաճուած դարաւոր հայրենիք` որ հայաթափուած է յսօր` հերոսական անցեալէ ետք ու միջազգային խարդաւանքներէ յետոյ:
Հաճնոյ հերոսամարտին յիշատակման առիթով, կը կրկնենք` ողբամ մեռելոց` Արցախի մէջ ինկած անմեղ զոհերուն համար, բեկանեմ շանթեր` անոնց` որոնք պիտի մղեն նոր գուպարներ հայրենիքի վերատիրացման համար, պիտի չլքեն զէնքն ու վրէժը եւ ապա` գոչեմ ապրողաց` որոնք տապարի այս ծանր հարուածէն ետք` պիտի ապրին ու վերականգնին` միշտ ի մտի ունենալով Հաճնոյ օրինակը եւ մտասեւեռում ունենալով` բռնախլեալ Արցախը:
Խունկ ու աղօթք` Հաճնոյ նահատակներու անթառամ յիշատակին:
Գոչեմ ապրողա՛ց` մերօրեայ ու վաղուան սերունդներուն: