Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԼՂ-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԻՔ ՏՈՒԱԾ ԵՆ՚

October 4, 2023
in Հայաստան
0
ՙԼՂ-Ի ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՎԵՐՋԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԻՔ ՏՈՒԱԾ ԵՆ՚

 

ԻՐԱՆԱԳԷՏԸ ԽՕՍԱԾ Է ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Իրանագէտ Ժաննա Վարդանեանի կարծիքովª ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի այցը Իրան տեղի ունեցավ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ազգաբնակչութիւնը ցեղային զտման ենթարկելու լոյսին տակ, հետեւաբար, ԼՂ-ի մէջ վերջին իրադարձութիւնները Իրանի մէջ անհանգստութեան տեղիք տուած են£

Վարդանեան նշեց, որ 5 Հոկտեմբերին նախատեսուող Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հերթական հանդիպումէն առաջ իրանեան կողմին, բնականաբար, կը հետաքրքրեն հարեւաններուն դիրքորոշումները, ուստի Գրիգորեանը իրանցի պաշտօնեաներուն ներկայացուցած է վերջին զարգացումներն ու անոնց վերաբերեալ ՀՀ իշխանութեան տեսակէտերը£ Գրիգորեանի այցը Իրան տեղի ունեցած է նաեւ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ բանակցութիւններու եւ շփումներու շարունակութեան շրջանակներուն մէջª քննարկելու երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ ընթացքը£

ՙԻրանի լրատուական ու փորձագիտական շրջանակներուն մէջ կը խօսուի այն մասին, որ  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալած վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ չի բացառուիր, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը թիրախաւորեն Սիւնիքը, առաւել եւս, որ վերջին օրերուն Անգարայի եւ Պաքուի մէջ աւելի աշխոացած են, այսպէս կոչուած, ՙԶանգեզուրի միջանցք՚ի շուրջ խօսակցութիւնները£ Այդուհանդերձ, Իրանը վերջին տարիներուն բազմիցս յայտարարած է, որ կողմ է փոխադրութեան ցանցերու զարգացման, ինչ որ շահաւէտ պիտի ըլլայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն համար, սակայն ընդգծած է, որ դէմ է միջազգային եւ աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութիւններուն՚, ըսաւ իրանագէտը£

Պաշտօնական Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ բանագնացներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու արդէն իսկ ըսուած է, որ Հայաստանի սահմաններուն փոփոխութիւնը Իրանի համար կարմիր գիծ է£ Պատահական չէ, որ բանակցութիւններուն մէջ իրանեան կողմը կ՛առաջարկէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ցամաքային ճանապարհ բանալ իր տարածքով, ինչ որ, ըստ էութեան, կ՛առաջարկուի որպէս այլընտրանք, այսպէս կոչուած, ՙԶանգեզուրի միջանցք՚ին£

ՙԿարմիր գիծերու մասին խօսելով, Իրանը չի սահմանափակուիր միայն դիւանագիտական յայտարարութիւններով£ Վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ պետական սահմանի երկայնքով Իրանը պարբերաբար կատարած է զօրավարժութիւններ, որոնք նախազգուշական իւրատեսակ ուղերձներ են Ատրպէյճանին, Թուրքիոյ ու անոնց դաշնակիցներուն՚, ըսաւ Վարդանեան£

Միջազգային լրահոսին համաձայնª Իրանի բանակը կը ծրագրէ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կատարելª ռազմական անօդաչու օդուժի մասնակցութեամբ£ Անօդաչու թռչող սարքերու վարժանքներուն պիտի մասնակցին բանակի չորս ճիւղերուª ցամաքային զօրքերու, ռազմածովային, ռազմաօդային ուժերու եւ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու անձնակազմերը: Զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան Իրանի կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն մէջ£

Վարդանեանի խօսքովª իւրաքանչիւր երկիր իր զօրամիաւորումներուն մարտունակութիւնը շարունակ բարձր պահելու նպատակով կը կատարէ զօրավարժութիւններ, եւ Իրանը այդ առումով բացառութիւն չէ£

ՙԹէեւ ծրագրաւորուած լայնամասշտաբ զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան ոչ թէ հարեւան երկիրներու անմիջական սահմաններու հարեւանութեամբ, այլ Իրանի հարաւը եւ կեդրոնին, բայցեւայնպէս կը պարունակեն նաեւ ուղերձներ տարածաշրջանի երկիրներուն£ Այս պահին դժուար է կանխատեսել, թէ յստակ ինչ գործողութիւններու հետագային պիտի դիմէ Իրանը, սակայն փաստ է, որ Թեհրանի մէջ անվտանգութեան բաղադրիչին եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անխախտելիութեան գործօնին կը յատկացուի կենսական նշանակութիւն՚, եզրափակեց իրանագէտը£

Share61Tweet38
Previous Post

ԻՏԱԼԻԱՆ 4 ՄԻԼՈՆ ԵՒՐՕ ՏՐԱՄԱԴՐԱԾ Է ԿԽՄԿ-ԻՆª ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ ՏՈՒԺԱԾ ՏԱՍՆԵԱԿ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՑ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔ

Next Post
ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔ

ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.