Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

October 7, 2023
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Լիբանանի տնտեսական տագնապի պատճառով առողջապահութեան հատուածը ամենաշատ ազդուած հատուածներէն մէկն էր: Լիբանանեան ոսկիի արժեզրկումը, կառավարութեան սնանկացումը եւ Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամի օժանդակութեան նուազումը հիմնական պատճառներն էին այս հատուածի կրած վնասին: Ներկայիս, ըստ վերլուծողներու, հատուածին 25 առ հարիւրը կը գտնուի փլուզումի մէջ: Այս է պատճառը, որ կարգ մը հիւանդանոցներ կը փորձեն միանալ աւելի մեծ հիւանդանոցներու: Անձնական, փոքր հիւանդանոցներ կը փորձեն միանալ համալսարանական հիւանդանոցներու ցանցին: Այս հոլովոյթը պիտի շարունակուի եւ կը քաջալերուի Հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքային կողմէ, պաշտօնները պահելու եւ ծառայութեան մակարդակը բարձր պահելու համար:

 

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ

Արցախէն տեղահանուած քաղաքացիներու տառապանքը թեթեւցնելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը բացած է դրամական հաշիւ մը Ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ, որպէսզի արտերկրի հայ եւ օտար քաղաքացիներ կարենան դրամական փոխանցում կատարել:  Հաշիւի թիւն է 900005002762 եւ դուք կրնաք փոխանցումը կատարել որեւէ դրամանիշով, e-paymants դրամական փոխանցումի համակարգը օգտագործելով:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան քննիչներու մուտքը Արցախ եւ դրական տեղեկագիրի մը հրապարակումը քննադատուեցան շատ մը վերլուծողներու կողմէ: Տեղեկագիրը այնպէս մը գրուած է, որ կարծես Արցախի ժողովուրդը չեն գիտեր ինչ պատճառով, յօժարակամ ձգած է իր պապենական հողը ու դարձած է գաղթական: Այս պատճառով, Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ պահանջեց ուղարկել փաստահաւաք մարմին, որուն մասնակցին նաեւ հայ փաստահաւաքներ, իրականութիւնը ներկայացնելու համար: Կ’երեւի Ատրպէյճանի տուած կաշառքը սկսած է ազդել Կազմակերպութեան պաշտօնեաներուն աշխատանքի ձեւին վրայ:

 

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ

ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

Սուրիոյ եւ Լիբանանին պարտադրուած ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներըª այս երկու երկիրները մղելու Իսրայէլի գոյութիւնը ընդունելու համար, սկսած է տալ իր ժխտական արդիւնքը: Երբեմնի բարեկեցիկ այս երկիրները դարձած են օժանդակութեան կարօտ: Սուրիացի գաղթականները, որոնք կը գտնուին Լիբանան, ազատ ձգուելու պարագային պիտի ուղղուին Եւրոպա ծովու ճամբով: Այս է որ ներկայիս կը պահանջուի Լիբանանի կառավարութենէն քաղաքական շատ մը հոսանքներու կողմէ, ճնշելու համար Եւրոպայի վրայ, որպէսզի թոյլ տրուի անոնց վերադարձը իրենց երկիրը: Նոյնիսկ կուսակցութիւններ, որոնք ժամանակին համամիտ էին սուրիացի գաղթականներու Լիբանան մնալուն, ամերիկեան յորդորով, ներկայիս կը պահանջեն անոնց վերադարձը, նկատի առնելով անոնց մնալու ժխտական հետեւանքները երկրի համայնքային կառոյցին վրայ: ԱՄՆ-ի պարտադրած ՙՔայզէր՚ի օրէնքը, որ ֆինանսական պաշարում կը յայտարարէ ամէն ընկերութեան դէմ, որ կապ ունի Սուրիոյ վարչակարգին հետ, իրականութեան մէջ կը հարուածէ երկրին տնտեսութիւնը ու կը մղէ սուրիացի քաղաքացին փախչելու երկրէն: ՙԲնակչութիւնը պաշտպանելու համար բռնապետական վարչակարգէն՚ լոզունգին տակ առնուած այս օրէնքը կը հարուածէ սուրիացի քաղաքացին ամենաշատը: Չինաստանի հետ Սուրիոյ ստորագրած ռազմավարական համաձայնագիրը պիտի կարենա՞յ ճեղքել Սուրիոյ պարտադրուած պաշարումի պատը: Գալիք օրերը պիտի փաստեն այդ մէկը:

Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը կը փափաքի դառնալ ելեկտրական ինքնաշարժ արտադրող մեծ կեդրոն: Թագաւորութիւնը կ’ուզէ հիմնել ենթակառոյցը գործարաններու, որոնք մինչեւ 2030 պիտի կարենան տարեկան մինչեւ 500 հազար ելեկտրական ինքնաշարժ արտադրել:

 

 

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱ

ՄԵՔՍԻՔԱԿԱՆ ՄԱՖԻԱՆ

Ըստ մասնագէտներու, Մեքսիքայի մէջ գործող կազմակերպուած յանցագործութեան խումբերը կամ մաֆիաները դարձած են այնքան ազդեցիկ, որ կը համարուին երկրի մարդ աշխատցնող հինգերորդ հատուածը: Ըստ տեղեկագրին, 160 հազարէն 185 հազար մարդ կ’աշխատի այս հատուածին մէջ: Ըստ կառավարութեան, այս կազմակերպուած յանցագործներուն դէմ դնելու միակ ձեւը անոնց նոր անդամ ընդգրկելու արգելքն է: Անոնք շաբաթական դրութեամբ կ’ընդգրկեն 350-370 նոր անդամ: Այս հատուածի անդամներուն մեծամասնութիւնը մեծ քաղաքներու արուարձաններուն մէջ բնակող աղքատ դասակարգէն կու գայ:

 

 

ԵՒՐՈՊԱ

ՍԼՈՎԱՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ

Եւրոպական միութեան մէջ սկսած են երեւիլ երկիրներ, որոնք պիտի սկսին դէմ դնել Միութեան քաղաքականութեան եւ Ուքրանիոյ պատերազմին: Այս երկու թեզերը դաւանող կուսակցութիւն մը շահեցաւ Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ամբոխավարական եւ ազգայնական ուղղութիւն ունեցող Ֆիքօ Սմէրի կուսակցութիւնը շահեցաւ քուէին 23 առ հարիւր համեմատութիւնը եւ պիտի կարենայ կազմել յաջորդ կառավարութիւնը, համագործակցութեամբ ծայրագոյն աջ կուսակցութեան եւ այլ աջակողմեան կուսակցութեան մը: Այս ղեկավարը Հունգարիոյ ղեկավար Օրպանի նման մօտ է Ռուսիոյ: Այս հոսանքը սկսած է արմատաւորուիլ արեւելեան Եւրոպայի մէջ, տնտեսական եւ ազգայնական պատճառներով:

Ըստ ռուսական ՙՆեզավիսիմայա կազեթա՚ օրաթերթին, Ռուսական դաշնութեան մէջ նուազած է արտադրութիւնը: Պատճառներէն մէկն է քարիւղի արտադրութեան նուազումը շուկայի պահանջարկի նուազումին պատճառով, իսկ երկրորդն է դրամատուներու կողմէ պարտքի դրամ տալու սեղմումի քայլերը: Օգոստոս ամսուան ընթացքին արտադրութիւնը նուազած է 0,9 առ հարիւր համեմատութեամբ:

 

 

ԱՄՆ

ՓԱԿՈՒՄԷ ԽՈՒՍԱՓՈՒՄ

ԱՄՆ-ի պետական ամավարկը կամ պիւտճէն վաւերացուեցաւ վերջին վայրկեանին եւ կառավարութեան փակումէն խուսափեցան: Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ համաձայնեցաւ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները, նախագահ Քեվին ՄըքՔարթիի ճիգով: Ուքրանիոյ յատկացումը չվաւերացուեցաւ ըստ այս համաձայնութեան: Պետական գործիչը կորսնցուց իր պաշտօնը այս պատճառով, որովհետեւ Հանրապետական կուսակցութեան ծայրայեղական թեւը դժգոհ մնաց այս քայլէն ու, բաւարար քուէ հաւաքելով, ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնազրկեց Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը:

Պարտքի տոկոսին յաւելումը սկսաւ իր ազդեցութիւնը ձգել մանաւանդ արտադրութեան մարզին վրայ: Սղաճին պատճառած պահանջարկի անկումին պատճառով մօտ ատենէն ԱՄՆ-ի գործարաններ կրնան գործէ արձակել հազարաւոր պաշտօնեաներ, այդ քայլին ունենալիք ժխտական հետեւանքներով: Արտադրութեան անկումը պիտի ազդէ նաեւ ծառայութեան մարզին վրայ, որ առնչուած է արտադրութեան հետ:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ՄԻԱԲԵՒԵՌ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՓԼՈՒԶՈՒՄԸ

Միաբեւեռ տնտեսական համակարգը, որ սկսաւ գործել Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք 1991թուականին, սկսած է ճաթռտիլ: Պատճառը 2008 տնտեսական տագնապէն ետք նշաններու յայտնուիլն է, թէ վայրի դրամատիրական, միաբեւեռ համակարգն ալ լուծում չկրցաւ բերել բնակչութեան շատ մը խաւերու: Միջին դասակարգը վնասուեցաւ ներածող երկիրներուն մէջ: Միայն արտադրող երկիրներու մէջ սկսաւ գոյանալ միջին դասակարգ մը: Ուրեմն, աշխարհին պէտք է նոր տնտեսական համակարգ մը, աւելի մարդկային արժէքներու վրայ հիմնուած ու ծառայող համեստ խաւին: Ըստ ՊՐԻՔՍ համախմբումի անդամ երկիրներուն, այդ համակարգը սկսած է հաստատուիլ: Անշուշտ ժամանակի կը կարօտի:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՍՆՏՈՒԿ (Hedge funds)

Հիմնադրամի սնտուկը կառավարութեան կամ ոչ-կառավարական հաստատութեան մը կողմէ հսկուող գումար մըն է, որ հաւաքուած է տուրքէ կամ բնական պաշարի վաճառքէ: Գումարին հասոյթը կ’օգտագործուի թոշակառուներու կեանքը ապահովելու, կրթութիւն ապահովելու եւ քաղաքացիներուն առողջապահութեան մարզի ծախքը կատարելու համար: Ամենալաւ օրինակը Նորվեկիոյ հաստատած հիմնադրամի սնտուկն է, որ հաւաքուած է քարիւղի եւ բնական կազի վաճառքէն: Այս է պատճառը, որ Նորվեկիոյ մէջ կրթութիւնը, բուժումը եւ թոշակառուներու կեանքի պայմանները ապահովուած են: Լիբանանի մէջ ալ կը փորձուի այսպիսի անկախ սնտուկ մը հաստատել բնական կազի եւ քարիւղի վաճառքէն գոյացած հասոյթը պահելու համար:

 

 

Աղբիւրներª ՙՏը Էքոնոմիսթ՚, ՙՌաշա Թուտէյ՚, ՙԱռաւօտ՚ եւ ՙԱլ Ախպար՚

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share97Tweet61
Previous Post

ԱԼԻԵՒԸ` ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԱՏԱԽԱԶԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ

Next Post

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Next Post

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.