Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամփօ, 7 Օգոստոս 2023-ի թուականով հրապարակած է զեկոյց-տեղեկագիր մը, ուր միջազգային օրէնքի փաստերով կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) (կը պահենք տեղեկագրին մէջ նշուած անուանումը) շրջափակումը ՙցեղասպանութիւն՚ է: Այսինքն` գրեթէ մէկ ամիս առաջ կատարուած դաւադրական յարձակումէն եւ Արցախի ժողովուրդին բռնի տեղահանութենէն, Ալիեւ եւ Ատրպէյճան արդէն կը գտնուէին ցեղասպանական արարքի մէջ, ենթակայ` դատի եւ վճիռի:
Այս զեկոյց-տեղեկագիրը կը խորանայ պատմական կնճռով հարցերու, իրաւական քայլերու, միջազգային կառոյցներու արտայայտած մտահոգութիւններուն եւ Լաչինի (Բերձոր) միջանցքի փակման ու Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջª ի վերջոյ յանգելու այն հարցադրում-հաստատումին, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը ցեղասպանական արա՞րք մը չէ արդեօք:
Տեղեկագիր-փաստաթուղթը հիմնուելով պատմական տուեալներու, իրաւական հիմքերու եւ միջազգային նախընթացներու վրայ` կը յանգի համոզիչ ու փաստարկուած եզրակացութեան մը, թէ առարկայական ու ենթակայական բոլոր տուեալները առկայ են Արցախի շրջափակումը որակելու ցեղասպանութիւն: Տեղեկագիրը յղումներ կը կատարէ նաեւ միջազգային օրէնսգիտութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եզրակացութիւններունª Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան բացած դատին, որուն վճիռը կը պահանջէր Լաչինի (Բերձոր) անցքին անյապաղ վերաբացումը:
Ի լրումն ցեղասպանութեան առարկայական եւ ենթակայական տարրերու վերլուծութեան, տեղեկագիրը կ՛ուսումնասիրէ Ալիեւի մտադրութիւնները` ուշադրութիւն հրաւիրելով անոր արարքներուն, յայտարարութիւններուն եւ միջազգային իրաւական կանոններու խախտումներունª զանոնք ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանական մտադրութիւն դրսեւորող վարքագիծ մը:
Այս տեղեկագիրը կ՛անդրադառնայ նաեւ շրջափակման մասնակից հաւանական մեղսակիցներուն եւ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ նախագահ Ալիեւը դատական հետապնդումի ենթարկելու կարելիութեան, անշուշտ եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նման որոշում ընդունի:
Ինչպէս նշեցինք, այս տեղեկագիրը հրապարակուած է շուրջ ամիս մը առաջ Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանութենէն:
Արդարեւ, տեղեկագիրը կ՛ընդգծէ կանխարգիլման հրատապութիւնը` կոչ ընելով ազդեցիկ երկիրներուն եւ հայկական սփիւռքին արագ գործելու եւ դադրեցնելու աւերումը Արցախին եւ տառապանքները անոր բնակիչներուն: Ան կ՛ընդգծէ նաեւ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին վերաբացման եւ մինչեւ 2025-ի Մայիսը, այսինքնª ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան աւարտը, տարածքային պահանջներու լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնըª հետագայ բռնութիւնները եւ մարդկային կորուստները կանխելու նպատակով: Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մօրենօ Օքամփօ բնականաբար չէր կրնար պատկերացնել, թէ ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը պիտի աւարտէր շուտով (անծանօթ-ծանօթ պատճառներով) եւ բռնութիւններ ու մարդկային կորուստներ պիտի արձանագրուէին…
Արցախը պիտի բռնագրաւուէր եւ արցախցիները պիտի տարագրուէին…
Այժմ լուսարձակի տակ կ՛առնենք տեղեկագրին այն կէտերը, որոնք Ալիեւը կ՛ամբաստանեն ու կը դատապարտեն իբրեւ ցեղապան:
Ալիեւի մտադրութիւններուն վերլուծումը իբրեւ ցեղասպանական արարքի նախաքայլª ըստ տեղեկագրին
ՙՏեղեկագիրը կ՛ընդգծէ, որ նախագահ Ալիեւի գիտակցուած, կամաւոր եւ թշնամական որոշումները, որոնք կ՛անտեսէին Միջազգային քրական դատարանի որոշումները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերէր Լաչինի անցքի անմիջական վեարբացումին, կ’ենթադրէ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հայերը ոչնչացնելու անոր մտադրութիւնը:
ՙՏեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւ ի սկզբանէ ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի ինքնավարութիւնը, սակայն հետագային փոխած է այդ դիրքորոշումը` ցոյց տալով տարածաշրջանին մէջ հայերը ոչնչացնելու իր միտումները:
ՙԱն առիթ տուած է քաղաքայիններու խափանելու Լաչինի (Բերձոր) միջանցքը, ապա Հայաստանի հետ սահմանային անցարգել ստեղծած եւ, ի վերջոյ, փակած է միջանցքը` ծանօթ ըլլալով հանդերձ հետեւանքներուն, որ Միջազգային քրէական դատարանը նախազգուշացուցած էր:
Նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւնը 1 Օգոստոս 2023-ին
ՙՏեղեկագիրը կ՛ընդգծէ հարցազրոյցի մը մէջ նախագահ Ալիեւի կատարած մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան կը խոստովանէր, որ շրջափակումը մաս կը կազմէ իր պաշտօնական քաղաքականութեանª իբրեւ հիմնաւորում նշելով ապրանքներու ենթադրեալ մաքսանենգութեան պարագաներ:
ՙՆախագահ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը, ըստ տեղեկագրին, կը բացայայտէ անոր ցեղասպանական հաստատ մտադրութիւնը, եւ ան բացայայտօրէն կը մերժէ Միջազգային քրական դատարանինª միջանցքը վերաբանալու պարտաւորեցնող որոշումը:
ՙՏեղեկագիրը կը նշէ, որ նախագահ Ալիեւի շարժառիթները պէտք է տարբերել անոր մտադրութենէն, մինչ իր արարքները կը դրսեւորեն ցեղասպանական յստակ մտադրութիւն մը:
Մեկնելով այս տուեալներէն, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դասախազը իր տեղեկագրին մէջ կ՛առաջադրէ նախագահ Ալիեւը դատի կանչել ցեղասպանութեան ամբաստանութեամբ, որովհետեւ ան կը գտնուի պետական համակարգի մը գլուխը, որ կը հակակշռէ քաղաքական, զինուորական եւ դիւանագիտական բոլոր որոշումները: Շրջափակումին մասնակցած այլ անձեր նոյնպէս կրնան դատի կանչուիլ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ամբաստանութեամբ:
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ