Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

October 7, 2023
in Մշակութային
0

 

 

Թիւ 17

 

 

ՙԻմ ունեցած ամբողջ գիտելիքը ես

կրնամ տալ բոլորին, բայց սիրտս ամբողջութեամբ իմս է՚:

 

Եոհան Վոլֆկանկ Վան Կոթէ (1749-1832),

գերմանացի բանաստեղծ եւ թատերագիր

 

 

Մարդուն սիրտը կամ զգացական աշխարհը, բնութիւնը եւ Միջին դարերու պարզ կեանքն էր որ գրաւեց ռոմանթիքները կամ վիպապաշտները: Վիպապաշտ շարժումը իր գագաթնակէտին հասաւ 1800 թուականէն 1850-ի միջեւ: Այս շարժումը տարածուեցաւ արուեստի բոլոր բնագաւառներուն մէջª գրականութիւն, նկարչութիւն, ճարտարապետութիւն եւ երաժշտութիւն: Ան ուղղակի պատասխան մըն էր նիւթապաշտ, լուսաւորեալ (enlightened) շարժումին ու ճարտատարուեստի յեղափոխութեան: Վիպապաշտները կ’ուզէին իրենց արուեստով կոտրել մարդը նիւթին կապող շղթաները ու արձակել զինք, որ արտադրէ զգացումին, բնութեան գեղեցկութեան եւ մարդ-բնութիւն գեղեցիկ յարաբերութեան մասին: Այս շարժումը նոյնիսկ ազդեց քաղաքական փիլիսոփայութեան վրայ:

Վիպապաշտ դպրոցին հիմնական նպատակն էր մարդը վերադարձնել բնութեան, հեռու ճարտարարուեստի յեղափոխութեան հաստատած նոր համակարգէն, ուր մեքենան սկսաւ փոխարինել մարդը: Վիպապաշտները վերադարձան Բնութեան իր ամենագեղեցիկ, անկաշկանդ ձեւով: Իրենց արուեստին մէջ մտցուցին Բնութիւնը որպէս Գեղեցիկը ու Բարին ներկայացնող: Անոնք փորձեցին նորարարութիւն մտցնել արուեստի ամէն ճիւղի մէջ: Մարդկայինը ու Մարդ-Բնութիւնը իրենց արուեստի կորիզն էր: Անոնք Բնութեան մէջ գտան վայրին, անկաշկանդը, բնական օրէնքին հետեւողը, որ շատ աւելի գեղեցիկ ու բարի էր քան մարդուն ստեղծածը:

Սպանացի նկարիչ Ֆրանչիսքօ Կոյա, հայ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան եւ անգլիացի բանաստեղծ Լորտ Պայրըն հիւրերն են մեր այսօրուան ՙՄշակոյթի Անդրադարձ՚ին: Այս ստեղծագործող մարդիկ շատ բան տուին մեզի, Աշխարհի մշակոյթին: Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով ներկայացուցին Գեղեցիկը իր բոլոր ձեւերովª նկարչութեամբ եւ բանաստեղծութեամբ: Անոնք Բնութեան եւ Գեղեցիկին երգիչներն էին, ամէն մէկը իր ձեւով: Բարին, Սէրն ու Գեղեցիկը տրուած են մարդուն Արարիչին կողմէ, կարենալ վարելու համար աստուածահաճոյ կեանք, որպէս մաս Տիեզերքի դրական ուժերու փաղանգին: Բնութեան անգիր օրէնքն է որ կը գործէ, որ շատեր կը կոչեն նախախնամութիւն:

 

 

ՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ ԿՈՅԱ (1746 -1828)

 

Ֆրանսիսքօ Կոյա կը համարուի 18-րդ ու 19-րդ դարերու ամենանշանաւոր սպանացի գեղանկարիչներէն մէկը: Ան հին, դասական դպրոցէն, նորարար, վիպապաշտ դպրոցին անցնող սերունդին կը պատկանէր: Կոյա դարձաւ ուղեցոյցը շատ մը 19-րդ ու 20-րդ դարու գեղանկարիչներու:

Արուեստագէտը կանուխ տարիքէն երեւցաւ Կոյայի մէջ: 1786 թուականին իր տաղանդին շնորհիւ դարձաւ Սպանիոյ արքունինի նկարիչ: Որպէս նորարար գծեց մարդոց բնական կեանքը ներկայացնող նկարներու շարք Սպանիոյ արքունիքին համար:

Կոյա ժողովուրդի իրաւունքին հաւատացող մըն էր: Կեանքին մէջ երկու անգամ յուսախաբ եղաւ. առաջինը երբ Նափոլէոն Պոնափարթ յարձակեցաւ Սպանիոյ վրայ ու երկրորդ անգամ, երբ Պուրպոն արքունական ընտանիքը վերադարձաւ իշխանութեան: Այս վերջին քայլին մէջ ան տեսաւ յետքայլ, որովհետեւ միապետութիւնը կը համարուէր յետադիմական իշխանութիւն վիպապաշտներու համար:

 

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ (1851 -1872)

 

Պետրոս Դուրեան հայ վիպապաշտ բանաստեղծ մըն է, թատրերգակ: Դուրեան կը յայտնէր թէ իր ՙհայրը օրական հաց ճարող, բայց պատուաւոր երկաթագործ մ՛է՚: Դուրեան շատ կապուած էր իր մօր: Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ Դուրեանի ուսուցիչը դարձած Յակոբ Պարոնեան: Պարոնեան մեծ ազդեցութիւն ձգած է Դուրեանի վրայ: Ճեմարանի մէջ գրած է բանաստեղծութիւն, թատրերգութիւն, կատարած է թարգմանութիւն:

Երիտասարդ Դուրեան Յակոբ Վարդովեանի ՙԹատրոն օսմանիէ՚ին կ’առաջարկէ բեմադրել իր ՙՎարդ եւ Շուշան՚ թատերախաղը£ 1869 թուականին Կետիկ Փաշայի մէջ առաջին անգամ կը բեմադրուի այս ներկայացումը£ Երաժշտութեան հեղինակն էր Տիգրան Չուխաճեանը£ Բեմադրութեան յաջողութենէն ետք, Վարդովեանը եւ Դուրեանը կը սկսին համագործակցիլ£ Դուրեան ոչ միայն իր թատերախաղերը կը գրէր բացառապէս Վարդովեանի թատրոնին համար, այլ նաեւ կը վարէր անոր հրապարակային պաշտպանութիւնը£ Իր կարգին, Վարդովեան ՙջանք ու եռանդ՚ չէր խնայեր զանոնք բեմադրելու համար£

Կարիքը կը ստիպէ անոր դառնալ դերասան, ընդունուիլ Վարդովեանի թատերախումբը£ ՙՍկիւտարի սոխակ՚ի բեմական գործունէութիւնը կարճ կը տեւէ£ ՙԹատրոն օսմանիէ՚ի տնօրէն Յակոբ Վարդովեան Դուրեանին հետ վատ ձեւով կը վարուի, եւ ան ստիպուած կը ձգէ թատրոնը£ Դուրեան դարձեալ կը մնայ անգործ ու կը նուիրիւի իր գրական աշխատանքին կարճ ժամանակի համար, որովհետեւ թոքախտը երեւցաւ բանաստեղծի մարմնին մէջ, տնտեսական ու շատ աշխատելու պատճառով: Դուրեան հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհին 20 տարեկան հասակին, երբ տակաւին շատ բան ունէր տալիք մեր գրականութեան ու մշակոյթին: Այն գրականութիւնը որ մնաց իրմէ նմոյշ մըն է այն հզօր գալիքէն, որուն պատրաստ էր բանաստեղծը, սակայն նախախնամութիւնը զինք կանչեց կանուխ, տակաւին երիտասարդ տարիքին: ՙԼճակ՚ բնաստեղծութիւնը իր մէջ կ’ամփոփէ Դուրեանի ցաւը կեանքէն, երախտամոռ մարդկութենէն: Ան կ’ուզէ նմանիլ լճակին, որ իրեն համար Բնութիւնն է, Բարին, Գեղեցիկը, Անհունը: Կ’ուզէ վերադառնալ Մօրª Բնութեան գիրկը ուրկէ որ եկաւ այս աշխարհ: Կարդանք ՙԼճակ՚ը ու զգանք բանաստեղծին ցաւը… նման:

 

 

ԼՃԱԿ

 

Ինչո՞ւ ապշած ես, լըճա՛կ,

Ու չեն խայտար քու ալեակք,

Միթէ հայլւոյդ մէջ անձկաւ

Գեղուհի մը նայեցաւ£

 

Եւ կամ միթէ կը զմայլի՞ն

Ալեակքդ երկնի կապոյտին,

Եւ այն ամպոց լուսափթիթ,

Որք նըմանին փրփուրքիդ£

 

Մելամաղձոտ լըճա՛կդ իմ,

Քեզ հետ ըլլա՛նք մըտերիմ,

Սիրեմ քեզի պէս ես ալ

Գրաւուիլ, լըռել ու խոկալ£

 

Որքան ունիս դու ալի

Ճակատս այնքան խոկ ունի,

Որքան ունիս դու փրփուրª

Սիրտս այնքան խոց ունի բիւր£

 

Այլ եթէ գոգդ ալ թափին

Բոյլքն աստեղաց երկնքին,

Նըմանիլ չես կրնար դուն

Հոգւոյսª որ է բոց անհուն£

 

Հոդ աստղերը չեն մեռնիր,

Ծաղիկներն հոդ չեն թոռմիր,

Ամպերը չեն թրջեր հոդ,

Երբ խաղաղ էք դու եւ օդ,

 

Լըճա՛կ, դու ես թագուհիս,

Զի թ՛հովէ մալ խորշոմիս,

Դարձեալ խորքիդ մեջ խըռով

Զ՛իս կը պահես դողդղալով£

 

Շատերը զիս մերժեցին,

ՙՔնար մªունի սոսկ – ըսին՚.

Մինª ՙդողդոջ է, գոյն չունի-

Միւսն ալ ըսաւ – կը մեռնի՚£

 

Ոչ ոք ըսաւ – հէ՜գ տղայ,

Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,

Թերեւս ըլլայ գեղանի,

Թէ որ սիրեմ չը մեռնի՚£

 

Ոչ ոք ըսաւ – սա տըղին

Պատռե՛նք սիրտը տըրտմագին,

Նայինք ինչե՜ր գրուած կան…

– Հոն հրդեհ կայ, ոչ մատեան£

 

Հոն կայ մոխի՜ր… յիշատա՜կ…

Ալեակքդ յուզի՛ն թող, լըճա՛կ,

Զի քու խորքիդ մէջ անձկաւ

Յուսահատ մը նայեցաւ…

 

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՃՈՐՃ ՊԱՅՐԸՆ (1788-1824)

 

Ճորճ Պայրըն կը համարուի վիպապաշտ դպրոցի առաջնորդներէն մէկը: Ան իր կեանքը եւ գրականութիւնը նուիրեց Արեւելքի չարչարուող ժողովուրդներուն: Եղաւ հային ու յոյնին հետ, կիսեց անոնց տառապանքը օսմանեան դաժան լուծին տակ: Եղաւ իր երկրին մէջ առաջին մտաւորականներէն, որոնք ձայն բարձրացուցին արդարութիւն բերելու համար չարչարուող քրիստոնեայ ազգերուն: Բրիտանիան երկիր մըն էր, ուր մարդկային արժէքը շատոնց տեղի տուած էր պետական շահին: Շահի դպրոցն էր որ կը գծէր քաղաքականութիւնը այդ երկրին ու կը գծէ մինչեւ այսօր: Լորտ Պայրընի նման անձնազոհ մարդիկ իրենց գրիչով փորձեցին ճեղք մը բանալ այդ երկրի խիղճի պատին մէջ: Պայրըն կանուխ տարիքին գնաց Յունաստանª օգնելու համար այդ երկրի ազատամարտիկներուն, թօթափելու համար օսմանեան վայրագ լուծը ու մեռաւ հիւանդութենէ մը այդ ճամբուն վրայ, Մեսոլինկի քաղքի երկրորդ պաշարումին ժամանակ:

Լորտ Պայրըն իր կեանքով փաստեց, որ նոյնիսկ ազնուական ընտանիքէ սերիլը չի նշանակեր,որ մարդը կը մնայ իր պատեանին մէջ: Ան, հակառակ իր համբաւին, ընտանիքի հարստութեան ու կարգավիճակին, համեստօրէն միացաւ յոյն ազատամարտիկին, փաստելով որ համեստութիւնը կը ծնի մարդուն մէջ սկիզբէն, որ դասակարգի ալ պատկանի ան:

Աւելի լաւ ճանչնալու համար Ճորճ Պայրընը, կարդանք իր գրած տողերը:

ՙThere is pleasure in the pathless woods, there is rapture in the lonely shore, there is society where none intrudes, by the deep sea, and music in its roar; I love not Man the less, but Nature more.՚

ՙԱնուղի անտառներուն մէջ կայ հաճոյք, առանձին ափին մէջ կայ յափշտակութիւն, կայ ընկերութիւն, ուր ոչ ոք չի ներխուժեր, ծովու խորքին, եւ երաժշտութիւնª անոր մռնչիւնին մէջ: Ես պակաս չեմ սիրեր մարդը, սակայն, Բնութիւնը աւելի:՚

ՙWhen a man hath no freedom to fight for at home,

Let him combat for that of his neighbours;

Let him think of the glories of Greece and of Rome,

And get knocked on the head for his labours.՚

 

 

 

ՊՐԻՍՄԱԿ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ

Next Post

ԱՄՈՒՍՆԱՑԵԱԼՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.