Հայաստանի մէջ Ռուսական դաշնութեան դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Սիւնիքի մէջ պիտի բացուի ռուսական հիւպատոսարան: Դեսպանատունը յայտարարած է, թէ դեսպանատուն բանալու նպատակներէն մէկն է Սիւնիքի մէջ գտնուող Ռուսական դաշնութեան քաղաքացիներու ծառայութեան դիւրացում, Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութեան ամրապնդում, մշակութային, մարդասիրական եւ տնտեսական գործունէութեան աշխուժացում: