Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՕՄԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

October 4, 2023
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՕՄԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

 

Մասքաթի մէջ տեղի ունեցած են քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի հանրապետութեան եւ Օմանի սուլթանութեան արտաքին գործերու նախարարութիւններուն միջեւª ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի եւ Օմանի արտաքին գործերու նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Շէյխ Խալիֆա Ալ Հարիսի գլխաւորութեամբ:

Քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու մէջ համագործակցութեան շուրջ, կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան խթանումը: Երկուստեք ընդգծուած է վերականգնուող ուժանիւթի, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, արհեստական բանականութեան, առողջապահութեան ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Խորհրդակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարածաշրջանային եւ անվտանգային խնդիրներուն:

Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան Օմանի իր գործընկերոջն ներկայացուցած է ատրպէյճանական յարձակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի զանգուածային բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակը£

Այցի ընթացքին արտաքին գործերու նախարարին տեղակալը հանդիպում ունեցած է նաեւ Օմանի առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ ներդրումներու յառաջմղման նախարարի տեղակալ Իպթիսամ Ահմատ Սայիտ Ալ Ֆարուճիի հետ: Հայկական պատուիրակութիւնը ճանաչողական այց կատարած է ՙԻնվեսթ Օման՚ ցուցասրահ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙՄԱԿ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԼՂ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԸ՚

Next Post

ՄԱՅՐ ԹԱՏՐՈՆԸ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՑ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ՄԱՅՐ ԹԱՏՐՈՆԸ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՑ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

ՄԱՅՐ ԹԱՏՐՈՆԸ ԱՇԽԱՏԱՏԵՂԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻՑ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.