Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙՄԱԿ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԼՂ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԸ՚

October 4, 2023
in Հայաստան
0
ՙՄԱԿ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԼՂ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԸ՚

 

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸª ՀՀ-Ի ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ

ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը համակարգած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, մասնակցած եւ խօսքով հանդէս եկած են ՀՀ փոխվարչապետներ Տիգրան Խաչատրեանը եւ Մհեր Գրիգորեանը:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական հայատեաց քաղաքականութեան եւ, մասնաւորապէս, 19 Սեպտեմբերին սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը: Նախարարը յիշեցուցած է, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները ուղեկցուած են քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու թիրախաւորմամբª յանգեցնելով հարիւրաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու: Ան յաւելած է, որ ատրպէյճանական յարձակման նախորդած էր Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճանապարհիª Լաչինի միջանցքին աւելի քան 9-ամսեայ ապօրինի արգելափակումը:

ՙՀՀ արտաքին գործերու նախարարն ընդգծած է, որ հայկական կողմի շարունակական ահազանգերը, որ Ատրպէյճանը կանխամտածուած գործողութիւններով կը ծրագրէ Լեռնային Ղարաբաղը ենթարկել ցեղային զտման, չյանգեցուցին միջազգային հանրութեանª Պաքուի քաղաքականութիւնը կանխելու ուղղութեամբ գործուն քայլերու: Արտաքին գործերու նախարարը շեշտած է, որ ԼՂ բնակչութիւնըª 100 հազարէն աւելի հայ, բռնի տեղահանման ենթարկուած էª գոյութենական վտանգ տեսնելով իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն անդամներուն համարª ներառեալ երեխաները, կիները եւ տարեցները: Անդրադառնալով նախօրէին Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի առաքելութեան ժամանմանª նախարարը ընդգծած է անոր ուշացած ըլլալը եւ հանգամանքը, որ այս պահին, ցաւալիօրէն, այդ առաքելութեան միակ արդիւնքը կրնայ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ցեղային զտման փաստի արձանագրումը:

Անդրադառնալով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներու յաղթահարման նպատակով այս փուլին տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ աջակցութեան պատրաստակամութեանª Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուող հրատապ աջակցութեան համար՚, կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

ՀՀ փոխվարչապետ, Մարդասիրական կեդրոնի աշխատանքները համակարգող Տիգրան Խաչատրեան հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան քայլերըª ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած աւելի քան 100 հազար հայերու առաջնային խնդիրներու բացայայտման ու հասցէագրման: ՀՀ փոխվարչապետը անդրադարձած է հրատապ կարիքներու հաշուառմամբ մշակուած պետական աջակցութեան ծրագրերունª անոնց զուգահեռ կարեւորելով համապարփակ կարիքներու գնահատման աշխատանքներու պատշաճ իրականացումը, այդ շարքինª միջազգային գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ, ինչ որ թոյլ կու տայ մշակել հասցէական երկարաժամկէտ աջակցութեան ծրագրեր:

Հանդիպման ընթացքին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան անդրադարձ կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնի տեղահանուած հայերու առաջնային կարիքներու հասցէագրման ուղղուած միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագրերու ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն: Փոխվարչապետը առաջնային համարած է բռնի տեղահանուածներուն կեցավայրերով ապահովելու հարցը, ինչպէս նաեւ նշել անոնց զբաղուածութեան, կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններու մատուցման կարեւորութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՌՈՒՍԻԱ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՈՂ ՔՈՆԵԱԿԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԻ. ՇՈՒՐՋ 60 ԲԵՌՆԱՏԱՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՎԵՐԻՆ ԼԱՐՍԻ ՄԷՋ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՕՄԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՕՄԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՕՄԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.