Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՌՈՒՍԻԱ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՈՂ ՔՈՆԵԱԿԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԻ. ՇՈՒՐՋ 60 ԲԵՌՆԱՏԱՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՎԵՐԻՆ ԼԱՐՍԻ ՄԷՋ

October 4, 2023
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՌՈՒՍԻԱ ԱՐՏԱՀԱՆՈՒՈՂ ՔՈՆԵԱԿԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԻ.  ՇՈՒՐՋ 60 ԲԵՌՆԱՏԱՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՎԵՐԻՆ ԼԱՐՍԻ ՄԷՋ

 

Հայաստանէն Ռուսաստան գացող շուրջ 60 բեռնատարª բեռնուած քոնեակով, կը սպասէ հսկողութեան աւարտին, ռուսական կողմը մաքսային հսկողութիւն կ՛իրականացնէ Հայաստանէն Ռուսաստան գացող քոնեակին նկատմամբ, երբեմն կ՛որոշեն ապրանքը ուղարկել փորձաքննութեան: Տեղեկութիւնը հաստատեց Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կից մաքսային կցորդ Վահան Յակոբեանը:

ՙՔոնեակի նկատմամբ հսկողութիւնը շատ շուտ սկսած է Ռուսաստանի մէջ: Մարտ-Ապրիլ ամիսներէն ռուսական մաքսային ծառայութիւնը մաքսային հսկողութիւն սկսած է իրականացնել Հայաստանէն ներմուծուած քոնեակներու նկատմամբ: Այդ կը բացատրեն անով, որ յայտնաբերած են խախտումներª կեղծ քոնեակներ եւ այլն: Քանի մը օր առաջ հսկողութիւնը աւելի խստացուցած են: Եթէ նախապէս հսկողութիւնը կ՛իրականացուէր որոշ արտահանողներու կամ ներմուծողներու նկատմամբ, այս պահին Հայաստանէն եկող ամբողջ քոնեակը կ՛ենթարկուի մաքսային հսկողութեան՚ ըսաւ Յակոբեանը:

Ան բացատրեց, որ հսկողութիւնը կ՛ըլլայ երկու տեսակիª փաստաթղթային կամ զննում: Զննման արդիւնքով հնարաւոր է որոշում կայացուի ապրանքը ուղարկել փորձաքննութեան: Երբ ապրանքը կ՛ուղարկուի փորձաքննութեան, մեքենաները ստիպուած կ՛ըլլան սպասել անցակէտին մէջ մինչեւ պատասխաններու գալը: Մաքսային կցորդին խօսքովª փոխադրակառքերու կուտակումներուն պատճառը հիմնականին մէջ այդ է, որ կը սպասեն փորձաքննութեան պատասխանին: Այն կրնայ տեւել 1 շաբաթէն մինչեւ 1 ամիս:

Անոր տուեալներովª մօտ 60 փոխադրակառք կը սպասէ հսկողութեան աւարտին:

ՙԲայց այդ նաեւ չի խանգարեր, որ փոխադրակառքերը կը շարունակեն ձեւակերպուիլ եւ դուրս գալ, որովհետեւ Հայաստանէն Ռուսաստան մտնող բեռները բնականոն կերպով կը ձեւակերպուին եւ կը մտնեն Ռուսաստան: Ընդհանուր ծաւալին վրայ այդ չ՛ազդեր՚, նշեց Յակոբեան:

Անդրադառնալով հնչող տեսակէտին, թէ այս ձեւով Ռուսաստանը ՙտնտեսական պատժամիջոց՚ կը կիրառէ Հայաստանի նկատմամբª մաքսային կցորդը ընդգծեց, որ ռուս գործընկերներուն հետ աշխատելու ընթացքին կը հիմնաւորուի, որ կը յայտնաբերուին խախտումներª կեղծ քոնեակներ, բաղադրութեան հետ կապուած խախտումներ: Եւ հաշուի առնելով, որ հսկողութիւնը նոր չէ դրուած, այլª Մարտ-Ապրիլ ամիսներէնª ան կ՛ենթադրէ, որ ռուսական կողմը իր հսկողութեան մէջ առարկայականութիւն ունի:

Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք արհեստականօրէն խոչընդոտներ առաջացնելու միտում չի՞ տեսներ, Յակոբեանը ըսաւª եթէ Հայաստանի մէջ ալ որոշ ապրանքի մէջ խախտումներ կը յայտնաբերուին, բոլոր պարագաներուն հսկողութիւնը կը վստացուի: ՙԽախտումները շատցած են, անկէ՞ հսկողութիւնը խստացած է, թէ՞ որոշ քաղաքական ենթահող կայ, չեմ գիտեր պատասխանը հարցումին, որովհետեւ այդ տեղեկութեան չեմ տիրապետեր՚, ըսաւ կցորդը:

Ան միեւնոյն ժամանակ վստահեցուց, որ, եթէ կը հասկնան, որ որոշ բեռնատարները շատ երկար կը մնան, անարդար կերպով կը վարուին հայ տնտեսվարողներու հետ, անմիջապէս կապ կը հաստատուին ռուս գործընկերներու հետ, խնդիրները կը քննարկեն բոլոր հնարաւոր տարբերակներով: Տեղեկութիւնը կը տրամադրուի նաեւ Պետական եկամուտներու եկամուտէն:

Վերին Լարսի անցակէտով Հայաստանէն Ռուսաստան այլ բեռներ տեղափոխող բեռնատարներու հետ կապուած խնդիրներու մասին տեղեկութիւններ չեն ստացուած: Այս պահին շատ մեծ ծաւալով հայկական բեռները կը մտնեն Ռուսաստան: Մաքսային կցորդին խօսքովª թողունակութեան այսպիսի ծաւալ չէ եղած երբեւիցէ: Այս պահին օրական միջինը 200 բեռնատար կը մտնէ Ռուսաստան:

Share61Tweet38
Previous Post

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ԲՌՆԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ 2784 ԵՐԵԽԱՅ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԲԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

ՙՄԱԿ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԼՂ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԸ՚

Next Post
ՙՄԱԿ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԼՂ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԸ՚

ՙՄԱԿ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԿ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԼՂ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՄԱՆ ՓԱՍՏԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒՄԸ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.