Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ երէկ վերջին պատարագը մատուցեց Հրայր Սարկաւագը: Երբեմնի մարդաշատ եկեղեցւոյ մէջ երէկ արցախցի քաղաքային չկար:
Հոկտեմբեր 1-ը Արցախի համար համազգային աղօթքի օր էր: Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Սուրբ Էջմիածինի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին վրայ, որմէ ետք կատարուեցաւ աղօթքի յատուկ կարգª ի զօրակցութիւն Արցախին եւ արցախահայութեան:
Նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւ յայտնեց, որ համազգային աղօթքը չի մատուցուիր Արցախի մէջ: Ան մաղթեց խաղաղութիւն եւ կորովª մանաւանդ Արցախի ժողովուրդին: