Ատրպէյճանի իշխանութիւնները միջազգային հետախուզում յայտարարեցին Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Ժալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ: Անոնք կ’ամբաստանուին 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին խաղաղ բնակիչներ սպաննելու յանցանքով:
Իսկ Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Պեկլարեան յայտնեց, որ ինք եւս հասած է Երեւան, բոլոր արցախցիներուն նման հայրենազուրկ եւ սրտաբեկ է, սակայն ոչ կոտրուած: