Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԱԿ ԿՈՒ ԳԱՅ ԴԻՏԱՐԿԵԼՈՒ ԴԱՏԱՐԿ ԱՐՑԱԽԸ

October 3, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՄԱԿ ԿՈՒ ԳԱՅ ԴԻՏԱՐԿԵԼՈՒ ԴԱՏԱՐԿ ԱՐՑԱԽԸ

Արցախի դատարկ գիւղերն ու քաղաքները դիտարկելու նպատակով, երէկ վերջապէս իրենց բնորոշ ուշացումով ժամանեց ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը: Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Յունան Թադեւոսեան դիտել տուաւ, որ պատուիրակութեան այցելութիւնը ուշացած է եւ կը կրէ ձեւական, ոչ-բովանդակային բնոյթ: Ան բացառեց, որ Ստեփանակերտի մէջ մնացած ըլլայ 7 երեխաներով մայր մը: ՙՀիմնական բնակչութիւն չէ մնացած Ստեփանակերտի մէջ՚, ըսաւ պաշտօնատարըª աւելցնելով, որ Արցախի մէջ տակաւին կը գտնուին նախկին նախագահները, քաղաքական ղեկավարութիւնը եւ փրկարարներ, որոնք կը շարունակեն զոհերու աճիւններու որոնողական աշխատանքերը:

Արցախահայութեան մեծամասնութիւնը արդէն ակամայ լքած է հայրենի հողը եւ ապաստանած է Հայաստան: Երէկ երեկոյեան դրութեամբ Հայաստան փոխադրուած արցախահայերուն թիւը հատած էր հարիւր հազարի սահմանը:

Արցախի մարդասիրական ճգնաժամը կառավարող աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան երէկ յայտնեց, որ գրեթէ դադրած է արցախցիներուն Հայաստան հոսքը: Սարգսեանի համաձայն, բազմացած է պետութեան տրամադրած կեցավայրերէն օգտուողներուն թիւը: ՙԱյդ կեցավայրերը ժամանակաւոր են, սակայն կան տեղեր, որոնք հետագային կրնան դառնալ աւելի երկարաժամկէտ տրամադրուող վայրեր՚, ըսաւ Վարդան Սարգսեանª աւելցնելով, որ չէ եղած կեցութեան համար դիմած մարդ, որուն մնալու վայր չէ ապահովուած: Միայնակ տարեցներուն, հաշմանդամներուն հետ կապուած խնդիրները լուծած են Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ: Վարդան Սարգսեան նշեց, որ սահմանը հատած է 21.103 փոխադրութեան միջոց: Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած կեցավայրերէն մինչեւ երէկ օգտուած էր 47.322 տեղահանուած արցախցի: Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատուրեան յայտնեց, որ իւրաքանչիւր արցախցիի պիտի տրամադրուի 40 դրամի աջակցութիւնª անկախ տարիքէն: 10 հազար դրամի օգնութիւն ալ պիտի յատկացուի ապրուստային ծախսերու համար: Ըստ Խաչատուրեանի, օգնութիւնը պիտի չտրամադրուի այն արցախցիներուն, որոնք բնակարան ունին Հայաստանի մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

Next Post

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Next Post
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.