Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

Կազմակերպութեամբ Դամասկոսի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան

September 21, 2023
in Մշակութային
0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

 

 

 

 

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առիթով, Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2023-ին,  Դամասկոսի ՆՍՄՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի վարչութիւններու յամառ եւ միասնական աշխատանքով, ՀՄՄ ակումբի շքեղ սրահին մէջ փայլուն միջոցառում մը տեղի ունեցաւ, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի£ Հանդիսութեան ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկեր Տոքթ. Վազգէն Համալեան, ՍԴՀԿ Դամասկոսի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկեր Խորէն Չարքեան եւ վարչութեան անդամները, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Յայտագիրը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի օրհներգներով£ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անոյշ Քէօրօղլեան-Մարաշլեան եւ օրը համարեց տօնական:

Վաւերագրական ֆիլմ մը ցուցադրուեցաւ ներկաներուն, որ ՙՇողակաթ՚ ընկերութեան յատուկ պատրաստութիւնն էր:

Երգչախումբը ՙՀայոց Օրհներգ՚ը եւ ՙԳարուն Երեւան՚ երգերը երգեց, Հայրենիքին արեւշատութիւն եւ բարօրութեան մաղթանքերով:

Տեսերիզով արձանագրուած նուագ մը մասնաւոր պատրաստած էր այս առթիւ: Սրինգի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, տիկին Անի Աբրահամեան Ստեփանեան եւ Սվեթլանա Մերքիրովա նուագեցին Ա. Խաչատուրեանէն ՙԼեզկինկա՚ եւ ՙՕրօրոցային՚:

Ճօրճ Մարաշլեանը իր գեղեցիկ եւ թովիչ ձայնով ներկաներուն բարձր տրամադրութիւն պարգեւեց երգելով ՙՀայաստանի կարմիր գինին՚ եւ ՙՊեպոյի երգը՚:

Մասնաւոր եւ հետաքրքրական տեսերիզ մը պատրաստուած էր Գարին Գոճայեանէն, որ  ՙԽաչատուրեանը օտարներու ակնոցով՚ կը ներկայացնէր:

Ալիսիա Գասարճեան դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ՙwalts from masquerade՚ նուագեց:

Դամասկոսի ՆՍՄՄ-եան ՙՄեղրի՚ պարախումբի խումբ մը աղջիկներ  կանացի գեղեցիկ շարժումներով պարեցին ՙՈւզունտարա՚ պարը ՙԳայիանէ՚ պալէէն: Պարուսոյց` Սեւան Մարաշլեան:

Բանախօսին կենսագրութիւնը ներկայացուց Տիկ. Անի Պալասանեան Գոճայեան:

Օրուան պատուական բանախօսն էր Դամասկոսի ՙՔնար՚ երգչախումբի նախկին ղեկավար տիար Շանթ Քէշիշեանը, որ ներկայացուց մեծ երգահան` Արամ Խաչատուրեան մարդը, երաժիշտը, հայը, ապա ժամանակագրական կարգով անոր գլխաւոր գործերը:

Խաչատուրեանի թաղումը (վաւերագրական) ֆիլմ:

ՙԳայիանէ՚ պալէի պատմական  բացատրութիւնը ներկայացուց Սեւան Մարաշլեան:

ՀՄՄ-ի անգերազանցելի փողերախումբը հրամցուց ՙԳայիանէ՚էն ՙՎարդագոյն աղջիկներու պարը՚ եւ բարձր ծափահարութիւններու տարափով ողջունելի եղաւ ներկաներուն կողմէ:

Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեան արտի խօսքով հանդէս եկաւ. յիշեց հետաքրքրական եւ անկրկնելի դրուագներ Խաչատուրեանէն: Օրհնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստած ՆՍՄՄ-ը, ՀՄՄ-ի վարչութիւնը, աշխատողները եւ բոլոր մաս կազմող սկաուտները, ապա ՙՊահպանիչ՚ով փակեց յայտագիրը:

Ակումբիս բակին մէջ տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ սուրճով, հիւրասիրութեամբ եւ բարեկամներու հաճելի զրոյցներով:

 

ԱՆՈՅՇ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

Next Post

ՄԱԿ ԿՈՒ ԳԱՅ ԴԻՏԱՐԿԵԼՈՒ ԴԱՏԱՐԿ ԱՐՑԱԽԸ

Next Post
ՄԱԿ ԿՈՒ ԳԱՅ ԴԻՏԱՐԿԵԼՈՒ ԴԱՏԱՐԿ ԱՐՑԱԽԸ

ՄԱԿ ԿՈՒ ԳԱՅ ԴԻՏԱՐԿԵԼՈՒ ԴԱՏԱՐԿ ԱՐՑԱԽԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.