Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

 

Երէկ Ատրպէյճան վար առաւ իր դիմակը եւ լայնածաւալ ռմբակոծումի ենաթրկեց Արցախի բանակի դիրքեր եւ քաղաքացիական բնակավայրեր: Ժամը 21:00-ի դրութեամբ Արցախի մէջ ինկած էին 138 վիրաւորներ, որոնցմէ 29-ըª քաղաքացիներ: Կայ 25 զոհ, որոնցմէ երկուքը քաղաքցի: 112 վիրաւոր կայ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ, 11 վիրաւորª մանկական հիւանդանոցին մէջ եւ 15 վիրաւորª Մարտակերտի հիւանդանոցին մէջ: Ասկերանի եւ Մարտունիի հիւանդանոցներուն հետ կապը խզուած է:

Ըստ Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի, ատրպէյճանական օդուժը ռմբակոծած է Ասկերանի գիւղերը եւ Մարտակերտ քաղաքը:

Արցախի սահմանամերձ վեց գիւղերու բնակչութիւնը դատարկուած է: Այդ գիւղերն ենª Խրամորթ, Խնապատ, Սառնաղբիւր, Նախիջեւանիկ, Մաճկալաշէն եւ Ճանկաթաղ:

Ըստ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերջին տեղեկութիւններուն, մարտերը կը շարունակուին Արցախի սահմանի երկայնքին: Ատրպէյճան կը գործածէ անօդաչու թռչող սարքեր, հրետանի, հրթիռներ եւ օդուժ ամբողջ սահմանի երկայնքին:

Ռուսական դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Իրանի Զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Մոհամմատ Պաքէրի քննարկած են վիճակը Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Արցախի մէջ:

Հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ: Քննարկուած է Արցախի վրայ սկսած ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը եւ Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է ուժի կիրարկումի անթոյլատրելիութիւնը եւ խոստացած է հրաւիրել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստª քննարկելու համար Արցախի վիճակը ատրպէյճանական յարձակումի լոյսին տակ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

Next Post

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

Next Post
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.