Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՐԿՆԱԾ Է ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸª ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹՅԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒՆ

September 21, 2023
in Միջազգային
0
ԵԱՀԿ ԳՈՐԾՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿՐԿՆԱԾ Է ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸª ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹՅԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒՆ

 

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ արտաքին գործերու նախարար Պույար Օսմանին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ£ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԵԱՀԿ նախագահութիւնը£

ՙՆախագահ Օսմանին իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններուն եւ այն վտանգին առնչութեամբ, որ անոնք կը ներկայացնեն տուժած քաղաքացիական բնակչութեան համար£ Անյապաղ ապամագլցողութեան կոչ ընելով` ան կրկին բարձրաձայնած է իր մտահոգութիւնները հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան, յատկապէսª խոցելի խումբերուն վրայ ծանր հետեւանքներու վերաբերեալ: Ան ընդգծած է, որ մարդասիրական նկատառումները պէտք է գերակայեն, եւ որ տեղի բնակչութեան մարդասիրական կարիքները պէտք է բաւարարուին£ Շեշտած է, որ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումը լիովին եւ միշտ անընդունելի է, եւ որ կայուն, կառուցողական երկխօսութիւնըª բարի կամքի ոգիով, կայուն խաղաղութեան միակ ճանապարհն է՚, նշուած է յայտարարութեան մէջ£

Պույար Օսմանին կրկնած է իր պատրաստակամութիւնըª աշխուժօրէն ներգրաւուելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օժանդակելուն£ Ան շեշտած է, որ ԵԱՀԿ-ը ունի համապատասխան փորձ եւ գործիքներª ՙնպաստելու երկխօսութեան, կառուցելու վստահութիւն եւ իրագործելու համապատասխան համաձայնութիւնները, որոնք կ՛աջակցին կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՚£

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶԸ ԻՐԱՆՑԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՍԱՆՁԱԶԵՐԾՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Next Post

ԲՌՈՒՆՑՔՈՒԵՆՔ ՀԱՅԵՐ

Next Post
ԲՌՈՒՆՑՔՈՒԵՆՔ ՀԱՅԵՐ

ԲՌՈՒՆՑՔՈՒԵՆՔ ՀԱՅԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.