ՙՄԵՐ ՄՈԼՈՐԱԿԸ, ՄԵՐ ԽԱՂԱՂ ԱՊԱԳԱՆ՚
ՙՀ.Մ.Մ. քեզ փառք ու պարծանք, պիտի յաւէտ բարձրանաս…՚: Հակառակ երկրին տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններուն, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին կազմակերպելու եւ իր յաջողութեան հասցնելու Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման 2023 թուականի տարեկան մեծ բանակումը, որ տեղի ունեցաւ Աշքութի շրջանին մէջ:
Բանակումին նախապատրաստական աշխատանքները սկիզբ առին Ուրբաթ, 18 Օգոստոս 2023-ի առաւօտեան, երբ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմի երէցները մեկնեցան դէպի բանակավայրª պատրաստելու համար սկաուտական բանակումին խորհրդանիշը` կայմը, որ նուիրուած էր աշխարհի խաղաղութեան: Շաբաթ, 19 Օգոստոս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3£00-ին, Հ.Մ.Մ-.ի արիները իրենց բանակումի պայուսակներով ուղղուեցան իրենց կեդրոնատեղին` Հ.Մ.Մ. ակումբ, Խալիլ Պատաուի, ուրկէ ճամբայ ելան դէպի բանակավայր:
Շուրջ մէկուկէս ժամ ճամբայ կտրելէ ետք, անոնք վերջապէս հասան բանակավայր, ուր Հ.Մ.Մ. Պէրութի սկաուտական կազմի արիներու խմբապետ ընկեր Յակոբ Վասիլեան սուլեց առաջին հաւաքը եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ սկաուտական քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ 2023-ի բանակումին: Որմէ ետք, Հ.Մ.Մ.-ի արիներուն ընթերցեց օրէնքներն ու կանոնները, որոնց պիտի հնազանդին բոլորը:
Հանգիստի եւ տեղաւորման ժամէն ետք դարձեալ սուլուեցաւ հաւաք, ուր Հ.Մ.Մ.-ի արիները ուղղուեցան դէպի դրօշակի արարողութեան: Այս տարուան բանակումը ունէր հարուստ յայտագիր, որ կþընդգրկէր դաստիարակչական հանդիպումներ, մարզական եւ զարգացման խաղեր շնորհիւ Fightlife Leb եւ AcroLeb-ի կազմակերպութեան, սկաուտական գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ ազգային յեղափոխական եւ սկաուտական երգերու դասընթացքներ:
Ամէն օր զարթնումէն ետք տեղի կþունենար դրօշակի արարողութիւն, վրանի մաքրութեան քննութիւն եւ խմբակային աշխատանքներ` ձեռային աշխատանքի, մաքրութիւն եւ այլն, ինչպէս նաեւ երեկոյեան խարոյկ եւ պահակութիւն:
Շաբաթ երեկոյեան, 2023-ի կայմը արդէն իսկ աւարտած էր շնորհիւ երիցական խումբի տքնաջան աշխատանքին, եւ ժամը հասած էր արդէն բարձրացնելու այդ գեղեցիկ կայմը: Երէցները եւ սկաուտները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական կազմի նախկին անդամներն ու Հ.Մ.Մ.-ական երիտասարդները միասնաբար մէկտեղուելով բարձրացուցին հսկայական կայմը, որ ուրախութեան եւ երջանկութեան պահ մըն էր բոլորին համար:
Իւրաքանչիւր օր տեղի ունեցան այցելութիւնններ, երբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի պատկան մարմիններու, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի Շրջանի մասնաճիւղերու անդամներ այցելեցին բանակավայր եւ մօտէն ծանօթացան բանակումի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթացան սկաուտական բանակումի առօրեային, որմէ ետք քաջալերական խօսքեր ուղղեցին Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:
Հինգշաբթի, 24 Օգոստոս 2023-ին, Հ.Մ.Մ.-ի արիներուն միացան սկաուտական կազմի ամենափոքր խումբը` գայլիկներն ու արծուիկները, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մէջ կը գտնուէին, որովհետեւ անոնք Հ.Մ.Մ.ի բանակումին էին:
Ուրբաթ օր արդէն խարուկահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներն ու փորձերը սկսան. սկաուտական ամբողջ կազմը ուղղուեցաւ դէպի խարուկահանդէսին որոշուած վայրը եւ ամբողջ օրը կատարուեցան փորձերª հսկողութեամբ խարուկահանդէսի յանձնախումբին, որ ամիսներ առաջ Սկաուտական խորհուրդը նշանակած էր: Սոյն խարուկահանդէսը դարձեալ նուիրուած էր արցախահայութեան:
Շաբաթ արդէն իսկ օրը հասած էր խարուկահանդէսի երկար եւ յոգնեցուցիչ նախապատրաստութիւնը ներկայացնելու Հ.Մ.Մ.-ի համակիրներուն եւ ընտանիքներուն: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն բանակողները աշխոյժ աշխատանքի մէջ էին, անոնք կ՛աշխատէին բանակավայրը տեղաւորելով, մաքրելով եւ խարուկահանդէսին դաշտը պատրաստելով: Այնուհետեւ արդէն դարձեալ վերջին փորձի ժամն էր. շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի արիներ աւելի ինքնավստահ էին խարուկահանդէսին:
Երեկոյեան ժամը 6-ին սկաուտական կազմը եւ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը սկսան պատրաստուիլ խարուկահանդէսին: Ժողովուրդը արդէն իսկ սկսած էր հաւաքուիլ որոշուած վայրը, ուր տեղի պիտի ունենար խարուկահանդէսը: Սոյն խարուկահանդէսին նաեւ ներկայ եղան Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամը, Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետն ու անդամները, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ անդամները, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան անդամները, նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները:
Խարուկահանդէսին բացումը կատարեց Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը. անոնք տողանցելով եկան մինչեւ խարուկահանդէսին վայրը, ուր նուագեցին Լիբանանի, Հայաստանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ սկաուտական քայլերգները, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման անդամ ընկերուհի Փաթիլ Փափազեան: Ան շնորհաւորեց բոլորը նուիրական զոյգ կազմակերպութիւններու տօներուն առիթով, ապա ըսաւ, որ այս բանակումը հրապարակային ուխտ մըն է հաւատարիմ մնալու մեր նախնիներու գծած ուղիինª արժանավայել ձեւով Հ.Մ.Մ.-ականի կոչումը պահելու եւ բարձր պահելու անոր կարմիր ճերմակ դրօշը: Ընկերուհին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, վարչականներուն, բանակումի մասնակիցներուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման տեսլականին եւ կը վստահին Հ.Մ.Մ.-ին:
Պահը հասած էր դրօշակի արարողութեան. սկաուտներու խմբապետ ընկեր Յակոբ Վասիլեան սուլեց սկաուտական հաւաքը, ուր Հ.Մ.Մ.-ի արիներ իրենց խմբակներով շարուեցան կայմին առաջ, որպէսզի կատարեն դրօշակի արարողութիւնը: Դրօշակի արարողութենէն ետք, կատարուեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի երդման արարողութիւնը, շուրջ 10 արիներ երդուեցան իրենց պատուոյն վրայ հնազանդելու Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական դաւանանքին, որմէ ետք ընթերցուեցաւ նախորդ տարուան սկաուտական կազմին մէջ բարձր պաշտօններու արժանացած ընկերներ-ընկերուհիներուն անունները:
Պաշտօններու փոխանցումէն ետք յայտարուեցաւ 2023 թուականի լաւագոյն արենուշներու խմբակ, լաւագոյն սկաուտներու խմբակ, ինչպէս նաեւ լաւագոյն սկաուտ, լաւագոյն արենուշ եւ լաւագոյն գայլիկ, լաւագոյն արծուիկ եւ լաւագոյն երէց: Որմէ ետք Հ.Մ.Մ. Պէրութի սկաուտական կազմի արիներու խմբապետ ընկեր Յակոբ Վասիլեան ցրուեց կազմը, սկսելով խարուկահանդէսի յայտագիրը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր կրակի խաղեր, գայլիկներու եւ արենուշներու պար, սկաուտական բուրգ, երգ եւ վերջապէս յատուկ այս խարուկահանդէսին համար պատրաստուած թատրոն: Աւարտին, յեղափոխական երգերով Հ.Մ.Մ.-ի արիները Լիբանանի, Հայաստանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի, Կիլիկիոյ, Նոր Հաճնոյ եւ Հ.Մ.Մ.-ի դրօշներով համախմբուեցան կայմին առջեւ, երգելով ազգային եւ կուսակցական երգեր: Խարուկահանդէսը փակուեցաւ սկաուտական հրաժեշտի ՙՑտեսութեան երգ՚ով, որմէ ետք սկաուտներ եւ երէցներ անցան գործիª մինչեւ ուշ գիշեր կայմը քակելով:
Կիրակի առաւօտեան, Հ.Մ.Մ.-ի արիները պարպեցին բանակավայրը եւ մեկնեցան բանակավայրէն դէպի Հ.Մ.Մ. Պէյրութի ակումբ:
Այս առիթով, յատուկ շնորհակալութիւն կþուզենք յայտնել Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինին, Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան եւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութեան, Ս.Դ.Հ.Կ. ՙԺիրայր Մուրատ՚ եւ ՙԱղասի՚ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան, Spinneys հաստատութեան տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն եւ ծնողներուն, որոնք իրենց անսահման զօրակցութիւնը ցուցաբերեցին թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական առումով, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի սկաուտական շարժման վերելքին եւ յարատեւութեան:
Վարձքը կատար բոլորին: