ՙՈւժեղ հանրապետութիւնը՚ խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Մըլհէմ Ռիաշի չբացառեց, որ միջազգային միջամտութիւնները եւ երկխօսութիւնը այս ամիս առաջնորդեն հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան: ՙԱյս հաւանական է, սակայն պէտք չէ չափազանցենք հաւանականութիւնը, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ պէտք է ըլլալ իրապաշտ՚, ըսաւ Ռիաշի: Ան նշեց, որ երկխօսութեան Պըրրիի հրաւէրը ընդառաջելու կամ մերժելու որոշումը պիտի կայացուի այսօր կայանալիք խորհրդակցութիւններուն բերումով: ՙԱզգային ազատ հոսանքին հետ ցարդ համաձայնութիւն կայ Ժիհատ Ազհուրի թեկնածութեան շուրջ՚, յիշեցուց Ռիաշի: