ՙԱլ Ժատիտ՚ պատկերասփիւռ կայանը յայտարարեց, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ԱՄՆ-ի յատուկ պատուիրակ Ամոս Հոքըշթայնի հետ իր ժողովին ընթացքին անկէ պահանջած է խորհուրդ տալ Լիբանանի մէջ գտնուող իրենց համակիրներուն մասնակցիլ նախագահի ընտրութեան շուրջ երկխօսութեան: Նախագահ Պըրրի արծարծեց նաեւ ընդդիմութեան որոշումըª չմասնակեցլու խորհրդարանի ժողովներուն, որոնց ընթացքին պիտի քուէարկուի քարիւղի եւ կազի արտահանման թղթածրարը, որ ամերիկեան պահանջ է: