Լիբանանի նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ հրապարակեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ տեղեկութիւններ եւ գրաւի եկաւ ոեւէ անձի հետ, որ զինք կ’ամբաստանէ զեղծարարութեամբ: Ան հրապարակեց փաստաթուղթ մը, որուն մէջ պայթուցիկ AMMONIUM NITRATE փոխադրող նաւու նաւապետը նամակ յղած է Լիբանանի Արդարադատութեան նախարարութեան 2014 թուականին: Ան հարցուց, թէ ինչո՞ւ չշարժեցաւ Արդարադատութեան նախարարութիւնը այդ ժամանակ: