Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

August 23, 2023
in Գլխաւոր Լուրեր, Խմբագրական
0
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

 

 

ՄԷԿ ԵՐԴԻՔԻ ՏԱԿ

(Հ.Մ.Մ.-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Եւ այսպէս, Հ.Մ.Մ.-ը թեւակոխեց իր պատմութեան երկրորդ հարիւրամեակը:

Եւ հարիւրամեայ երազ մը դարձաւ իրականութիւն, երբ Երեւանի հիմնական փողոցները թնդացին Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներու պինդ դոփիւններով, փողերախումբի անդամներու շեփորներուն գոռ շաչիւնով, թմբկահարներու հարուածներուն սրտաթունդ հարուածներով:

Եւ այսպէս, մէկ երդիքի տակ յոբելենական տողանցք մը կատարելու իղձը դարձաւ շօշափելի փաստ` երբ Երեւանի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պէյրութի երիտասարդ Հ.Մ.Մ.-ականները, ինքնավստահ եւ համարձակ քայլերով հաստատեցին, որ արդէն փթթած է երիտասարդ սերունդ մը` Հ.Մ.Մ.-ի հաւատարիմ եւ նախնիներու պատգամին հնազանդ` ՙՄի՛շտ Պատրաստ՚ կարգախօսին անշեղօրէն հետեւորդ:

Հ.Մ.Մ.-ի ազգային-գաղափարական դաւանանքն իսկ այդ չէ մի՞թէ: Իր հիմնադրութենէն` 1921-էն ի վեր հայրենիքը եղած ու մնացած է իր գոյութեան իրաւունքին հիմնատարրը, մնայուն սեւեռակէտը: Հայ գաղութներուն մէջ, նորածաղկ սերունդներուն մօտ մարզական կեանքը աշխուժացնելու առընթեր, երիտասարդութեան մօտ հայրենասիրութեան սերմանումը եղած է առաջնահերթ նպատակ: Արդարեւ, Միութեան ծնունդն ու յարատեւումը, հարիւրամեայ երթը, ո՛չ ինքնանպատակ է եւ ո՛չ ալ պատահական, այլեւ` դաստիարակչական, ազգային ու բարոյական բովանդակութեամբ գոյերթ մը հա՛յօրէն կրթուելու եւ ուռճանալու:

Հ.Մ.Մ.-ի հիմնադիր սերունդն ու անոր առաջին խարիսխները նետողները հայրենազուրկ միութենականներ էին, որոնք հայրենիքը ապրեցուցին իրենց հոգիներուն եւ գործունէութեան մէջ. սնուցին գաղափարական բարձր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ: Զրկեալներ էին, այո՛, բայց այդ բացթողումը կարողացան ամբողջացնել միութենական անձնուէր ծառայութեամբ: Միջոցը` մարմնամարզն էր, թիրախը` հայկականութիւնն ու հայութիւնը: Եւ այս ուղին կտակուեցաւ սերունդէ սերունդ, տարածուեցաւ գաղութէ գաղութ: Եւ ահա հարիւրամեայ յոբելեանին առիթով, որպէս հաշուեյարդար` Հ.Մ.Մ.-ը հանրութեան ու պատմութեան առջեւ կը ներկայանայ վեհ ճակատով եւ բարձր գլուխով` դափնիներով զարդարուն:

Երեւանի մէջ կայացած հարիւրամեակին նուիրուած տողանցքն ու շքեղ տօնակատարութիւնը մեծագոյն վկայութիւնն է այդ հաշուետուութեան: Անտարակոյս, Երեւա՛նը կրնար ըլլալ միակ երդիքը, որ կրնար մէկտեղել Երեւանի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պէյրութի երիտասարդ ուժերը: Եւ ի՜նչ հպարտալից բարեբախտութիւն, որ նոր դէմքեր, պատանիներ ու պարմանիներ, համալրած էին Հ.Մ.Մ.-եան բանակը:

Հարիւրամեակը միայն անցեալ չէ, միայն հաշուեյարդար չէ, միայն պատմութիւն չէ: Երեւանեան աննախադէպ հաւաքը, միախումբ տողանցքը, ուսընդուս քայլերը նոր էջ բացին վաղուան համար, նոր հորիզոններ կը բանան Հ.Մ.Մ.-ին համար: Սա երդում է, ուխտի վերանորոգում է` միութեան եւ հայրենիքին նկատմամբ: Եւ ի՞նչ է Հ.Մ.Մ.-ին եւ անոր հովանաւոր կուսակցութեան` Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան նպատակը, եթէ ոչ` ամուր եւ հզօր տեսնել համայն հայութեան երդիքը` Հայաստանը: Նուիրական ի՞նչ ունինք ազգովին` եթէ ոչ` միակ ու ապահով երդիք մը` հայրենիքը:

Մէկ երդիքի տակ Հ.Մ.Մ.-եան տօնակատարութիւնը, տողանցքն ու համագումարը կը վկայեն` թէ Հ.Մ.Մ.-ի երթը պիտի շարունակուի՛: Պիտի շարունակուի յաղթակա՛նօրէն:

Անխափա՛ն երթ` դէպի երկրորդ հարիւրամեակ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԽԱՂԵՐԸ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ԵՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ ՈՒ ՆԵՐՈՒԺԻՆ՚

Next Post

Հ.Մ.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Next Post
Հ.Մ.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Հ.Մ.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.