Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը մասնակցած է Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերու փակման արարողութեան:
Միջոցառման ընթացքին նախագահը մրցանակներ յանձնած է` ՙՀամահայկական խաղերու գեղեցկուհի՚, ՙԼաւագոյն պատուիրակութիւն՚, ՙԱրդարացի խաղ՚, ՙՀամահայկական խաղերու յայտնութիւն՚, ՙՄարզական ոգի եւ արիութիւն՚, ՙԼաւագոյն քաղաք` արտերկրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան՚ անուանակարգերուն մէջ յաղթողներուն:
ՙՀամահայկական խաղերու գեղեցկուհի՚ մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է ԱՄՆ Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի պասքետպոլիստուհի Աննա Ասլանեանը:
Լաւագոյն պատուիրակութիւն ճանչցուած է Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի պատուիրակութիւնը:
ՙԱրդարացի խաղ՚ անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուած է Արժանթինի Պուենոս Այրէս քաղաքի պատուիրակութիւնը:
ՙՀամահայկական խաղերու յայտնութիւն՚ անուանակարգին մէջ յաղթած է Ղազախստանի թիմը:
ՙՄարզական ոգի եւ արիութիւն՚ անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչցուած է Ստեփանակերտի խումբը:
ՙԼաւագոյն քաղաք՚ անուանակարգին մէջ յաղթած են Լոնտոնն ու Արթիկը:
Միջոցառման ընթացքին Համահայկական խաղերու 25-ամեակի ոսկէ մետալներով եւ 25-ամեակի մետալներով պարգեւատրուած են շարք մը գործիչներ:
Պարգեւատրման արարողութենէն յետոյ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հանդէս եկած է ելոյթով եւ Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերը յայտարարած է փակուած:
Նախագահը իր խօսքին մէջ ըսած է.
ՙԱւարտին կը մօտենան Համահայկական 8-րդ ամառնային խաղերը, որոնք արդէն 25 տարիէ դարձած են կամուրջ աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն եւ Մայր հայրենիքի միջեւ:
Այսօր ես կը փափաքիմ շնորհաւորել համահայկական խաղերու բոլոր յաղթողներն ու մրցանակակիրները, մասնակիցները եւ մեզ բոլորս, որովհետեւ ամառնային խաղերը իրապէս համահայկական միջոցառում է` իր բովանդակութեամբ ու միասնականութեան խորհրդով:
Այս օրերուն աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւններէն Հայաստան եկած մեր բազմահազար հայրենակիցները իրենց հետ նոր ուժ ու կորով բերած են: Ձեզմէ շատերը գուցէ եւ առաջին անգամ ժամանած են Մայր հայրենիք եւ հաւատացած եմ, որ դուք ձեր մտքին եւ հոգիին մէջ պիտի տանիք ամենաջերմ յիշողութիւններ ու զգացմունքներ, որոնք պիտի դառնան ձեր վերադարձի գրաւականը:
Մեր երկրին համար այս դժուարին օրերուն համահայկական խաղերը նաեւ վկայութիւնն են մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքին ու ներուժին տոկունութեան եւ այսօր նաեւ նմանօրինակ ընդգրկուն միջոցառումներով մենք կ՛ամրանանք որպէս պետութիւն, կը միաբանուինք ու կը համախմբուինք որպէս ժողովուրդ, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեր երկրին ու ժողովուրդին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները: Բարդ ժամանակները կը պահանջեն անձնուիրութիւն, ջանք ու եռանդ` յաղթանակներու եւ յաջողութիւններու կերտման համար եւ համահայկական խաղերու կայացումը այդ նուիրումին ու աշխատանքին արդիւնքն է:
Սիրելի հայրենակիցներ,
Կը փափաքիմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամներուն, բոլոր կազմակերպիչներուն, կամաւորներուն ու մարզիկներուն իրենց մասնակցութեան, անխոնջ աշխատանքին ու բարձր մակարդակով խաղերու կայացման համար: Վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք կրկնապատկուած եռանդով աշխատիլ յառաջիկայ չորս տարիներուն` Համահայկական 9-րդ ամառնային խաղերուն ընդառաջ, եւ աւարտելով խօսքս.
Համահայկական 8-րդ ամառային խաղերը կը յայտարարեմ փակուած՚: