Հ.Մ.Մ.-ի 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2023-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի տողանցքը, հովանաւորութեամբ ՀՄՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան, մասնակցութեամբ Հայաստանի, Լիբանանի, Հալէպի եւ Դամասկոսի սկաուտներուն, գլխաւորութեամբ վաշտապետ ընկեր Վիգէն Փիլիպոսեանին:
Աննախընթաց շքերթը հաստատ քայլերով անցաւ Երեւանի փողոցներէն, թնդացնելով ազգային, յեղափոխական եւ կուսակցական երգեր: Շքերթը սկիզբ առաւ Աբովեանի փողոցէն դէպի Թումանեան փողոց, ապա Հիւսիսային պողոտայէն Աբովեան, այնուհետեւª Հանրապետութեան շքեղ հրապարակ եւ վերջին կայանը հասաւ Կինօ Մոսկուա, ուր տեղի պիտի ունենար Հ.Մ.Մ.-ի հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը:
Փողերախումբի ընկերները խանդավառեցին ներկաները իրենց գեղեցիկ եւ թնդացնող նուագներով: Շքերթի ընթացքին քայլերթով հետեւեցան կուսակցական ընկերներ, որոնք ժամանած էին Հ.Մ.Մ.-ի 10-րդ Համագումարին մասնակցելու միտումով: Նաեւ աշխարհի չորս կողմերէն Երեւան ժամանածª Համահայկական խաղերու համար գտնուող երիտասարդներ, համակիրներ, որոնք մէկ նպատակի եւ մէկ դրօշի տակ քալեցին նոյն ճամբայէն:
Ներկայ էին Հարիւրամեակի տօնակատարութեան հանդիսութեան համար աշխարհի ամէն կողմերէն բարձր տրամադրութեամբ Հայաստան ժամանած ընկերներ, որոնք եկած էին ամրապնդելու եւ նորոգելու իրենց ուխտը: Տողանցքը իր հայկական մթնոլորտով, ներդաշնակ նուագներով նաեւ ուրախացուց աշխարհի չորս կողմերը գտնուող Հ.Մ.Մ.-ականները, որոնք Կուսակցութեան ընկերային ցանցերու բոլոր էջերէն ուղիղ հետեւեցան այդ օրերու կազմակերպուած բոլոր միջոցառումներուն:
Ապա ԿինոՄոսկուայի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութեան պաշտօնական արարողութիւն, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ` գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարեն Կիլոյեանի, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանուհի դոկտոր Նորա Արիսեանի, Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանուհի Մայա Տաղերի, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան մարզական դիւանապետ ընկեր Խաչիկ Քէշիշեանի եւ միութենական ու համակիր բազմութեան մը:
Յայտագրին բացումը կատարուեցաւ փողերախումբի մուտքով եւ քայլերգներու կատարողութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայաստանի շրջանի փոխատենապետ Ընկ. Գրիգոր Սանճարեան միութեանս դրօշակները փոխանցեց Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեանին, Ընդհանուր սկաուտապետ Ընկ. Վիգէն Փիլիպոսեանին եւ Հայաստանի շրջանի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տէմիրճեանին:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Նազելի Էպէեան Նալպանտեան եւ Ժան Մելքիսէթեան, որ յատկապէս մատնանշեցին, թէ ՙՄեզի համար այսօրուան հանդիպումը նախ եւ առաջ յարգանքի տուրք մըն է մեր ազնիւ նախնեաց վաստակին հանդէպ եւ յանձնառութեան նորոգութիւն է ապագայ սերունդներուն դիմաց, հետեւաբար, թէկուզ ուշացած, եկած ենք վերահաստատելու մեր ամուր կառչածութիւնը մեր հաւատացած սկզբունքներուն ու պարտականութիւններուն:
Այս գեղեցիկ օրը երբ հաւաքուած ենք համայն հայութեան քաղաքամայր Երեւանի հիւրընկալութեամբ, պարտք կը զգանք մեր ողջոյնի, զօրակցութեան եւ գօտեպնդումի խօսքը յղելու մարտնչող Արցախի հողին ամուր կառչած եւ պինդ կանգնած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Ի վերջոյ, մեր Միութեան հիմնադրութեան հիմքին ինկած էր հայապահպանութեան պայքարը, որ կը շարունակուի առ այսօր, ըլլայ Սփիւռքի տարածքին, եւ մանաւանդ` արցախեան ազատատենչ հայաբոյր հողին վրայ: Այդ պայքարը տարիներու սահանքին ստացած է զանազան դիմագիծեր – մարզական, սկաուտական, մշակութային եւ նոյնիսկ ռազմական՚:
Բացման խօսքի աւարտէն ետք, եւ նախքան յոբելենական յայտագրի մեկնարկը, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ մեր բոլոր նահատակներուն եւ արցախեան հերոսներուն անմոռաց յիշատակը:
Յոբելենական յայտագրի բացումը աղօթքով կատարեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչª Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ` գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը, որ ընթերցեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հայրական ողջոյնի գիրըª յղուած Հ.Մ.Մ.ի հարիւրամեակին առթիւ:
Հայրապետի ողջոյնի գիրի ընթերցումէն ետք, Ընկ. Նաճարեան Սրբազան Հայրը պատուեց յոբելենական յիշատակի վահանակով մը:
Նորա Փիլիպոսեան, իր կարգին, ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական ողջոյնի գիրը, որուն յաջորդեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը, որ ընթերցեց Նազելի Էպէեան Նալպանտեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Կիլոյեան, իր սրտի խօսքին մէջ խորապէս գնահատեց Հ.Մ.Մ.-ի տարած հայապահպան աշխատանքն ու գործունէութիւնը: Ան, ըլլալով ծնունդով ջաւախքցի, լաւապէս գիտակից էր հայ մնալու եւ հայու ինքնութիւնը պահպանելու ամէնօրեայ պայքարին, հետեւաբար համեստաբար խոնարհելով Սփիւռքի ամբողջ տարածքին տարուող հայապահպանման գործունէութեան առջեւ, Կիլոյեան մաղթեց հազարամեակի տօնակատարութիւններու իրականացում Հ.Մ.Մ.եան կազմակերպութեան:
Պրն. Կիլոյեանի խօսքի աւարտին, Ընկ. Միսաք Նաճարեան փոխնախարարը պատուեց յոբելենական յիշատակի վահանակով:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքովª Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Միսաք Նաճարեան իր անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց ներկաներուն, յայտագրի մասնակիցներուն, մատնանշելով որ Հ.Մ.Մ.-ը իր այսօրուան յոբելեանին չէր հասներ առանց իր նուիրեալներուն եւ անբասիր ղեկավարներու: Առ այդ, Նաճարեան մէկ առ մէկ յիշատակեց իրենց ամբողջ կեանքը Հ.Մ.Մ.-ի վերելքին նուիրած յանգուցեալ ղեկավարներու անունները – Տիգրան Սարաֆեան, Սարգիս Սարգիսեան, Հայկարամ Գալինճեան, Վասիլ Ագըլեան, Երուանդ Պալեան — ապա բեմ հրաւիրեց երկարամեայ գործունեայ ղեկավարներ Գալուստ Տէրտէրեանն ու Մանօ Շխըրտմեանը, զանոնք պատուելով Հ.Մ.Մ.ի 100-ամեայ շքանշանով:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ջութակահար Շանթ Դանիէլեան (ՙԿեանք ու Կռիւ՚), Էլեն Հայրապետեան` քանոնի վրայ (ՙԱխպերս ու ես՚) եւ Անդրանիկ Աղաջանեան` թաւջութակի վրայ (Caprice no. 7), Արսինէ Գիւփէլեան, որ երգեց ՙԹռչէի Մտքով Տուն՚ եւ ՙԳետաշէն՚ երգերը, ինչպէս նաեւ ՙՊրիմա՚ մանկական երգչուխումբը, որ ներկայացուց ազգային եւ միութենական երգերու փունջ մը:
Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի հարիւրամեակին առթիւ յատուկ պատրաստուած տեսահոլովակ մը:
*
Յաջորդ օրը, Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ին, ՙԱնի Փլազա՚ պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համա-Հ.Մ.Մ.եան համագումար, որուն աւարտին ընտրուեցաւ վարչական նոր կազմը, որ յառաջիկայ 4 տարիներուն պիտի պաշտօնավարէ որպէս Հ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութիւն, իսկ անոր յաջորդ օրը տեղի ունեցած առաջին ժողովին ընտրուեցաւ պաշտօնավարող դիւանի կազմը, որ ունեցաւ հետեւեալ պատկերը.
Ընկ. Միսաք Նաճարեան` Լիբանան (ատենապետ)
Ընկ. Անդրանիկ Մարաշլեան` Դամասկոս (ատենադպիր)
Ընկ. Վարուժան Ածիլածեան` Լիբանան (գանձապահ)
Ընկ. Փօլ Մուղալեան` Լիբանան (հաշուապահ)
Խորհրդականներ`
Ընկ. Վազգէն Մեսրոպեան` Հայաստան
Ընկ. Նիկողոս Նազարեան` Հալէպ
Ընկ. Կարօ Գրիգորեան` Ամերիկա
Ընկ. Յարութ Փափազեան` Ամերիկա
Ընկ. Վարդան Գոճապապեան` Ամերիկա
Փոխանդամներ`
Ընկ. Կարէն Մարտիրեան` Ֆրանսա
Ընկ. Արշակ Մթրպեան` Լիբանան
————–
Հ.Մ.Մ-Ի ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան առաջնորդութեամբ, Հայաստանի մէջ գտնուող Հ.Մ.Մ.-ականները` Պէյրութի, Հալէպի, Հայաստանի եւ Դամասկոսի սկաուտական շրջաններու ներկայացուցչական կազմերով, Հ.Մ.Մ.-ի տասներորդ համագումարի մասնակցող ընկերներն ու համակիրները, որոնք այդ օրերուն Երեւան կը գտնուին, միասնաբար ՙԵռաբլուր՚ պանթէոն այցելեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին 2020 թուականի անմահ մարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքը չխնայեցին Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար:
Ներկաները խունկ եւ մոմ վառեցին հերոս մարտիկներուն շիրիմներուն առջեւ, ապա սկաուտները յուշարձանին մօտենալով Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին: Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան Նորընտիր ատենապետ Ընկ. Միսաք Նաճարեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց աշխարհի բոլոր Հ.Մ.Մ.-ականներուն անունով: Ան ըսաւ. ՙՀերոսները անոնք են, որոնք մեծ գործերը յառաջ կը տանին եւ առաքինի կը դառնան իրենց վտանգուած հայրենիքը պաշտպանելու ընթացքին: Լեռներուն վրայ տղաքը եղան խիզախ: Այսօր եկած ենք այստեղ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր քաջ նահատակներուն, որոնք առանց խնայելու իրենց կեանքերը, զոհուեցան հանուն հայրենիքին: Մեր ազգային յիշողութեան մէջ կան անոնք` սկսեալ Փարամազէն, հերոս Քսաններէն, Անդրանիկէն մինչեւ այստեղ հողին տակ գտնուող ՙՄեծն Մուրատի՚ Մեղրիի Վաչականը, զոհուած հնչակեան հերոսները, հոս եւ տարբեր հողերու վրայ: Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ Հայրենիքը պէտք ունի մեր բոլորին:… Կը խոստանանք բարձր պահել յիշատակը հազարաւոր նահակատներուն, որոնք զոհեցին իրենց ամենաթանկագինը` կեանքերը, ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ շարունակել անոնց քալած ուղիէն, միշտ հաւատարիմ մնալով Հ.Մ.Մ.-ի լոզունգին.
ՙՀՄՄ-ը միշտ պատրաստ ծառայելու ազգին եւ Հայրենիքին՚:
Խունկ եւ մոմ մեր անպարտելի հերոսներուն՚:
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՒՈՐ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Կիրակի 13 Օգոստոս 2023-ին, Երեւանի ՙՎալենսիա՚ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի հարիւրամեակի երեկոն: Սրահը լեցուն էր հոծ բազմութեամբ. ներկայ էին աշխարհի չորս կողմերէն Հ.Մ.Մ.-ականներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկ.հի Նարէ Փիլիպոսեանը, ապա Ընկ.հի Լուսին Սնճարեանը հրաւիրեց օրուան երգիչըª հալէպահայ սիրուած երգիչ Ճօրճ Սարգիսեանն եւ իր նուագախումբը:
Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեան բեմ բարձրանալով իր սրտի խօսքը փոխանցեց. ՙՄենք այստեղ կ’ուրախանանք համոզուած ըլլալով, որ կեանքը կը շարունակուի, բայց առանց մոռնալու Արցախի մէջ գտնուող մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք այսօր պաշարուած են թշնամի ազերիներուն կողմէ: Իրենց հետ ենք, իրենց կողքին ենք: Ձայներնիս կը բարձրացնենք, որպէսզի իրենք այս շրջափակումէն դուրս գան: Մենք որպէս Հ.Մ.Մ. եւ Հնչակեան կուսակցութիւն արիւն թափած ենք, որպէսզի վերադարձնենք այդ հողերը՚: Ընկեր Նաճարեան յիշեց նաեւ այն ընկերները, որոնք տարիներու ընթացքին սատար կանգնած են Հ.Մ.Մ.-ին, միշտ ըլլալով անոր կողքին: Այդ ընկերներն են Ճորճ Թաւուքճեանը, Վարդան Գոճապապեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Վազգէն Գալթաքճեանը:
Շնորհակալագրեր ստացան հետեւեալ ընկերները, որոնք հարիւրամեակի յաջողութեան համար ոչ մէկ ջանք խնայեցին. Յակոբ Տէմիրճեան, Վարուժան Ածիլածեան, Վիգէն Փիլիպոսեան, Վազգէն Մեսրոպեան, Ռուբէն Ավշարեան, Նարեկ Գալստեան, Անդրանիկ Մարաշլեան, Գաբրիէլ Փաթափութեան, Ալիշան Օգումուշեան, Կարօ Մուպահեաճեան:
Ատենապետ Ընկ. Միսաք Նաճարեան բարձր գնահատանքով յիշեց հարիւրամեայ արժանեաց շքանշանով պարգեւատրուած երկու ըներները` Գալուստ Տէրտէրեանն ու Մանուէլ Շխրտըմեանը, եւ կարկանդակը հատելու համար հրաւիրեց ամէն մէկ շրջանէն հետեւեալ ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ Փաթափութեան, Գէորգ Գէորգեան, Նիկողոս Մէյ-Նազարեան, Յակոբ Տէմիրճեան, Մանօ Շխրտըմեան, Կարօ Գրիգորեան:
Իսկ հաւաքոյթի աւարտին կուսակցական եւ յեղափոխական երգերու մթնոլորտ մը տիրեց: Երիտասարդներ բեմ ելան եւ Հ.Մ.Մ.-ի երգերով դրօշներ ծածանելով միացան երգեցողութեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ