Գառնիի տաճարին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Համահայկական 8-րդ խաղերու փակումի հանդիսաւոր արարողութիւնը, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ այլ պաշտօնատարներու: Խաչատուրեան յայտնեց, որ Հայաստանի համար այս դժուարին օրերուն համահայկական խաղերը վկայութիւն են ժողովուրդի հաւաքական կամքին:
Նշենք, որ 8-րդ խաղերուն մասնակցեցան 41 երկրի 181 քաղաք ներկայացնող աւելի քան 7 հազար մարզիկ: Անոնք պայքարեցան 19 մարզաձեւի մէջ մետալներու 107 հաւաքածուի տիրանալու համար: Մետալներ նուաճեցին 15 պետութիւններու 48 քաղաքներ: Ընդհանուր դասաւորումին առաջին դիրքը գրաւեց Երեւանի պատուիրակութիւնը: